Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցտեսութիւն Եւ Տպաւորութիւններ

September 17, 2013
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կազդուրման կայանը ի՞նչ ըրինք…»:

Քայլերգի վերածուած եւ մանկական անմեղ շրթունքներէն հնչած երգին բառերով կը փոխադրուիմ Այնճար` ԼՕԽ-ի նորակառոյց «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կեդրոն, որ քանի մը օրեր առաջ կը խայտար եւ կը ցնծար 55 փոքրիկներու եւ պատասխանատուներու ներկայութեան: Մէկ շաբաթէ ի վեր վերադարձած ենք հոնկէ ֆիզիքապէս, որովհետեւ մանուկներ թէ պատասխանատուներ, անքակտելի կապով միաձուլուած` տակաւին հոն ենք… Կը վերապրինք իւրաքանչիւր պահը` ամէնօրեայ հանդիպումներով, զրոյցներով, լուսանկարներու փոխանակումով:

Ցտեսութիւնը արցունքներով եւ գիրկընդխառնումներով լուացինք. կեանքի մէջ միշտ ալ դառն են բաժանումի պահերը, մեր էութենէն մասնիկ մը կը խլուի:

Երեք շաբթուան փորձառութիւնս հոգեկան բաւարարութեամբ կը վերյիշեմ եւ կը վերապրիմ մեր կեցութեան բոլոր մանրամասնութիւնները:

Առաջին հանդիպում, առաջին տպաւորութիւններ եւ կարծիքներ, երկուստեք շփոթ հոգեվիճակներ, փոքրիկները սկսած էին կարծիքներ կազմել մեր մասին, խի՞ստ են արդեօք պատասխանատուները, թէ՞ բարի. մենք մտահոգ էինք, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարողանանք կառավարել այս փոքրիկները, որոնք զանազան միջավայրերէ եկած էին:

Քանի մը օրերու սառոյցն ու փոխադարձ դժուարութիւնները կրցանք յաղթահարել, անորոշութիւնը փարատած էր, եւ կացութեան տէրն ու տիրակալն էին սէրն ու գուրգուրանքը եւ փոխադարձ հասկացողութիւնը փոքրիկները չէին քնանար առանց իրենց պատասխանատուներու ներկայութեան, որովհետեւ անոնք կը մարմնաւորէին մայրութիւնն ու գորովը, իսկ պատասխանատուները կը հսկէին, ապահովութիւն կը ներշնչէին եւ գոհունակութեամբ կը հեռանային անոնց քովէն: Փոխադարձ սիրալիր վերաբերմունքը անասելի գութով համակեց բոլորս, իւրաքանչիւր փոքրիկ բազմապատկուած եւ առաւե՛լ գեղեցկացած վերադարձուց մեր սէրն ու հոգածութիւնը:

Գերիշխողը սէրն էր:

Մեր նշանաբանն էր միասնութիւնը. միասին ուրախացանք, տխրեցանք, ճաշեցինք, խաղցանք, պարեցինք, մենք յիշեցինք մեր մանկութիւնը եւ փորձեցինք հնարաւոր բոլոր միջոցներով ապահովութիւն եւ հանգստութիւն պարգեւել այս փոքրիկներուն, որոնցմէ շատեր արդէն ճաշակած են կեանքի դառնութիւնները…

– Օրիո՛րդ , կրնա՞մ ձեզի հետ խօսիլ: -Իւրաքանչիւրը իր հոգեկան աշխարհի խորունկ ծալքերը բացայայտեց` մերթ գծագրութեամբ, մերթ լացով. կեանքի զանազան երեւոյթները եւ դժուարութիւնները իւրովի ապրող այս փոքրիկները կարիքը ունէին երկխօսութեան, զրուցակիցի պէտք ունէին արժեւորուելու որպէս անհատներ… Զանազան հաճելի զրոյց – դասախօսութիւններով, արշաւներով, պտոյտներով եւ մարզական խաղերով փորձեցինք իրենց վերադարձնել յաճախ իրենցմէ խլուած իրաւունքներն ու ուրախութիւնը: Բոլորս կոչումն ունէինք ամոքելու իրենց տարաբնոյթ դժուարութիւնները: Յուսանք` յաջողեցանք…

– Օրիո՛րդ, չենք ուզեր տուն վերադառնալ…

Այս տողը բաւ էր բնութագրելու կազդուրման կայանին լիարժէք դերն ու առաքելութիւնը. փաստօրէն կազդուրման կայանը լոկ գեղեցիկ եւ արդիական կառուցուածք չէր, տաքուկ երդիք էր, ապահովութեան ներշնչարան:

Երեք շաբաթներու վրայ երկարող այս ծրագիրը գրաւական էր, որ ԼՕԽ-ը «Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար» նշանաբանով կը շարունակէ գործել եւ ծառայել, վկա՛յ այս կազդուրման կայանը:

Այս առիթով սրտի խօսքս պիտի փոխանցեմ Շրջանային վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի ընկերուհիներուն, պատասխանատուներուն, նուիրատուներուն. վարձքը կատար բոլորին եւ ցտեսութիւն:

Կազդուրման կայան
Յոյսի օթեւան
Բուրումնաւէտ ծաղկաստան
Տաքուկ հանգրուան…

ԲԱԼԻԿ ԽՏՐԼԱՐԵԱՆ

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Արագած» Մասնաճիւղի Ընկերային Հանդիպումը

Յաջորդը

Ռմբակոծել` Յանուն Բարոյականի

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.