Հայ Աւետարանական Քոլեճի Պէսպիսուն Ստեղծագործական Ցուցահանդէսը
Շաբաթ, 31 մայիս 2014, երեկոյեան ժամը 7:00-ին դպրոցի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան բացման խօսքով ներկաներուն նշեց, թէ Հայ աւետարանական քոլեճը միշտ աշակերտներու մէջ կը քաջալերէր ինքնուրոյն ստեղծագործ աշխատանքը, եւ թէ աշակերտներ շնորհիւ իրենց ուսուցիչներու քաջալերանքին ու ցուցմունքներուն` հանդէս եկած են նման գործերով: Ապա դպրոցի գծագրութեան եւ ձեռային աշխատանքի ուսուցիչ Վազգէն Մուղալեանի ձեռամբ տրուեցան ֆապրիանոյի 2013-ի մրցոյթի 10 մրցանակները, որոնց մէջ...










