Գաղութային

14272686795_0eed92ede2_o

Կիսասարկաւագներու Ձեռնադրութիւն Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

Կիրակի, 25 մայիս 2014-ին, յընթացս Սուրբ պատարագին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւն` կատարուեցաւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ձեռնադրութիւնը կատարեց Տիրայր արք. Փանոսեան: Արարողութենէն ետք, իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը յիշեցուց նորընծաներուն եկեղեցւոյ ծառայելու հրամայականը: Ան ըսաւ, որ ծառայութեան ձեւերը կրնան տարբեր ըլլալ, սակայն ծառայութիւնը իր էութեամբ ու նպատակով նոյնն է: Կիսասարկաւագ ձեռնադրուեցան...

2505Isbirian1

Ներսիկ, Աղասի Եւ Արաբօ Իսպիրեան Երրեակը Խանդավառութեամբ Ոգեկոչեց Մայիսեան Անկախութեան Յաղթանակը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնած ու կազմակերպած Մայիսեան ձեռնարկներու ծիրին մէջ, կիրակի, 25 մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-էն սկսեալ Ծաղկաձորի Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Մայիսեան անկախութեան նուիրուած յատուկ երգահանդէսը: Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով Լիբանան ժամանած հայրենի երգիչներ` Ներսիկ, Աղասի եւ Արաբօ Իսպիրեաններ մեծ խանդավառութեամբ ոգեկոչեցին 28 մայիս 1918-ի անկախութեան պատմական նուաճումը: Երեկոյեան մինչեւ ուշ ժամերը շարունակուած...

«Բարսեղ Կանաչեան»-ի Կիթառահարներու Համոյթի Գեղեցիկ Ելոյթ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպերի, կիրակի, 25 մայիս 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ քոլեճի կիթառահարներու համոյթին ելոյթը` ներկայութեամբ արուեստագէտներու եւ արուեստասէրներու: Քոլեճի կիթառի ուսուցիչ եւ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ նախ բեմ բարձրացան կիթառահարները, որոնց աւելի ուշ միացան ջութակահարները, ապա` ձեռնադաշնակահարը, տհոլահարն ու սրնգահարը: Երեկոյին ընթացքին...

2205Aztag-Patsarig4

«Հայ Մամուլը Պէտք Է Պատրաստ Ըլլայ Անգարայի Քարոզչական Գործողութիւններուն». Կ՛ըսէ Շահան Գանտահարեան

Ձախէն աջ՝ դոկտ. Յարութիւն Մարութեան, Շահան Գանտահարեան եւ Թաթուլ Յակոբեան Այս տարուան 24 ապրիլին լոյս տեսաւ  լիբանանահայ «Ազդակ» օրաթերթի բացառիկ հատորը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Հայոց ցեղասպանութեան եւ 100-ամեակին ընդառաջ ծրագրուող նախաձեռնութիւններուն: Տարեկան դրութեամբ «Ազդակ» լոյս կ՛ընծայէ երկու բացառիկ թիւերու, մէկը` Հայոց ցեղասպանութեան կը նուիրուի, լոյս կը տեսնէ իւրաքանչիւր տարուան 24 ապրիլին, իսկ միւսը կը հրատարակուի Նոր տարիին,...

ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտի Մասնաճիւղը՝ Քառասուն Տարեկան

1974 նոյեմբերին հիմնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտի մասնաճիւղը` իր հովանիին տակ առնելով Ֆանարի, Նահր Մոթի, Մար Եուսուֆի, Ամանոսի եւ Ռաուտայի շրջաններուն մէջ բնակող հայ երիտասարդները եւ պատանիները` որպէս սկաուտներ եւ մարզիկներ: Հիմնադիրները մեծ բծախնդրութեամբ եւ երկիւղածութեամբ հետեւեցան աշխատանքին, որպէսզի յաջողութեամբ պսակուի իրենց ծրագիրը եւ կարելի ըլլայ ծառայել ՀՄԸՄ-ի բարձր նպատակին` պատրաստել ֆիզիքապէս, հոգեպէս եւ միտքով առողջ սերունդ, որ ապագային պիտի նպաստէ հայ...

