Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց Վարժարանը Յատուկ Հանդիսութեամբ Տօնեց Մայրերու Օրը

May 17, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0905karasoun-(1)Մայիս ամիսը նուիրուած է «Մայրերու օր»-ը տօնելու: Այս առիթով Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի Ծնողական խորհուրդը կազմակերպած էր յատուկ հանդիսութիւն մը, որ տեղի ունեցաւ 9 մայիս 2014-ին, վարժարանի «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ: Ներկայ եղան աշակերտներուն մայրերը, մեծ մայրերը, հրաւիրեալներ եւ մեր կնոջական միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հանդիսութիւնը ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` երգիչ-նուագողի մասնակցութեամբ:

Բացման խօսքը ներկայացուց Ծնողական խորհուրդի ներկայացուցիչը:

Ապա մանկապարտիզպանուհի Իրմա Ճերեճեան իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողաց` իրենց զաւակները հայ դպրոցին յանձնած ըլլալու համար:

0905karasoun-(2)Ժողովրդային երգիչ Րաֆֆի Զաքարեան, օրկանիսթ Հայկազ Պեքերեճեանի նուագակցութեամբ, ստեղծեց խանդավառ մթնոլորտ: Ներկաները ոգեւորուեցան եւ իրենց առօրեայ տաղտկալի հոգերը մէկ կողմ դրած` կատարեցին շուրջպարեր եւ մենապարեր:

Յայտագրի գործադրութեան ընթացքին հերթաբար արտասանեցին շնորհալի ասմունքող Մարալ Վարդապետեան, որ արտասանեց Համաստեղի «Մայր իմ անուշ»-ը եւ Մուշեղ Իշխանի «Հայ մամիկին աղօթքը» քերթուածները: Մարինա Ասայեան արտասանեց Յովհաննէս Շիրազի «Յոյսի դուռն է իմ մայրս» սրտառուչ քերթուածը:

Օրուան խորհուրդը փոխանցելու հրաւիրուեցաւ Շահանդուխտ, որ նախ նշեց 9 մայիսի խորհուրդը, որ փառաւորուեցաւ Արցախի Շուշի պատմական մշակոյթի եւ հոգեւոր կեդրոնին արժէքը, դրուատեց նահատակ որդիներ ազգին նուիրած Արցախի մայրերը:

Իր խօսքին երկրորդ մասով արժանի պատիւը տուաւ հայ մօր, որ իր նուիրումով ընտանիքը կը պահէ, զաւակներուն դաստիարակութիւնը կ՛իրագործէ` հայադրոշմ աւանդութիւնները պահպանելով: Շահանդուխտ նոյն ատեն անդրադարձաւ համաշխարհայնացնող մեր դարուն, եւ թելադրեց մայրերուն իրենց զաւակները հեռու պահել քաղքենիացած սովորութիւններէ, ուրիշին անհաճոյ եւ ապաբարոյ կեցուածքները ընդօրինակելէ, կեցուածք, որ խորթ կը համեմատի մեր հայկական սկզբունքներուն:

«Մայրը աստուածաշնորհ արարածն է, ամէնէն գեղեցիկ եւ արժանաւոր էակն է ան, որուն նմանը ունեցած ենք հայկական մեր ամբողջ կեանքին մէջ, դարերէն փոխանցուած հայապահպան հաւատամքով»:

Կէսօրուան ճաշը հրամցուեցաւ ներկաներուն: Ապա շարունակուեցաւ զուարթ մթնոլորտը: Ներկաները կատարեցին նուիրատուութիւններ` յօգուտ վարժարանին:

Չմոռցուեցաւ վիճակահանութեան բաժինը: Իրմա Ճերեճեան պատրաստած էր նաեւ հնարամիտ հանելուկներ, որոնց ճիշդ պատասխան տուողները ստացան նուէրներ:

Հայաշունչ նախաձեռնութիւն մը` մեր մայրերուն արժանի կազմակերպութեամբ:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

Մայրերու Օր` Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

Յաջորդը

Մարզական Միացեալ Օր` Այնճարի Մէջ Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան-Յառաջ Վարժարաններու

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.