Գաղութային

IMG_2253

Թումանեանական Երեկոյ Զմմառու Դպրեվանքին Մէջ

Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 145-ամեակին նուիրուած էր Զմմառեան միաբանութեան ժառանգաւորացին կազմակերպած ամառնային միամսեայ հայերէնի դասընթացքի աւարտական հանդիսութիւնը, հովանաւորութեամբ Զմմառեան միաբանութեան մեծաւոր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի, նախաձեռնութեամբ Զմմառեան միաբանութեան դպրեվանքի տեսչութեան: 8 օգոստոս 2014-ի, երեկոյեան ժամը 8:30-ին Զմմառու նախկին դպրատան մէջ տեղի ունեցած թումանեանական երեկոյին հանդիսավարն էր կիսասարկաւագ Ժան Տիգրան Փիլիպոսը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժիւլիան Լեւոն Ստեփանը, որ ներկայացուց հայերէնի դասընթացքի յայտագիրը...

10527313_781814515173606_8169628579654529914_n1

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արեւելեան Ուղղափառ Եւ Անկլիգան Աստուածաբանական Երկխօսութեան Դիւանը

Չորեքշաբթի, 6 օգոստոս 2014-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի վանքի վեհարանի դահլիճին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Արեւելեան ուղղափառ եւ անկլիգան եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնաժողովին դիւանը: Հանդիպումին ներկայ էին յիշեալ յանձնաժողովին համաատենապետները` Ճեֆրի Ռովել եպիսկոպոսը եւ Պիշոյ արքեպիսկոպոսը, համաքարտուղարները` Նարեկ արք. Ալեմէզեանը եւ Կանոնիկոս Ալիսոն Պառնեթ-Քովընը, ինչպէս նաեւ` կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ  Յուսիկ ծ. վրդ. Մարտիրոսեանը: Համաատենապետները վեհափառ հայրապետին զեկուցեցին...

0812_12

Դպրեվանքը Ժողովուրդին Հետ

Արամ Ա. կաթողիկոսին  օրհնութեամբ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի տնօրինումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսչութեան եւ ուսանողութեան մասնակցութեամբ, իւրաքանչիւր ամսուան առաջին ուրբաթ երեկոները, հերթական կարգով, թեմի զանազան եկեղեցիներուն մէջ պիտի մատուցուի Ս. պատարագ եւ պիտի կատարուի հոգեւոր բովանդակութեամբ զրոյց` ներկայիս երիտասարդութիւնը յուզող հարցերու շուրջ: Առաջին պատարագը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 1 օգոստոս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց...

Լիբանանի Հանրապետութեան Միւֆթին Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Հինգշաբթի, 31 յուլիս 2014-ի կէսօրին հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը. հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Վարդան վրդ. Գազանճեան: Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումին ընթացքին երկու հոգեւոր պետերը անդրադարձան Միջին Արեւելքի ներկայ տագնապալի իրավիճակին, յատկապէս Իրաքի, Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Եգիպտոսի մէջ ժողովուրդներուն դիմագրաւած մեծ դժուարութիւններուն:...

07-29_Arch.Shahan1

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Տեսակցութիւնները . Կաթողիկոսը Մօտէն Կը Հետեւի Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին Սուրիոյ Ծովափի Հայութեան Տուած Հովուական Այցելութեան

Երեքշաբթի, 29 յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի վանքի վեհարանի գրասենեակին մէջ ընդունեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը, որ մանրամասնօրէն զեկուցեց Սուրիոյ ծովափի հայութեան տուած իր հովուական այցելութեան մասին: Արդարեւ, Սուրիոյ տագնապին իբրեւ հետեւանք` սուրիահայեր ո՛չ միայն Սուրիայէն մեկնեցան ապահով վայրեր, ուր ժամանակաւոր կայք հաստատեցին, այլեւ ապաստան գտան երկրին մէջ, յատկապէս` Սուրիոյ ծովափնեայ քաղաքները, ուր տակաւին կը...

10574807_791696090853641_1939240079_o

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Հրաւիրուի Հարաւային Քորէա Խաղաղութեան Ու Արդարութեան Նուիրուած Միջազգային Համագումարին

Երեքշաբթի, 29 յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Հարաւային Քորէայէն ժամանած պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Յուսիկ ծ. վրդ. Մարտիրոսեան: Պատուիրակութիւնը եկած էր հրաւիրելու վեհափառը, որ իր պատգամը փոխանցէ Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլի մէջ կայանալիք արդարութեան ու խաղաղութեան նուիրուած միջազգային միջկրօնական համագումարին: Ողջունելով նման նախաձեռնութիւններ` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Այսօ՛ր...

07-30_hehom

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀԵՀՈՄ-ի Նորընտիր Վարչութիւնը

Չորեքշաբթի, 30 յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի վեհարանի դահլիճին մէջ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան (ՀԵՀՈՄ) նորընտիր վարչութիւնը ներկայացաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին` անոր օրհնութիւնն ու ցուցմունքները ստանալու համար: Շաբաթ, 26 յուլիս 2014-ի երեկոյեան տեղի ունեցած էր ՀԵՀՈՄ-ի անդամական ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին զեկոյց տրուած էր միութեան գործունէութեան մասին եւ լայն քննարկումներ կատարուած` յառաջիկայ ծրագիրներու եւ աշխատանքներու գծով: Ապա ժողովի աւարտին ընտրուած...

