Տեղի Ունեցաւ «Ուրֆայի Ասեղնագործութիւն» Գեղատիպ Հատորին Շնորհահանդէսն Ու Գինեձօնը
Հինգշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2014-ին Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուրֆայի ասեղնագործութիւն» Ա. հատորին (Պրունօ Էքարտի հաւաքածոն 300 էջ, երկլեզու հայերէն-անգլերէն) գեղատիպ հատորին գինեձօնը, տպուած Հալէպ, 2014-ին: Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը: Գիրքին շնորհահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին հալէպահայ երեք համայնքապետները, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանը, հատորի հեղինակ` արուեստաբան, գեղանկարիչ Հրազդան Թոքմաճեանն ու արուեստասէր...















