Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գարակէօզեան Ընտանիքի Հոգեհանգիստ

December 13, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_2685Նախագահութեամբ Լիբանանի թեմի հայոց առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կիրակի, 7 դեկտեմբեր 2014-ին Պուրճ Համուտի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ «Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնադիր եւ ազգային բարերար Միհրան Գարակէօզեանի եւ անոր ընտանիքի անդամներուն` Զապէլի, Լէյլայի եւ Հաուըրտի հոգիներուն:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հանդիպում-հաւաք` «Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնական սրահին մէջ: Այս հանդիպումին ներկայ գտնուեցան առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, կաթողիկէ հայոց պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Թարմունիի ներկայացուցիչ Անի Գալուստ, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ներկայացուցիչ պատ. Սեւակ Թրաշեան, «Գարակէօզեան» հաստատութեան խորհրդատու մարմինի անդամներն ու պաշտօնեաները եւ հայկական կազմակերպութիւններու եւ վարժարաններու տնօրէններն ու ներկայացուցիչները:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ յարգեցին յիշատակը ազնուագութ բարերաներուն, եւ ըսաւ. «Այսօրուան այս հաւաքը պարզապէս յիշեցում մը կամ յարգանքի տուրք մը չէ միայն Գարակէօզեան ընտանիքի հոգիներուն համար, այլ նաեւ մեր հաւատքը վերանորոգելու, մեր ուխտին հաւատարիմ մնալու եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն առջեւ բացուած մարտահրաւէրներու դիմաց զինուելու առիթ մըն է. մեր համայնքի երեք հոգեւոր պետերուն օրհնութիւնը, «Գարակէօզեան» հաստատութեան խորհրդատու մարմինին խոհեմ աջակցութիւնը, հայկական բարեսիրական քոյր միութիւններու, հայկական վարժարաններու եւ կազմակերպութիւններու տնօրէններու գործօն ներկայութիւնը ինքնին մեզ աւելի զօրաւոր եւ հաստատակամ կը դարձնեն մեր առաքելութեան մէջ»: Ապա հրաւիրեց խորհրդատու մարմինի ատենապետ Սօսի Պալեանը, որպէսզի փոխանցէ մարմինին խօսքը:

Ս. Պալեան երախտագիտութիւն յայտնեց նախ մեր Երկնաւոր Հօր, որ 93 տարիներ առաջ գիտակցութիւնը տուաւ Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեաններուն, որ իրենց վաղամեռիկ որդւոյն` Հաուըրտի յիշատակին հաստատեն մանկախնամ այս կեդրոնը, ապա Նիւ Եորքի «Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնական մարմինին, հայկական համայնքի երեք հոգեւոր պետերուն, հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանինն, պաշտօնէութեան եւ բարերարներուն:

IMG_2697Ապա խօսք առաւ Լիբանանի թեմի հայոց առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ. «Կրկին անգամ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ «Գարակէօզեան» հիմնարկի հիմնադիրներուն, նաեւ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով առիթ կ’ընծայեն, որ այս հաստատութեան մէջէն բարիք եւ օրհնութիւն հասնի մեր ժողովուրդին, յատկապէս` այն հատուածին, որ կարիքը ունի: Գիտեմ` ընկերութեան մէջ կարիքները կը շատնան. մէկ մասը արդարացի է, միւս մասը` ոչ. կ’ենթադրեմ, որ «Գարակէօզեան» հիմնարկը իր աշխատանքներուն  մէջէն բարոյական կորով ներշնչելու դրոյթ մը կը հաստատէ, որովհետեւ ընկերութիւնը միայն չի կրնար ստանալ, այլ անոր դիմաց նաեւ պէտք է տայ զանազան ձեւերով, եւ կը կարծեմ, որ մեր ժողովուրդը այս գիտակցութեան բարձունքին հասած ժողովուրդ է. պարզապէս այդ գիտակցութիւնը պէտք է խթանել:

«Գարակէօզեան» հաստատութեան մէջ ծառայողը նախ կարիքը ունի հաւատքի, որպէսզի իր ծառայութեան մղումի կամքը նորոգուի, որովհետեւ առանց այդ մղումին` կարելի չէ, եւ նորոգողը Ինք` Աստուած է:

Երկրորդ` այս հաստատութեան մէջ ծառայողը տէր պէտք է ըլլայ այն գիտակցութեան, թէ ինք իսկապէս ընկերութեան տալիք ունի:

Ամէն մարդ եթէ այս գիտակցութեան կարենայ հասնիլ, արդէն ընկերութեան մէջ կարիքները կը վերանան: Պէտք է համոզուած ըլլանք, որ բոլորս ալ տալիք ունինք ընկերութեան եւ այդ տալիքը կրնայ ըլլալ զանազան եղանակներով զանազան մակարդակի վրայ, բայց` նուիրումով:

«Շնորհակալ ենք ձեր նուիրումին համար, շնորհակալ ենք ձեր աշխատանքին համար, յատկապէս` մատղաշ սերունդին գծով ձեր տարած աշխատանքին համար եւ կը մաղթենք ձեզի յարատեւութիւն, կը մաղթենք, որ դուք ձեր աշխատանքով արդարացնէք այս կառոյցին նպատակը, մանաւանդ սպասումները անոնց, որոնք այս կառոյցին հիմերը դրին իրենց անձնական նուիրաբերումով եւ օրինակով», եզրափակեց առաջնորդ հայրը:

Ապա հերթաբար խօսք առին վարժարաններու տնօրէնները եւ իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեցին այս հաստատութեան տարած աշխատանքին ու նուիրումին, ապա ներկայացուցին իրենց մտահոգութիւններն ու առաջարկները:

Պատ. Թաշեանի աղօթքով վերջ գտաւ հաւաքը:

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Միօրեայ Միջմիութենական Սեմինար Եւ Զարգացման Մրցում

Յաջորդը

Անանուն Բարերարներ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.