Գաղութային

Սննդագիտական Տեղեկութիւններու Փոխանցում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան, հինգշաբթի, 6 փետրուար 2014-ին` առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ, տեղի ունեցաւ ընկերային հաւաքոյթ մը: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք վարչութեանս ատենապետ` Արաքսի Գըլըճեան ձեռնարկին բացումը կատարեց, ողջունելով ներկաները եւ բարի գալուստ մաղթելով բոլորիս: Ապա անդրադառնալով օրուան դասախօսութեան նիւթին` ան ըսաւ, որ արդիականացած մեր կեանքին մէջ, նստակեաց վիճակը, շարժումի պակասը, ինքնաշարժի օգտագործումը ժխտական...

logo-lokh1-f

Մարձումի Դրական Ազդեցութիւնը Առողջութեան Վրայ

ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 13 փետրուար 2014-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը` նիւթ ունենալով «Մարձումի դրական ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ»: Ապա ներկաներուն հրամցուեցաւ վարչականներուն կողմէ պատրաստուած ճաշը: Ներկայ էին` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, կազմակերպչական յանձնախումբի, «Աստղիկ» եւ «Արագած» մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր: Բացման խօսքը արտասանեց միութեան ատենապետ Շաքէ Պաղտասարեան, որ նախ շնորհաւորեց Սարգիս անունը կրող մեր բարեկամները եւ...

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» Մասնաճիւղի Ձեռնարկը

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղը Ամանոսի շրջանի «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ կազմակերպեց ձեռնարկ մը` ներկայութեամբ 85 ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու: Սոյն ձեռնարկին վարչութիւնը հրաւիրած էր իր որդեգրած ծերերը եւ կարիքաւոր պարագաները: Վարչութիւնը պատրաստած էր օրուան հրամցուելիք ուտելիքները, սեղանները զարդարած էր ձեռային աշխատանքներով: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետ Ժանեթ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն` կարդաց ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին պատրաստած «Հայ եկեղեցւոյ տօներ...

«Ա. Ազիրեան» Մասնաճիւղի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէս

4 յունուար 2014-ին, Տըպպայէի «Նախիլ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» մասնաճիւղի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը` հովանաւորութեամբ Շրջանային վարչութեան եւ նախագահութեամբ մասնաճիւղին բարերար տէր եւ տիկին Սարգիս Կերէքմեզեաններուն: Ձեռնարկին առաջին մասով ներկաները ունկնդրեցին հայկական եղանակներ` տուտուկի եւ տհոլի ընկերակցութեամբ, որուն վերջին մասով, շրջանին պատանիներէն Քրիստին Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Վիգէն Քէշիշեանի` տուտուկին վրայ, յաջորդաբար ասմունքեց Մուշեղ Իշխանի «Հայ մամիկին աղօթքը» եւ Համաստեղի «Հայու հոգին»`...

Ս. Սարգիսի Առիթով Նախաճաշ

Հայկական աւանդութիւններուն, ազգային եւ եկեղեցական տօներուն պահպանումը կը նկատուին ԼՕԽ-ի առաքելութեան մէկ մասը: Սոյն նպատակով այս արժէքներու փոխանցումը ներկայ սերունդին պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն կը նկատուի իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ի մասնաճիւղի վարչութեան համար: Այս առաջադրանքէն մեկնած` ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Ժիպէյլ), կազմակերպած էր Ս. Սարգիսի տօնին նուիրուած ձեռնարկ-ճաշ մը, 13 փետրուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ժիպէյլի «Հայ կեդրոն»-ին մէջ: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն...

Հոգեւոր Տօներուն Նուիրուած Հաւաք

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Ս. Սարգիսի տօնին առիթով կազմակերպած ձեռնարկը, տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 13 փետրուար 2014 «Ռուբէն» ակումբի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Ֆանարի հոգեւոր հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տէմիրճեանի, 55 ԼՕԽ-ականներու եւ հրաւիրեալներու: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք մասնաճիւղի ատենապետ Զեփիւռ Պոնիագրապեան արտասանեց բացման խօսքը: Ապա հրաւիրեց Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեանը, որ խօսեցաւ Առաջաւորաց Բարեկենդանի եւ Տեառնընդառաջի տօնին մասին, ապա պատասխանեց բազմաթիւ հարցումներու, որոնք յատկապէս...

Ս. Սարգիսի Տօնակատարութիւն

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան, հինգշաբթի, 20 փետրուար 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Սարգիսի տօնին նուիրուած ձեռնարկ, ներկայութեամբ մասնաճիւղի մօտ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ականներու եւ այլ հիւրերու: Լիբանանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետ Պերճուհի Գասպարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց մասնակցութեան համար: Ան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Գնահատէ «Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Գործունէութիւնը

Երկուշաբթի, 10 փետրուար 2014-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանին մէջ ընդունեց «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի հայոց պատմութեան, կրօնի, գրականութեան, ասմունքի եւ մենակատարութեան մրցանքներու դատակազմերու անդամները: Կաթողիկոսը նախ գնահատեց անոնց կատարած նուիրեալ աշխատանքը, ապա շեշտեց հայ մշակութային արժէքները պահելու, հարստացնելու ու տարածելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը: «Ա՛յս առաքելութեան նուիրուած է «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամը, ըսաւ վեհափառ հայրապետը: Ան գոհունակութեամբ յայտնեց, որ անցնող տարիներու ընթացքին «Պապիկեան»...

