Գաղութային

Ազգ. Աբգարեան Վարժարանի 80-Ամեակի Ճաշկերոյթը` Նիւթաբարոյական Ողջունելի Զօրակցութիւն Մը

Շաբաթ, 25 փետրուար 2012-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Ազգ. Աբգարեան վարժարանի հոգաբարձութեան, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ արժանի շուքով տօնուեցաւ Ազգ. Աբգարեան վարժարանի հիմնադրութեան 80-ամեակը, աւելի քան երկու հարիւր յարգելի հիւրերու ներկայութեամբ: 80-ամեակի ճաշկերոյթը կը վայելէր հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը  Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին: Ձեռնարկին նախագահութիւնը ստանձնած էր Ազգ. Աբգարեան վարժարանի երբեմնի աշակերտներէն, տնտեսագէտ, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան նախկին փոխ կառավարիչ, ներկայիս Credit...

ԼՕԽ-Ի Առօրեայէն. «Շուշանիկ» Մասնաճիւղ

Հինգշաբթի, 23 փետրուարին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ-ճաշ` կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղին: Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Պերճուհի Գասպարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հաստատեց, որ «Շուշանիկ» մասնաճիւղը կը գոյատեւէ շնորհիւ իր անդամներուն հաստատ կամքին առողջ իմացականութեան եւ մասնաճիւղի ձեռնարկները միշտ քաջալերելու գիտակցութեան: Այնուհետեւ ան բարի գալուստ մաղթեց վաստակաւոր ԼՕԽ-ական` գրագիտուհի Շահանդուխտին, որ օրուան հիւր բանախօսն էր:...

Համազգայինի «Արեգ» Թատերախումբը Նոր Ծրագիրներու Իրագործման Սեմին

Շաբաթ, 3 մարտ 2012-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնին մէջ կայացաւ «Արեգ» թատերախումբի հաւաքոյթը, որուն նպատակը վերջերս կայացած «Յոյսի ծառը» թատերախաղին քննարկումն էր եւ` հետագայ աշխատանքներուն ծրագրումը: Բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան եւ խնամակալութեան ատենապետ Լուսիկ Աֆարեան գնահատեցին դերասանները, բեմադրիչի օգնական Մարիա Ղազարեանը, օգնական տիկինները, ամբողջ ստեղծագործական կազմը` իւրաքանչիւրը նկատելով որպէս կարեւորագոյն օղակ մը հաւաքական աշխատանքի իրագործման մէջ: Ընկերային մթնոլորտի մէջ պատանի դերասաններուն...

ՀՄԸՄ Պէյրութի Մասնաճիւղի Տարեկան Ձիւնագնացութիւն

Շաբաթ 3 եւ կիրակի 4 մարտ, 2012-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի աւանդական տարեկան երկօրեայ ձիւնագնացութիւնը, «Սան Սիթի» պանդոկին մէջ, Աժալթուն: Հակառակ օդի աննպաստ պայմաններուն, սկաուտները եւ ծնողները, թիւով 228, շատ մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան: Ներկայ էին 147 սկաուտներ եւ 81 ծնողներ ու բարեկամներ: Մասնաճիւղին 7 խնբաւորումները, ծնողները, բարեկամները շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին մեկնեցան դէպի Աժալթուն, «Սան Սիթի» պանդոկը ,...

Այնճարի Ձիւնը Արուեստի Գործի Դրսեւորման Առիթ Հանդիսացաւ

Վերջին օրերուն Այնճարի մէջ տեղացած ձիւնը կեանք տուաւ արուեստի գեղեցիկ ստեղծագործութեան մը: Այս մասին Tert.am լրատուական կայքէջին հաղորդեցին Այնճարէն: Վերջին ձիւնամրրիկին ընթացքին Այնճար հայաւանը ականատես եղաւ ձիւնի առատ տեղումներու: Երեւոյթ մը, որ 20 տարիէ ի վեր տեղի չէր ունեցած «Փոքրիկ Հայաստան» կոչուող այս աւանին մէջ: Այնճարի առատ ձիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ աւանի զաւակ` գեղանկարիչ-քանդակագործ Րաֆֆի Անտոնեան, տեղւոյն Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպենկեան...