CHSProm14-(307)-copy

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 2013 – 2014 Կրթական Տարեշրջանի Հունձքը

Երկուշաբթի, 30 յունիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ամավերջի հանդէսը: Այս տարեշրջանի հանդէսին թեման էր «Յոյսով ուրախ եղէք» Աստուածաշունչէ առնուած համարը: Յաջորդաբար Նազանի Սվաճեան, Գալինա Թէլֆէեան, Սթեֆանի Արսլանեան եւ Շողեր Թորոսեան ընթերցեցին սոյն թեման ընդգրկող համարներ` բեմ հրաւիրելով նախակրթարանի 6-րդ դասարանի աշակերտները, 12-րդ դասարանի շրջանաւարտները եւ ուսուցչական կազմը: Այդ միջոցին ներկաներուն հրամցուեցան...

IMG_4585

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի «Էքսթրիմ Էտվենչըր 3» Ստեղծեց Մեծ Խանդավառութիւն

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղը կը շարունակէ իր բեղուն գործունէութիւնը` այս անգամ կեանքի կոչելով «Էքսթրիմ էտվենչըր 3» եռօրեայ երիտասարդական ու ընտանեկան քերմեսը: Մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետութեան կազմակերպած սոյն նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցաւ 25-26-27 յուլիս 2014-ին, «Տեմիրճեան» հաստատութեան շրջափակին մէջ: Երիտասարդութեան եւ նոր սերունդին ժամանակակից ու արկածախնդրական պահանջները բաւարարելու համար զետեղուած էին զանազան արկածախնդրական խաղեր, որոնց հսկողութիւնը վստահուած էր այս առիթով  Եւրոպայէն...

Vehapar_111

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքին Միջեւ Հանդիպում Հինգշաբթի, 24 յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքի նորակերտ վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. ասորիներու պատրիարքին միջեւ: Հանդիպման ներկայ էին Փառէն ծ. վրդ. Վարդանեան` լուսարարապետ մայր տաճարի, եւ  Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան` դպրեվանքի տեսուչ, իսկ ասորի եկեղեցւոյ կողմէ` պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը...

10566435_885012898179080_1559163839_n

«Երիտասարդութիւնը Կը Կազմէ Արիւնը Մեր Եկեղեցւոյ Ու Ժողովուրդին» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Չորեքշաբթի, 23 յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքի վեհարանին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց կաթողիկոսարանի երիտասարդական բաժանմունքի յանձնախումբը` գլխաւորութեամբ  Յակոբ Հանտեանի: Հանդիպման նաեւ ներկայ էին բաժանմունքի նախկին վարիչ Ղեւոնդ վրդ. Բենթէզեան եւ նորնշանակուած վարիչ Պարոյր աբղ. Շէրնէզեան: Բաժանմունքի պատասխանատուները վեհափառ հայրապետին զեկուցեցին անցնող ամիսներու ընթացքին իրենց կատարած աշխատանքին մասին: Ան ուրախութեամբ իմացաւ, որ յանձնախումբը իր շուրջ կը համախմբէ...

Hamakoumar_gatoghige-(1)

Հայ Եկեղեցական Հաղորդակցութեան Միջոցներու Համագումար

Հայ եկեղեցական հաղորդակցութեան միջոցներու համագումարը տեղի ունեցաւ 15-17 յուլիս 2014,   Երեւան, Քանաքեռ, մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորականներու, մտաւորականներու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու: Համագումարը նախաձեռնուեցաւ Վատիկանի Բ. ժողովի հաղորդամիջոցներու մասին Inter Mirifica վճիռի յիսնամեակին առիթով, Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան հաղորդամիջոցներու յանձնախումբին կողմէ` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ: Նպատակն էր նպաստել հայ եկեղեցական հաղորդակցութեան միջոցներու միջեւ լայն եւ հեռանկարային համագործակցութեան զարգացման`...

07-17gatoghige-(2)

Հայ Կաթողիկէ Հաղորդակցութեան Միջոցների 2-րդ Համագումարի Մասնակիցները Այցելեցին Նախարար Յակոբեանին

Յուլիս 17-ին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Հայ կաթողիկէ հաղորդակցութեան միջոցներու 2-րդ համագումարին մասնակիցները: Նախարարը ուրախութեամբ նշեց, որ Հայ կաթողիկէ հաղորդակցութեան միջոցներու եռօրեայ համագումարին զեկուցումներուն եւ քննարկումներուն միջոցով ներկայացուեցաւ Հայ եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ գործող եկեղեցական լրատուամիջոցներու գործունէութիւնը: Բարձր գնահատելով Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանին ծաւալած հայագիտական, հոգեւոր, ստեղծագործական գործունէութիւնը եւ տասնամեակներու վաստակը` նախարարը նշեց. «Այս բոլոր ոլորտներուն մէջ բերելով ձեր հսկայական ներդրումը,...