«Հայրենիք-Աշակերտ Յարաբերութիւնները Եւ Երկքաղաքացիութեան Օրէնքը» Նիւթով Միջդպրոցական Դ. Սեմինար

Գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանին եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական-ուսումնասիրական խմբակին, այսօր շաբաթ, 8 փետրուար 2014-ին, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական աշակերտական միօրեայ Դ. սեմինարը, որուն նիւթն էր «Հայրենիք-աշակերտ յարաբերութիւնները եւ երկքաղաքացիութեան օրէնքը», մասնակցութեամբ լիբանանահայ 11 վարժարաններու ներկայացուցիչներուն: Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներէն ետք, բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի Աշակերտական...

Bared-Maronian_CHS1

Փոխադարձ Երախտագիտութեան Եզակի Առիթ Պարէտ Մարոնեանի Հետ (Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան)

Հ. Պ. Անցնող շաբաթներուն, լիբանանահայութիւնը ապրեցաւ հոգեցունց եւ հոգեպարար պահեր, երբ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի հրաւէրով իր ծննդավայրը ժամանած բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեան ներկայ գտնուեցաւ իր իսկ պատրաստած «Ցեղասպանութեան որբերը» (Օրֆընզ աֆ տը ճենոսայտ) ժապաւէնի ցուցադրութիւններուն: Նախաձեռնութիւնը կը միտէր լիբանանահայ գաղութը իրազեկ պահել նման իւրայատուկ աշխատանքէ եւ ըստ արժանւոյն գնահատել հայրենասէր ու պահանջատէր բեմադրիչը: Փաստօրէն, իր բնոյթով, շօշափած նիւթով թէ մատուցման...

khatch-f

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան. Ծառատնկում` Ի Յիշատակ Արցախեան Նահատակ Ազատամարտիկներու

Փետրուար ամսուան ընթացքին հայ ժողովուրդը խորհրդանշական թուականով մը կը նշէ Արցախեան ազատագրական պայքարի շարժման սկիզբը: Այս առիթով,  ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ (Ջաւախք, Արցախ, Հայաստան) յանձնախումբը նախաձեռնած է ծառատնկումի արշաւի մը, որ կը նպատակադրէ նախ կենսոլորտի մարզին մէջ քաջալերել աշակերտը յարգելու ու պահպանելու բնութիւնը եւ ապրելու մաքուր բնութեան մէջ, ինչպէս նաեւ կը միտի հայ աշակերտը կամրջել հայրենիքին` յաւերժացնելով  յիշատակը այն քաջարի...

«Մինի Քերմես»

Ազգ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէնութիւնը, կիսամեայ քննութեանց աւարտին, նախորդ տարուան նման, այս տարի եւս դպրոցի, Ծնողական խորհուրդի գործակցութեամբ, կազմակերպեց «Մինի քերմես» մը, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 13 փետրուար 2014-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ: Աշակերտները առաւօտ կանուխ դպրոց եկան մեծ ուրախութեամբ. անոնք  օրերէ  ի  վեր   անհամբեր  կը սպասէին այս ձեռնարկին: «Մինի քերմես»-ը ընդգրկեց խաղեր եւ պարեր. խաղեր, որոնք աշակերտները կը մղեն...

1927168

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ներկայացուցիչը Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան Ժողովին

Ուրբաթ, 7 փետրուար - չորեքշաբթի, 12 փետրուար 2014-ին, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) Պոսէի Աստուածաբանական կազմաւորման կեդրոնին մէջ, Ժընեւ-Զուիցերիա, գումարուեցաւ ԵՀԽ-ի Գործադիր վարչութեան ժողովը, որուն մասնակցեցաւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան (վարիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու): Ժողովականներ քննարկեցին հոկտեմբեր 30 - 8, նոյեմբեր 2013-ին, Պուսանի մէջ, Հարաւային Քորէա, գումարուած ԵՀԽ-ի 10-րդ համաժողովին տրուած որոշումները եւ ըստ այնմ մշակեցին ԵՀԽ-ի...

