Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Պէյրութի Մասնաճիւղի Տարեկան Ձիւնագնացութիւն

March 9, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ 3 եւ կիրակի 4 մարտ, 2012-ին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի աւանդական տարեկան երկօրեայ ձիւնագնացութիւնը, «Սան Սիթի» պանդոկին մէջ, Աժալթուն: Հակառակ օդի աննպաստ պայմաններուն, սկաուտները եւ ծնողները, թիւով 228, շատ մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան: Ներկայ էին 147 սկաուտներ եւ 81 ծնողներ ու բարեկամներ:

Մասնաճիւղին 7 խնբաւորումները, ծնողները, բարեկամները շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին մեկնեցան դէպի Աժալթուն, «Սան Սիթի» պանդոկը , ուր գիշերեցին եւ ունեցան իրենց իւրայատուկ յայտագիրը, որ կ՛ընդգրկէր խմբային արշաւներ, խաղեր, դասախօսութիւններ, լողալ եւ այլն…

Ժամը 4:30-ին բոլոր խումբերը ժամանեցին պանդոկ: Մոկլիները (3-6 տարեկան) իրենց ժամանակը անցուցին պանդոկին մէջ խաղալով, լողալով եւ թատրոն պատրաստելով: Գայլիկները` (7-11 տարեկան) իրենց լողալու յայտագրէն ետք արշաւեցին դէպի մօտակայ անտառը, ուր լսեցին դասախօսութիւն մը : Արծուիկները լողալու յայտագրէն ետք կատարեցին զանազան մրցում-խաղեր: Արի եւ արենուշ խումբերը խմբակային ճոխ յայտագիրներով լեցուցին իրենց ժամանակը: Անոնք արշաւեցին դէպի մօտակայ բլուրը ուր խորովեցին գետնախնձոր եւ շագանակ, իսկ երէցներն ու պարմանուհիները ունեցան երկօրեայ ճոխ մարզական յայտագիրները` պանդոկին մէջ ու ձիւնին վրայ :

Կիրակի առաւօտ բոլոր խումբերը միասնաբար մեկնեցան դէպի Ֆէյթրուն, ուր ամէն մէկ խումբ ունեցաւ իր ձիւնի յայտագիրը` ձիւնամարդ շինել, վեցեակային մրցակցութիւն, սկաուտական ձեռային աշխատանքներ եւ այլն:

Ծնողներն ու բարեկամները դարձեալ իրենց յատուկ յայտագիրով ունեցան խաղեր ու մրցաշարքեր` ուրախ եւ զուարթ մթնոլորտի մէջ:

Ձեռնարկը, որ աշխուժացուց մասնաճիւղին ներքին մթնոլորտը եւ սկաուտ-ծնողք յարաբերութիւնները` միաժամանակ բոլորելով հաճելի ժամանակ, հասաւ իր նպատակին:

Վարձքը կատար բոլորին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի սկաուտներու լուրերը, նորութիւնները եւ նկարները տեսնելու համար կրնանք դիմել Facebook կայքէջի «homenetmen Beirut group»-ին http://www.facebook.com/?ref=tn_tnmn#!/groups/homenetmenbeirut/

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

Այնճարի Ձիւնը Արուեստի Գործի Դրսեւորման Առիթ Հանդիսացաւ

Յաջորդը

Համազգայինի «Արեգ» Թատերախումբը Նոր Ծրագիրներու Իրագործման Սեմին

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.