ra1

«Ա. Աշճեան» Կեդրոնին Մէջ. «Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն Դէպի Ամբողջական Հայաստան» Նիւթով Միօրեայ Աշակերտական Սեմինար

Կիրակի,  18 մայիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի քարոզչական  յանձնախումբին  կազմակերպած «Հայաստանի Ա. Հանրապետութենէն դէպի  ամբողջական Հայաստան» նիւթով միօրեայ  սեմինարին`  ներկայութեամբ հայկական տասը վարժարաններու եօթներորդ եւ ութերորդ դասարաններէն  45 աշակերտներու: Մասնակից վարժարաններն էին.- Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ Ազգ. «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարան Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան քոլեճ Թէքէեան...

DSC00306-f

ՀՄԸՄ Լիբանանի Գայլիկ-Արծուիկ Ճիւղերու «Գարնանային Խաղերու Օր»

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպած գայլիկ-արծուիկ ճիւղերու «Գարնանային խաղերու օրը» տեղի ունեցաւ  կիրակի, 11 մայիս 2014-ին: Միացեալ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 210 գայլիկ-արծուիկներ` ներկայացնելով ՀՄԸՄ Լիբանանի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, Ժտէյտիի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերը, ինչպէս նաեւ` վոհմակ-երամներու խմբապետական կազմերն ու նախկին աքելլաներ (նախկին գայլիկ-արծուիկ խմբապետներ): Սոյն յայտագրին նպատակն էր ստեղծել ընկերային մթնոլորտ մը` համախմբելով ՀՄԸՄ Լիբանանի ընտանիքի մասնաճիւղերու...

1026

Գահիրէի ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի Սկաուտական Շարժման Բոցավառ Ջահը Կը Փոխանցուի Սերունդէ Սերունդ

Երկար տարիներ շարունակ կատարուած ՀՄԸՄ «Արարատ»-ի սկաուտական շարժումը վերականգնելու ճիգերը, որոնց վերջինը 2010-ի ամրան էր, եւ մերօրեայ Եգիպտոսի 25 յունուարի յեղափոխութեան եւ անոր հետեւող քաղաքական անկայուն եւ անապահով պայմանները, որոնց հետեւեցաւ պատասխանատու ՀՄԸՄ-ականներու երկրէն մեկնումը, պատճառ դարձան սկաուտական շարժման վերածննդեան աշխատանքներուն յետաձգումին: Սակայն մեկնելով այն իրողութենէն, որ «կեանքը պէտք է շարունակուի», ՀՄԸՄ «Արարատ» հարիւրամեայ միութեան սկաուտական շարժումը 60 գայլիկ-արծուիկներով, արի-արենուշներով...

ՀԿՀՄ-ի Միջդպրոցական Գ. Զարգացման Մրցումը

Շաբաթ, 3 մայիս 2014-ին, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ) դաստիարակչական-մշակութային յանձնախումբին կազմակերպած միջդպրոցական զարգացման մրցումը, որուն մասնակցեցան լիբանանահայ 9 երկրորդական վարժարաններու աշակերտները: ՀԲԸՄ-ի Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի, Հայ Կաթ. Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի, Հայ աւետարանական քոլեճի, Հայ կաթ. Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, ՀԿԲՄ-ի Սահակեան-Լ....

IMG_7325

Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարանի Շուշիի Ազատագրման 22-Ամեակի Տօնակատարութիւն

Շուշիի ազատագրութեան  22-րդ տարեդարձը յատուկ ձեւով նշուեցաւ Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանի աշակերտութեան կողմէ: Տօնակատարութեան  իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ  Յակոբ  Գառնէշեան` «ՋԱՀ» յանձնախումբի ատենապետ եւ Ճորճ Գրիգորեան` Պուրճ Համուտի փոխ քաղաքապետ: Վարժարանի ուսուցիչ Լենա Պօղոսեան  բացման խօսքին մէջ շեշտեց, թէ մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ է, որ կը յիշենք Շուշիի ազատագրումը եւ մեր ազատամարտիկները: Սակայն հայ  ժողովուրդին աշխատանքը հոս կանգ չ՛առներ, այլ...