Barahantes-2014-(71a)sam

«Թռչնոց Բոյն»-ի Շրջանաւարտից Միութեան Ճաշկերոյթ Պարահանդէսը

Ուրբաթ, 31 յունուար 2014-ին, տեղի ունեցաւ «Թռչնոց Բոյն»-ի Շրջանաւարտից միութեան առաջին պաշտօնական ձեռնարկը Ժիպէյլի «Պիպլոս Փելաս» ճաշարանին մէջ: Ներկայ էին աւելի քան երեք հարիւր հրաւիրեալներ: Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Պուրճ Համուտի քաղաքապետին` Անդրանիկ Մսըրլեանին, որ անձամբ ներկայ էր քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու հետ: Ներկայ էին նաեւ Ամշիթի քաղաքապետ տոքթ. Անթուան Իսայիի եւ Նապաթիէի  քաղաքապետներ` տոքթ. Մուսթաֆա Պատրէտտին եւ Ժիպէյլի քաղաքապետին ներկայացուցիչը:...

harach-(1)

Ազգային «Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճ. Կաղանդի Առթիւ` Գեղարուեստական Յայտագիր

              Ուրբաթ, 20 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» քոլեճի աշակերտներ ելոյթ ունեցան ամանորեան գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով` երգով, պարով ու ասմունքով, արժանանալով բոլորին բուռն ծափահարութեան ու քաջալերանքին: Ձեռնարկին ներկայ էին քահանայ հայրեր, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդն ու տիկնանց...

aved-(1)

Հայ Աւետարանական Վարժարան – Այնճար. Ծնունդի Համերգ Եւ Թատրոն. Պէյրութ Եւ Այնճար

Կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի տնօրէնութեան, ուրբաթ, 3 եւ շաբաթ, 4 յունուար 2014-ին, տեղի ունեցաւ Ծնունդի համերգ եւ թատրոն Պէյրութի եւ Այնճարի մէջ: Ծնունդի համերգը կատարեց դպրոցի «Նայիրի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Նեկտար Փալազեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ`  Լոռի Այնթապլեանի: Իսկ խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին «Մանուկներու դժուարութիւնները մսուրին տակ»` հեղինակութեամբ Գայեանէ Մսըրլեանի: Ուրբաթ, 3 յունուարին տեղի ունեցաւ առաջին ներկայացումը Նոր Մարաշի Հայ...

Vera-f

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան. Ինքնարտայայտման Ազատութիւն Եւ Ինքնավստահութիւն

Աշխարհի բոլոր կրթական հաստատութիւններուն մէջ միշտ լուրջ  խնդիր եղած է աշակերտներուն նախաքննական շրջանի լարուածութիւնը, որ յաճախ ծանր  հետեւանքներու կը յանգեցնէ: Այս խնդիրը լրջօրէն շօշափելու եւ կարելի անմիջական լուծումներ առաջարկելու նպատակով, ՀԲԸՄ Պ. Գ. Կարմիրեան վարժարանի տնօրէնութիւնը դպրոցի աշակերտութեան եւ անոնց ծնողներուն համար հանդիպում մը կազմակերպեց` մասնագէտ-հոգեբան  Վերա Սիսեռեանին հետ: Նախատեսուած օրը, դպրոցին լեցուն սրահը ընդունեց օրուան բանախօսը, որ շատ գործնական,...

1-(6)

«Սկաուտը Միշտ Օգնող»

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի արենուշական խումբին, դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին ծրագրուեցաւ եւ պատրաստուեցաւ Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ բարեսիրական աշխատանք մը: Այսպիսով, հաւատարիմ մնալով սկաուտական դաւանանքներուն, մեկնելով ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի խմբապետական կազմին եւ սկաուտներուն ցանկութենէն եւ համոզումէն, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի «Սկաուտը միշտ օգնող» նշանաբանէն, այս ծրագիրը կրկնուեցաւ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով: Արենուշները պատրաստեցին ձեռային աշխատանքներ եւ զանոնք ծախեցին շրջանին մէջ: Մեծ...

maral-(1)

Ամանորեան Ուրախութիւն Պարգեւելու Միտող Տօնակատարութիւն

Հաւատալով, որ Նոր տարուան գալուստին հետ սփռուող ուրախութիւնը ապրելու եւ տօնական մթնոլորտը վայելելու իրաւունք ունին նաեւ նիւթական ու ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքներուն զաւակները` զօր. Նազարէթ Գաբրիէլեանի կինը` Մարալ Գաբիրէլեան, 6-րդ տարին ըլլալով նախաձեռնեց ամանորեայ հանդիսութեան: Իրեն հետ ունենալով կամաւորներու խումբ մը, Մարալ Գաբրիէլեան Հայ աւետարանական Թրատի վարժարանին մէջ կազմակերպած էր տօնական հաւաքոյթ մը, որուն հրաւիրուած էին 45 երեխաներ`...

CCF12312013_0001

Յանուն Արցախի Զարգացման Ազգային Վիճակախաղի Շահած Տոմսերուն Թիւերը

31 դեկտեմբեր 2013-ին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ «Յանուն Արցախի զարգացման» վիճակախաղի վիճակաձգութիւնը: Ստորեւ կը ներկայացնենք շահող թիւերը եւ համապատասխան նուէրները. 038 005452 բնակարան, 025 008395 ինքնաշարժ, 036 001739 գորգ, 036 004989 գորգ, 036 001531 գորգ, 036 006850 գորգ, 036 008957 գորգ, 036 001429 գորգ, 036 005982 գորգ, 036 007633 գորգ, 036 006074 գորգ, 036 001675 գորգ, 040 009347 գորգ, 040...

Page 81 of 114 1 … 80 81 82 … 114