Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան. Մայրերու Օրը Ազունիէի Ազգային Բուժարանի Տարեցներուն Հետ

May 19, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

100_8650_resizeՄայիսը մայրերուն նուիրուած յատուկ օր ունի,  տօն, որ սիրելի է անխտիր բոլորին: Մայրութեան սրբութեան եւ անփոխարինելիութեան գիտակցելով` ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի աշակերտները ուսանելի մտայղացումով մը 8 մայիսին այցելեցին Ազունիէի Ազգային բուժարան` մեծահասակ մարդոց հետ ժամանակ անցընելու միտումով:

Այս նախաձեռնութեան մէջ իր անգնահատելի նպաստը բերաւ Կարմիրեան վարժարանի կրօնի ուսուցիչ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը:

Շուրջ հարիւր մեծահասակ մարդիկ կ՛ապրին Ազգային բուժարանի յարկին տակ: Անոնք թէեւ կը ստանան անհրաժեշտ հոգատարութիւն ու խնամք, բայց դպրոցական պատանիներուն այցելութիւնը, անոնց ստեղծած աշխուժ եւ ուրախ մթնոլորտը բոլորովին ուրիշ տրամադրութիւն ստեղծեցին եւ երիտասարդական աւիւն ներարկեցին բոլորին:

P1050278_resizeԱյս առիթով պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրը ջերմօրէն ընդունուեցաւ բուժարանի բնակիչներուն կողմէ: Աշակետները երգեցին, պարեցին, ասմունքեցին,  իրենց ելոյթներուն մէջ փորձեցին ներգրաւել նաեւ տարեցները եւ երբեմն յաջողեցան… Մթնոլորտը սկիզբը քիչ մը լարուած, բայց քիչ յետոյ այնքան թեթեւ ու անմիջական դարձաւ, կարծես ոչ թէ առաջին հանդիպում, այլ հարազատներու վերամիաւորում էր:

Կարմիրեանցիները նաեւ բոլորին համար համեղ ուտեստեղէն տարած էին եւ հաճոյքով հիւրասիրեցին մամիկներն ու պապիկները: Դպրոցականները շատ լաւ գիտէին, որ իրենք այցելութեան գացած են իրենց… ապագային, այդ պատճառով ալ շատ նուրբ, շատ գուրգուրոտ ու գիտակից էր իւրաքանչիւրին վերաբերմունքը:

Ժամանակը արագ անցաւ, եւ կարմիրեանցիները ստիպուած էին վերադառնալ. դպրոցն ու դասերը զիրենք կը սպասէին:

Շնորհիւ իրենց տնօրէնին եւ ուսուցիչներուն բացատրութիւններուն ու պարզաբանումներուն` անոնք վերադարձան քիչ մը աւելի հասունցած, քիչ մը աւելի գիտակից, իսկ ամէնէն կարեւորը այցելութիւնը կրկնելու որոշումն է:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (19 Մայիս 1964)

Յաջորդը

Կենցաղային Հարցեր. Կարմիր Գինիին Առողջական Օգտակարութիւնը` «Չափազանցուած»

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.