100_8650_resize

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան. Մայրերու Օրը Ազունիէի Ազգային Բուժարանի Տարեցներուն Հետ

Մայիսը մայրերուն նուիրուած յատուկ օր ունի,  տօն, որ սիրելի է անխտիր բոլորին: Մայրութեան սրբութեան եւ անփոխարինելիութեան գիտակցելով` ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի աշակերտները ուսանելի մտայղացումով մը 8 մայիսին այցելեցին Ազունիէի Ազգային բուժարան` մեծահասակ մարդոց հետ ժամանակ անցընելու միտումով: Այս նախաձեռնութեան մէջ իր անգնահատելի նպաստը բերաւ Կարմիրեան վարժարանի կրօնի ուսուցիչ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը: Շուրջ հարիւր մեծահասակ մարդիկ կ՛ապրին Ազգային բուժարանի յարկին...

1005harach-(1)

«Մայրերու Օր» Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» Վարժարանին Մէջ

Շաբաթ, 10 մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ազգային «Յառաջ  Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի մանկապարտէզի բաժինի կազմակերպութեամբ Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ «Գ.Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու տօնին նուիրուած  հանդիսութիւն: Օրուան պատգամախօսն էր  Ուսումնական խորհուրդի անդամ, հոգեբան եւ Եու. Էս.Ճի. համալսարանի դասախօս  Լուիզա Պապոյեան-Ազէզեան: Հանդիսութեան բացումը կատարեց վարիչ մանկապարտիզպան Լենա Աշգարեան-Ստամպուլեան, որ  վեր առնելով մայրութեան  զոհողութեան գաղափարը` հաստատեց, որ ուսուցչուհիները գիտակից իրենց առաքելութեան`...

0205sofia-(1)

Մարզական Միացեալ Օր` Այնճարի Մէջ Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան-Յառաջ Վարժարաններու

Ուրբաթ, 2 մայիսը յիշատակելի օր մը եղաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան-Յառաջ վարժարաններու աշակերտութեան համար, որոնք դասերու ճնշիչ առօրեան թօթափելով` մարզական հաճելի օր մը անցուցին միասնաբար, Այնճարի մէջ: Օրը սկսաւ ազգային երկու վարժարաններու միացեալ հաւաքով եւ քայլերգներու երգեցողութեամբ: Ազգային Գալուստ Կիւլպէնկեան-Յառաջ վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց մայիսեան յաղթանակներու ոգին վառ պահելու անհրաժեշտութիւնը եւ...

0905karasoun-(1)

Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց Վարժարանը Յատուկ Հանդիսութեամբ Տօնեց Մայրերու Օրը

Մայիս ամիսը նուիրուած է «Մայրերու օր»-ը տօնելու: Այս առիթով Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի Ծնողական խորհուրդը կազմակերպած էր յատուկ հանդիսութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ 9 մայիս 2014-ին, վարժարանի «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ: Ներկայ եղան աշակերտներուն մայրերը, մեծ մայրերը, հրաւիրեալներ եւ մեր կնոջական միութիւններու ներկայացուցիչներ: Հանդիսութիւնը ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` երգիչ-նուագողի մասնակցութեամբ: Բացման խօսքը ներկայացուց Ծնողական խորհուրդի ներկայացուցիչը: Ապա մանկապարտիզպանուհի...

0905khanamirian-(1)

Մայրերու Օր` Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

Դարձեալ մայիս ամիսն ենք. գարնան գեղեցկագոյն ամսուան կը նշենք գեղեցկագոյն էակին տօնը` Մայրերու տօնը: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Ս. Խանամիրեան ազգային քոլեճի կազմը կու գայ խոնարհելու մայրութեան գաղափարին առջեւ եւ իր յարգանքն ու սէրը փոխանցելու մայրական վսեմ առաքելութեան: Արտասովոր խանդավառութեամբ եւ ջերմիկ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Մայրերու Տօնը Խանամիրեան վարժարանին մէջ 9 մայիս 2014-ին: Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին...