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի «Մտերմիկ Երեկոյ»

Շաբաթ, 4 փետրուար 2012-ին Նշան Փալանճեան Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Խմբապետական կազմի կազմակերպած մտերմիկ երեկոն, հովանաւորութեամբ Մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին: Մտերմիկ երեկոն, որ Պէյրութի մասնաճիւղի վերջին տարիներուն աւանդական ձեռնարկներէն մէկն է, իր շուրջ համախմբած էր մասնաճիւղի նախկին կամ վեթերան խմբապետները , ներկայ երէց-պարմանուհիները եւ առաջին անգամ ըլլալով նաեւ մասնաճիւղի ծնողները: Մտերմիկ ընթրիքի երեկոյին մասնակցեցան 200 անձեր: Ձեռնարկը ...

Հայ Երիտասարդներու Մասնակցութիւն Մամլոյ Լուսանկարիչներու Սենտիքային Ցուցահանդէսին

Կազմակերպութեամբ մամլոյ լուսանկարիչներու սենտիքային, կենսոլորտ նիթով լուսանկարչական մրցում մը յայտարարուեցաւ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքի հովանաւորութեամբ: 23 յունուարին ՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ այս առիթով կայացած ցուցահանդէսին մեծ թիւով մասնակցողներու կարգին էին «Էլ. Էյ. Թի. Սի.»-ի տարբեր տարիներու  լուսանկարչական դասընթացքներու հետեւած հինգ շրջանաւարտներ` Գոհար Բարսեղեան, Մարտիկ Օթճեան, Քարոլին Օտապաշեան, Վարդան Տէր Օհաննէսեան եւ Կարպիս Քարաքեան: Ցուցահանդէսին բացումը կատարեց եւ խօսք արտասանեց տեղեկատուութեան նախարար...

Քեսապ. Գէորգ-Ճորճ Աբէլեանին Նուիրուած Յիշատակի Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան,  կիրակի, 5  փետրուարին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Սահակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  հրապարակագիր, վաւերագրող, արձակագիր Գէորգ-Ճորճ Աբէլեանի յիշատակին նուիրուած  կոկիկ ձեռնարկ մը` Քեսապի հայ առաքելական եւ աւետարանական համայնքներու հոգեւորականներուն, գրասէր հայրենակիցներու ու հարազատներու ներկայութեամբ: Համազգայինի Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց Վարդենի Դանիէլեան, որ շեշտեց ձեռնարկի կազմակերպման շարժառիթն ու կարեւորութիւնը` յայտնելով,...

ԼԵՄ-ի Կազմակերպած Միջդպրոցական Հայկական Իւրայատուկ Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ  ՀՅԴ  Լիբանանի երիտասարդական միութեան, շաբաթ, 25 փետրուար 2012ին` ժամը 8:00-էն սկսեալ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական  մտերմիկ եւ իւրայատուկ երեկոյ մը: Կազմակերպիչներուն անունով բացման խօսք արտասանեց Հրակ Աւետանեան, որ անդրադարձաւ այս ձեռնարկի կարեւորութեան ու անոր պատգամին: «ԼԵՄ-ին համար հայապահպանումը առաջնահերթութիւն է, եւ ան ամէն ինչ կ՛ընէ այդ իմաստով, որպէսզի պահպանուի մեր ինքնութիւնը», ըսաւ...

Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարանի «Երազ» Թատերախումբը Ներկայացուց «Կախարդական Բառը» Թատերախաղը

Ուրբաթ, 24 փետրուար 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանի «Երազ» թատերախումբը ներկայացուց «Կախարդական բառը» երաժշտական թատերախաղը` հետեւողութեամբ «Հրաշալի բառը» յայտնի պատմուածքին: Թատերախաղին հեղինակը, բեմադրիչը եւ գեղարուեստական ղեկավարն էր Ռոպերթ Առաքելեան: Մօտ 1 ժամ տեւողութեամբ հանդիսականները ըմբոշխնեցին բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի կատարած յարատեւ եւ մասնագիտական աշխատանքին արդիւնքը: Փոքրիկ դերասաններու խումբը, որ բաղկացած էր 3-րդէն 8-րդ դասարանի...

