Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թռչնոց Բոյն»-ի Շրջանաւարտից Միութեան Ճաշկերոյթ Պարահանդէսը

February 12, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Barahantes-2014-(71a)samՈւրբաթ, 31 յունուար 2014-ին, տեղի ունեցաւ «Թռչնոց Բոյն»-ի Շրջանաւարտից միութեան առաջին պաշտօնական ձեռնարկը Ժիպէյլի «Պիպլոս Փելաս» ճաշարանին մէջ:

Ներկայ էին աւելի քան երեք հարիւր հրաւիրեալներ: Ձեռնարկը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Պուրճ Համուտի քաղաքապետին` Անդրանիկ Մսըրլեանին, որ անձամբ ներկայ էր քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու հետ: Ներկայ էին նաեւ Ամշիթի քաղաքապետ տոքթ. Անթուան Իսայիի եւ Նապաթիէի  քաղաքապետներ` տոքթ. Մուսթաֆա Պատրէտտին եւ Ժիպէյլի քաղաքապետին ներկայացուցիչը:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներով, որոնց յաջորդեց Շրջանաւարտից միութեան բարի գալուստի խօսքը, որ արտասանեցին  Հրաչ Թոփուզխանեան եւ Նելլի Տումեթ: Անոնք փոխանցեցին  շրջանաւարտից միութեան սրտի խօսքը` հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով: Յայտագրով հանդէս եկան «Ֆրիտըմ տենս կրուփ»-ի պարախումբը`  հայկական պարերով ճոխացնելով եւ ջերմացնելով մթնոլորտը: Երգիչ Մհեր Չափարեան, ընկերակցութեամբ օրկանիստ Սարգիս Պետրոսեանի, ստեղծեց  մեծ խանդավառութիւն: Խնամակալութեան անունով խօսք առաւ Մեսրոպ քհնյ. Քէրքէզեան` գնահատելով Շրջանաւարտից միութեան աշխատանքը եւ յատուկ վերաբերմունքը «Թռչնոց Բոյն»-ի նկատմամբ: Ձեռնարկի աւարտին Շրջանաւարտից միութիւնը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ  Անդրանիկ Մսըրլեանին եւ յանձնեց երախտագիտութեան յուշանուէր մը:

Զուարթ մթնոլորտը շարունակուեցաւ հանրածանօթ երգիչ Արարատ Ահարոնեանի երգերով, ընկերակցութեամբ օրկանիստ Շանթ Տիշչէքէնճեանի, որոնք ազգային եւ ժողովրդական երգերով ներկաներուն տրամադրութիւնը բարձրացուցին խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ, մինչեւ ուշ ժամանակ:

Այս առիթով խորին շնորհակալութիւններ կը յայտնենք, բոլոր անոնց, որոնք ներկայ գտնուեցան սոյն ձեռնարկին, մասնաւորաբար` «Թռչնոց Բոյն»-ի սիրելի շրջանաւարտներուն:

«Թռչնոց Բոյն»-ը խորհրդանիշն է հայ ժողովուրդի վերածնունդին եւ կը մնայ տունը իր բոլոր բարեկամներուն, որ կը շարունակէ, Աստուծոյ օգնութեամբ, իր առաքելութիւնը` 90 տարիներէ ի վեր:

Շնորհակալութիւն բոլորին, որոնք սատար կը հանդիսանան «Թռչնոց Բոյն»-ի բարեզարդման ու վերելքին, որ կը վայելէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հովանաւորութիւնը, յատկապէս վայելող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ վեհափառ հայրապետին, եկեղեցւոյ կրօնաւորներուն եւ կրօնաւորուհիներուն, խնամակալութեան անդամներուն, Տիկնանց յանձնախումբին, Շրջանաւարտից միութեան անդամներուն, պաշտօնեաներուն ու բարերարներուն:

Թող Աստուած օրհնէ այս մեծ ընտանիքը:

«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի
ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Սուրիական Հակամարտութեան Մասնակից Ազրպէյճանցիները

Յաջորդը

Նամականի

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.