02-07yeghishe-(3)

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Շրջանաւարտներու 27-րդ Հունձքը

Չորեքշաբթի, 2 յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ երկրորդականի ամավերջի հանդէսը, որուն բացումը կատարեցին շրջանաւարտները` Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներով, ապա` «Վերջին զանգ» խմբերգով: Բալիկ Գարատաղլեան դաշնամուրի վրայ նուագեց Ա. Խաչատուրեանի «Դիմակահանդէս»-ը, Թամար Բախտիկեան, Սարին Մարտիկեան եւ Մարիա Փանոսեան ասմունքեցին Մ. Իշխանի «Ես զաւակն եմ Հայաստանի» բանաստեղծական կտորը` շուիի ընկերակցութեամբ Յովիկ  Ադամեանի, Նաթալի...

26-06roupinian-(3)

Ազգային Ռուբինեան Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Հինգշաբթի, 26 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին Ազգային Ռուբինեան վարժարանի «Յովհաննէս եւ Վարդուհի Պչաքճեան» վերանորոգուած սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2013-2014 ուսումնական տարեշրջանի մանկամսուրի, մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի վկայականաց բաշխման հանդէսը: Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ելոյթ ունեցան մանկապարտէզի աշակերտները` արտասանութեամբ, երգերով ու պարերով: Ծաղիկ դասարանէն Ժաք-Յակոբ Ածիլածեան հայերէնով, իսկՊետրոս Գոլաքճեան արաբերէնով փոխանցեցին իրենց դասընկերներուն սրտի խօսքը: Յայտագիրի երկրորդ բաժնով...

avardaganvgayagan95

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Ժբ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Ուրբաթ, 4 յուլիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդէսը սկսաւ «աւարտական դասարանը` նկարներով» տեսերիզին ցուցադրութեամբ, որմէ ետք աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին Մ. Իշխանի «Ողջոյն քեզ կեանք»-էն հատուածներ, ապա Ալիք Գանտահարեան եւ Նանոր Այնթապլեան...

KG-Grad1

Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարան 80-Ամեակի Կրթական Տարեվերջ

2013-2014 տարուան ընթացքին չորս տարբեր յայտագիրներով Հայ աւետարանական Շամլեան- Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի աշակերտներ տօնեցին իրենց յատուկ հանգրուանին աւարտը` ուրախացնելով իրենց ծնողներն ու մեր սրտերուն մէջ վառ պահելով աւելի լաւ ապագայի մը կայծկլտուն յոյսը: Նշուած յայտագիրներուն մասին` ստորեւ ամփոփ տեղեկութիւններ, ժամանակագրական հերթով: 16 մայիս 2014. Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանը իր հունձքը յղեց կեանքի նոր հանգրուանին: 19 աշակերտներ աւարտեցին 12-րդ կարգի...

2106toros-(2)

Հայ Աւետարանական Փ. Եւ Է. Թորոսեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս

Շաբաթ, 21 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայ աւետարանական  Փ. եւ Է. Թորոսեան  վարժարանի սրահին  մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի եւ միջնակարգի  վկայականաց  բաշխման հանդիսութիւնը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները հնչելէն ետք վարժարանի հոգաբարձու Վարդուկ Պալգճեան ըրաւ Աստուածաշունչի ընթերցումն ու աղօթքը: Ապա վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեան բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս Վերա Սվաճեանը, որ եղած է տարիներու կրթական մշակ: Ան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն...

2106HARACH-(2)

Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն

21 յունիս` երաժշտութեան միջազգային օր եւ Ազգային «Յառաջ» մանկապարտէզի հանդէս եւ երաժշտական այբուբենի ներկայացում: Հանդիսատեսին համար մեծ հաճոյք էր, երաժշտութեան միջազգային օրուան առիթով, Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի շրջափակին մէջ, հայկական նուագարաններով ու գունագեղ տառերով զարդարուած բեմին վրայ տեսնել տասնութ Ծաղիկի շրջանաւարտներ` այբուբենի տառերը բռնած ու բարձրացուցած տողանցեն ու երաժշտախառն ներկայացումներով փառաբանեն մայրենին: Վարժարանի վարիչ մանկապարտիզպան Լենա Սթամպուլեան բացման խօսքով...

2506HayAved

Ամավերջի Հանդէսներ. Հայ Աւետարանական Քոլեճի 2014-ի Հունձքը

  25 յունիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ քաղաքի Հայ աւետարանական քոլեճի երկրորդականի եւ նախակրթարանի միացեալ ամավերջի հանդէսը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգէն ու հոգեւոր տեսուչ Կարինէ Չոլագեանի կողմէ Աստուածաշունչէն ընթերցումէ եւ աղօթքէն ետք, խօսք առաւ օրուան պատգամաբեր, ազգային հասարակական գործիչ, լրագրող խմբագիր Ահարոն Շխրտմեան: Ան թելադրեց արժէքներու հաւատալ եւ` «Կեանքը ապրիլ արժէքի սկզբունքին կապուած մնալով եւ մեր ազգային գոյութեան...

Page 73 of 114 1 … 72 73 74 … 114