0805trchnotz

Մայրերու Օրուան Տօնակատարութիւն «Թռչնոց Բոյն»-ի Մէջ

Կազմակերպութեամբ «Թռչնոց բոյն»-ի տիկնանց յանձնախումբին, հինգշաբթի, 8 մայիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, «Թռչնոց բոյն»-ի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան տօնակատարութիւն: Աւելի քան 215 հոգի  ներկայ եղաւ ձեռնարկին, որ սկսաւ  սեղաններու օրհնութեամբ` Պարոյր աբղ. Շերնեզեանի կողմէ: Հաստատութեան տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեան բարի գալստեան խօսք փոխանցեց բոլոր ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ներկայութեան եւ քաջալերանքին: Խօսք արտասանեց տիկնանց յանձնախումբի անդամ Ազատ Խանզեթեան:...

1005hrip-(2)

Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտական Դասարաններու Վկայականաց Բաշխում

Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարաններու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 10 մայիս 2014-ին` երեկոյեան ժամը 7:30-ին` վարժարանին հանդիսասրահին մէջ: Աւարտական դասարաններու 24 աշակերտներ յատուկ հանդիսութեամբ եկան իրենց դպրոցական օրերու էջը դարձնելու իրենց իւրայատուկ ոճով, որ այս պարագային կը ներկայացուի յուզումնախառն արտայայտութիւններով եւ գնահատումներով, որոնք ապրած ու հիւսած էին Հռիփսիմեանցի կամարներուն ներքեւ լրիւ 15 դպրոցական տարեշրջաններ, իսկ այժմ անոնք իրենց...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտներուն Յաջողութիւնը «Հայրենիք, Քեզ Այսպիսին Եմ Տեսնում» Գծանկարներու Մրցանքին

7 մայիս 2014-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի նկարչական մրցանքին: «Հայապահպանութեան գործում նշանակալի աւանդի համար» մրցանքի ծիրէն ներս «Հայրենիք, քեզ այսպիսին եմ տեսնում» գծանկարներու մրցանքին Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճի տասը աշակերտներ յատուկ վկայականներու եւ նիւթական պարգեւներու արժանացան: Հանդիսութեան բացման եւ բարի գալուստի խօսքը կատարեց Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, ապա հրաւիրեց...

«Երազանքի Երկիր Արցախը Մեզ Կը Սպասէ»

Մայիս 9-ին հայ ժողովուրդը կը նշէ Շուշիի ազատագրումը, օր մը, որ բնորոշիչ եղած է արցախեան ազատագրական պայքարին համար: Շուշիի ազատագրումը հայոց պատմութեան ամենափառապանծ յաղթանակներէն մէկը կը նկատուի, ուստի այդ օրը դարձած է իսկական յաղթանակի օր, յաղթութեան տօն: Ուրբաթ, 9 մայիս 2014-ին Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ¬Հարպոյեան վարժարանին մէջ ատենամարզանքը նուիրուած էր յաղթանակի այս տօնին` յիշատակելու համար Արցախի հերոսական պատմութեան հայ մարտիկներուն...

DSC_4902

«Խօսնակ» Պաշտօնաթերթի Կազմակերպած Բազմաձայն Զրոյցը

Կազմակերպութեամբ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան  կից գործող մշակութային յանձնախումբին, երեքշաբթի, 29 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան, միութեան «Ահրամճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան բազմաձայն զրոյց` նուիրուած Թուրքիոյ մէջ ապրող «իսլամաց«ու»ած կամ ծպտուած հայերուն: Երեկոն սկսաւ յանձնախումբի անդամներէն Վալանթին Օհանեանի խօսքով: Բացման խօսքէն ետք «Խօսնակ» ամսագիրի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան նախ ներկայացուց վերջերս Լիբանանի մէջ լոյս տեսած «Քաուալիս» թերթի սեփականատէր Ֆաթմա...

Page 76 of 114 1 … 75 76 77 … 114