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Արցախի Եւ Վարդանանցի Նուիրուած Իւրայատուկ Նախաձեռնութիւններուն Աշակերտները Ուխտեցին Շարունակել Պահանջատիրութեան Երթը

«Հայկէն Սասունցի Դաւիթ, Քաջ Վարդանէն Արցախի հերոս եւ խիզախ նահատակներ… Պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ ամբողջական յաղթանակ» կարգախօսին ներքեւ, 8-17 փետրուար 2012-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի եւ Վարդանանցի շաբաթ: Նախաձեռնութիւններու պաշտօնական յայտարարութիւնը կայացաւ երկուշաբթի, 13 փետրուար 2012-ին, երբ կը ծածանէր Արցախի դրօշը եւ ներկաները կը լսէին Արցախի քայլերգը: Աշակերտութեան անունով խօսք առաւ Սինթիա Արաբկիրլեան, որ նշեց,...

Հաղորդագրութիւն

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը սոյն գրութեամբ կու գայ իր երախտագիտական զգացումները յայտնելու ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, որ իր ազգային եւ նուիրական առաքելութեան կողքին նաեւ կը ծառայէ հայ դպրոցին: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի կազմակերպած հայկական վարժարաններու 2011-ի պրէօվէի պետական քննութիւններուն գերազանց արդիւնք արձանագրող աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը էապէս ծառայեց եւ վստահաբար յառաջիկային եւս պիտի ծառայէ իր նպատակին, որ կ’առաջնորդուի հայ աշակերտը հայկական...

«Առաքելական Եւ Ազատ Եկեղեցիները Այսօր» Խորագրով Դասախօսութիւն` Դպրեվանքին Մէջ

Ուրբաթ, 3 փետրուար 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն, որուն նիւթն էր` «Առաքելական եկեղեցիները եւ ազատ եկեղեցիները այսօր»: Երկրորդ անգամ ըլլալով դասախօսեց մեր հիւր Ճորճ սրկ. Լէյլէկեանը, որ ամբողջ շաբթուան ընթացքին իր գիտութիւնը բաժնեց տղոց: Յակոբ կիս. սրկ. Գարտանաքեանը իր բացման խօսքը աւարտելէ ետք, բեմ բարձրացաւ սիրելի տիրացուն, որպէսզի աւելի զարգացնէ ու զարդարէ ներկաներուն միտքերը: Ան նախ...

«Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»-ուան Առիթով Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Աշակերտութեան Ուղղած Իր Պատգամին Մէջ` «Եթէ Արեւմտահայերէնը Չմնայ, Արեւմտահայաստանը Ազատագրող Չի Մնար» Կը Հաստատէ Յակոբ Պալեան

Արեւմտահայերէնը պահպանելու եւ իր հարազատութեամբ խօսելու ու գրելու հրաւէր մը եղաւ «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»-ը, որ 21 փետրուարին հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին կողմէ: Այս առիթով քոլեճ հրաւիրուեցաւ եւ օրուան պատգամը փոխանցեց ծանօթ հրապարակագիր ու մտաւորական, «Բագին» գրական պարբերականի խմբագիր Յակոբ Պալեան: Հանդիսութեան բացումը կատարելով` աշակերտուհի Մեղրի Պետրոսեան յայտնեց, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` քոլեճը կը...

Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Հայ Աւետարանական Քոլեճին Մէջ

Համաձայն տարիներու աւանդութեան, այս տարի եւս, 17 փետրուարին, Հայ աւետարանական քոլեճը միացեալ յատուկ ատենամարզանքով նշեց Վարդան Մամիկոնեանի ու անոր զինուորներուն հայրենասիրական գերագոյն սխրագործութիւնը` յանուն հաւատքի ու հայրենեաց իմացեալ մահը: Գեղարուեստական յայտագիրը ստանձնած էր նախակրթարանը. 6-րդ, 5-րդ եւ 4-րդ դասարաններու աշակերտները յաջորդաբար արտասանեցին Ժագ Յակոբեանի «Վարդանական»-ը, Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց»-ը եւ Նայիրի Զարեանի «Վարդանանց»-ը: Դպրոցի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան կատարեց բացման...

