Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայրենիք-Աշակերտ Յարաբերութիւնները Եւ Երկքաղաքացիութեան Օրէնքը» Նիւթով Միջդպրոցական Դ. Սեմինար

February 21, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_3008Գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանին եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական-ուսումնասիրական խմբակին, այսօր շաբաթ, 8 փետրուար 2014-ին, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական աշակերտական միօրեայ Դ. սեմինարը, որուն նիւթն էր «Հայրենիք-աշակերտ յարաբերութիւնները եւ երկքաղաքացիութեան օրէնքը», մասնակցութեամբ լիբանանահայ 11 վարժարաններու ներկայացուցիչներուն:

Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներէն ետք, բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի ատենապետ Մեղրի Չարըգեան, որ նշեց, թէ հայ աշակերտին գոյատեւման նպաստող կարեւոր ազդակ է ազատ հայրենիքը եւ այս առնչութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան երկքաղաքացիութեան օրէնքը առաւել եւս կ՛ամրացնէ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ լիբանանահայ աշակերտը ընկերութեան զարգացման մէջ ունի իր կարեւոր դերակատարութիւնը, եւ այս առնչութեամբ պէտք է գիտակցօրէն եւ գործնական միջոցներով մասնակից դառնայ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն զարգացման աշխատանքներուն: Կ. Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Աշոտ Քոչարեանին, սեմինարի դասախօսներուն եւ մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն, որոնց համատեղ ջանքերով կարելի եղաւ իրականացնել նշեալ նախաձեռնութիւնը:

IMG_3034Իր կարգին, խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց Հայաստանի անցած ուղին, պետութեան գործունէութիւնն ու Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն ընթացքը: Ա. Քոչարեան հաստատեց, որ Հայաստան պատրաստ է հիւրընկալելու հայ աշակերտները, սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող ամէնամեայ ծրագիրներու շրջանակներուն մէջ, որպէսզի անոնք մօտէն ծանօթանան հայրենիքին: Դեսպանը մեծապէս գնահատեց 75-ամեայ Մեսրոպեան վարժարանին աշխուժ եւ բազմաճիւղ գործունէութիւնը, որ հանրակրթական իմաստով ունի իր իւրայատուկ կարեւորութիւնն ու արժէքը:

Սեմինարի առաջին զեկուցաբերն էր Շահան Գանտահարեան, որ ներկայացուց «Հայաստանի Հանրապետութեան երկքաղաքացիութեան օրէնքը եւ անոր համահայկական արժէքը» նիւթը: Զեկուցումէն ետք, աշակերտները ամբողջացուցին խմբակին պատրաստած հարցախոյզը, որմէ ետք ներկաները դիտեցին Հայաստանի մասին տեսերիզ մը:

Օրուան երկրորդ զեկուցաբերն էր Նազարէթ Ճէրէճեան, որ խօսեցաւ հայրենիք-աշակերտ յարաբերութիւններուն կարեւորութեան եւ ընդհանուր միջոցներուն մասին: Աշակերտները հարցումներով եւ տեսակէտներով իրենց մասնակցութիւնը բերին զեկուցումներուն:

Ճաշի դադարէն ետք, սեմինարին մասնակիցները բաժնուեցան 4 խումբերու: Իւրաքանչիւր խումբ ստանձնեց նիւթ մը` Հայաստանի նուիրուած ձեռնարկի մը յայտագիրի պատրաստութիւն, հայրենիք-աշակերտ յարաբերութիւններուն մէջ արհեստագիտական միջոցները, երկքաղաքացիութեան օրէնքին քարոզչութեան եղանակները եւ աշակերտներու Հայաստանագնացութեան ծրագիր: Խմբային աշխատանքներուն յաջորդեց խումբերուն ներկայացումները, որոնք աշակերտներուն կողմէ քննութեան առարկայ դարձան:

Աւարտին, ներկայացուեցաւ հարցախոյզին արդիւնքները: Սեմինարը փակուեցաւ ժամը 4:00-ին:

Նախորդը

Փոխադարձ Երախտագիտութեան Եզակի Առիթ Պարէտ Մարոնեանի Հետ (Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան)

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Գնահատէ «Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Գործունէութիւնը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.