Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամանորի Հանդիսութիւն Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

December 16, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1212_sourenՍուրէն Խանամիրեան Ազգային քոլեճի աւանդութիւն դարձած Ամանորի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 12 դեկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, վարժարանի սրահին մէջ:

Տօնական հանդէսը սկսաւ տնօրէն Նելլի Վէքիլեանի ողջոյնի խօսքով, որ Նոր տարուան առիթով շնորհակալական խօսք ուղղեց ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չեն խնայեր վարժարանի յառաջդիմութեան ու զարգացման համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բարերարներուն, որոնք բոլոր առիթներուն նեցուկ կանգնած են ու կը շարունակեն կանգնիլ յանուն սերունդներու հայեցի եւ առողջ դաստիարակութեան: Իր խօսքի աւարտին ան լաւագոյնը ու ամենաբարին ցանկալով` մաղթեց, որ ուրախութիւնը, սէրն ու համերաշխութիւնը պահպանուին յառաջիկայ ամբողջ տարուան ընթացքին:

Այնուհետեւ բոլոր դասարաններու աշակերտները կարգով բեմ բարձրացան` կայտառ ու համարձակօրէն ներկայացնելով իրենց ելոյթները: Նկատելի էր բոլոր աշակերտներուն ճիգը` լաւագոյնը կատարելու եւ ուրախացնելու իրենց ծնողները:

Մեծապէս ոգեւորեց մանկապարտէզի աշակերտներուն  ներկայութիւնը բեմին վրայ. անոնք իրենց անմեղ ելոյթներով ոչ միայն ջերմացուցին մթնոլորտը, այլեւ մատղաշ սերունդի` յուսադրիչ ապագայի մը հեռանկարը պարզեցին:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նախակրթարանի աշակերտները հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն խմբերգներով, արտասանութեամբ եւ արտայայտիչ պարերով:

Ուշագրաւ էր 6-րդ դասարանի Ու. Սարոյեանէն առնուած ներկայացումը, որ տօնական օրերու լաւագոյն պատգամը կու տար, ըսելով. «Գիտէ՞ք, հարցը առարկաները չեն, որոնց մենք կամ դուք կարիքը ունիք, այլ կարեւորը, որքան ալ քիչ ունենանք, մեր ունեցածէն ուրիշներուն տալն է: Լաւ բաները կը ծնին մարդոց մէջ եւ կը սպասեն այնտեղ, մինչեւ դիմացինին փոխանցուին: Իսկ տալը միակ բանն է, որ կրնայ մարդ երջանկացնել»:

Նոյն կարգի աշակերտները ներկայացուցին նաեւ Միսթլեթօ խորհուրդը եւ աւանդութիւնը` անգլերէնով:

Որպէս ազգային վարժարանի աշակերտներ եւ նորարարականի կողքին աւանդական ու ազգային արժէքներ պահող սերունդ` 7-րդ կարգը հպարտութեամբ ներկայացուց  ամանորեան հին ծէսը հայութեան մօտ, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը: Աշակերտները հաղորդեցին, թէ ինչպիսի զուարճահանդէսներով հայերը հին ժամանակ տօնած են Նաւասարդը, եւ թէ  ինչպէ՛ս 18-րդ դարուն, Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսի օրով, որպէս Նոր տարուան սկիզբ, ընդունուեցաւ յունուար 1-ը: Անոնք ներկայացուցին նաեւ հայկական աւանդական տօնածառ զարդարելու աւանդութիւնը, Ամանորի արարողութիւններն ու տօնակատարութիւնները հայութեան մէջ: «Հայ ազգի զաւակներուն համար տօնական օրերուն հաւաքուելու խորհուրդը բոլորը միաւորելը եղած է եւ է», ըսին անոնք:

Գեղարուեստական յայտագիրը կ՛ընդգկէր նաեւ արաբերէնով ներկայացում մը, որ կը փոխանցէր տօնական օրերուն իրարու օգնելու եւ ծառայելու գաղափարը:

Հանդիսութեան վերջին մասով հանդէս եկան 8-րդ կարգի աշակերտները, որոնք իրենց ուրախ պարով փայլեցան եւ առաւել ջերմացուցին մթնոլորտը, խանդավառութիւնն ու շէնշող տրամադրութիւնը:

Հարկ է նշել, որ հանդիսութեան ամբողջ ընթացքին կը տիրէր տօնական բարձր տրամադրութիւն, ուր կ՛իշխէին միայն երգն ու պարը, սէրը, ժպիտն ու խնդութիւնը:

Հանդիսութեան ընթացքին ներկաները հիւրասիրուեցան աւանդական հատիկով, իսկ աւարտին տեղի ունեցաւ ուտելիքներու ցուցադրութիւն-վաճառք:

Նախորդը

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի «Աւանդական Տօնավաճառ»-ի Բացում

Յաջորդը

CNN Turk. «Պնդումներ Կան, Թէ Թուրքիոյ Մէջ 4 Միլիոն Հայ Կ՛ապրի»

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.