«Գրաբարի Անհրաժեշտութիւնը Աշխարհաբարի Տիրապետման Համար» Նիւթով Դասախօսութիւն Դպրեվանքի Մէջ

Շաբաթ, 4 փետրուար 2012-ին, դպրեվանքի Ուսանողական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ, որուն նիւթն էր` «Գրաբարի անհրաժեշտութիւնը աշխարհաբարի տիրապետման համար»: Օրուան բացման խօսքը կատարեց` Գաբրիէլ կիս. սրկ. Եղիայեան, որմէ ետք երեք դպրեվանեցիներ` Սեբաստիա սրկ. Ղարախանեան, Սարգիս Աճէմեան եւ Մկրտիչ Քիւրիւմեան մեզի ներկայացուցին Գարեգին Սրուանձտեանցի «Գրաբարի եւ աշխարհաբարի վէճը»: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Հայաստանէն ժամանած օրուան բանախօսուհի Աշխէն Գրիգորեանը: Օրուան...

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԱՌԻԹՈՎ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ

Բարեկենդանի առիթով Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներու գլխաւորութեամբ, այցելեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին առնելու համար անոր օրհնութիւնը: Վեհափառ հայրապետը ջերմօրէն  ողջունեց մանուկներուն այցելութիւնը, օրհնեց զանոնք եւ իր գնահատանքը յայտնեց Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչ- ուսուցչուհիներուն, որոնք իրենց հանգիստը ու զբաղումը ձգած` նուիրուած են հայ մանուկի հոգեւոր, բարոյական ու ազգային դաստիարակութեան` Կիրակնօրեայ վարժարանին ճամբով: Ներկայ էին նաեւ փոքրիկներուն ծնողները: Վեհափառ հայրապետը նաեւ գնահատանքի խօսք...

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Չորեքշաբթի, 15 փետրուար 2012-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները նշեցին Վարդանանց պատերազմի յիշատակը եւ Արցախի ազատագրումը, «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կարդաց Ը. դասարանէն Սարհատ Հանտեան, որ անդրադառնալով Աւարայրի  ճակատամարտին եւ Արցախեան գոյամարտին ըսաւ. «Հայը միշտ զոհուած է իր ազգին, հայրենիքին եւ կրօնքին համար ու միշտ հասած...

ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԸ ՆՇԵՑԻՆ ԿՐԱԿԻՆ ՇՈՒՐՋ

Երկար տարիներու ընթացքին Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարանին մէջ աւանդութիւն դարձած է Տեառընդառաջին կրակ վառելը, որ տեղի ունեցաւ վարժարանիս շրջափակին մէջ, երկուշաբթի, 13 փետրուար 2012-ին: Օրուան պատգամը հաղորդական ձեւով փոխանցեց եւ հրավառութիւնը կատարեց նախկին խանամիրեանական Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան, որ մեծ սիրով ընդառաջեց վարժարանիս հրաւէրին` նկատի ունենալով, որ ան այդ նոյն շարջափակին մէջ օր մը աշակերտ եղած էր: Ան իր խօսքին մէջ...

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ` ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ԱԶԳ. ՔՈԼԵՃԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 10 փետրուարին, կէսօրէ ետք, Սուրէն Խանամիրեան Ազգ. վարժարանին մէջ կը տիրէր ուրախ մթնոլորտ: Մանկապարտէզի եւ Ա. - Ե. կարգերու աշակերտները Բարեկենդանի տօնին առիթով ծպտուած եկան դպրոց: Անոնք կերան, խմեցին, պարեցին, ուսուցիչներու կողմէ պատրաստուած տարբեր խաղերով զուարճացան  եւ շատ ուրախ ժամանակ անցուցին: Խրախճանքի աւարտին ընտրուեցան իւրաքանչիւր բաժինէ (մանկապարտէզ, տարրական եւ նախակրթարան) երեք լաւագոյն ծպտուած աշակերտները, ինչպէս նաեւ` բացառիկ ծպտուած աշակերտը:...

Page 109 of 114 1 … 108 109 110 … 114

Արխիւներ