Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանանց Տօնակատարութիւնը Հայ Աւետարանական Քոլեճին Մէջ

February 27, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համաձայն տարիներու աւանդութեան, այս տարի եւս, 17 փետրուարին, Հայ աւետարանական քոլեճը միացեալ յատուկ ատենամարզանքով նշեց Վարդան Մամիկոնեանի ու անոր զինուորներուն հայրենասիրական գերագոյն սխրագործութիւնը` յանուն հաւատքի ու հայրենեաց իմացեալ մահը:

Գեղարուեստական յայտագիրը ստանձնած էր նախակրթարանը. 6-րդ, 5-րդ եւ 4-րդ դասարաններու աշակերտները յաջորդաբար արտասանեցին Ժագ Յակոբեանի «Վարդանական»-ը, Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց»-ը եւ Նայիրի Զարեանի «Վարդանանց»-ը:

Դպրոցի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան կատարեց բացման խօսքը եւ ներկայացուց օրուան հիւրը` Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Կոմիտաս արք. Օհանեանը: Սրբազան հայրը բոլոր աշակերտներուն հասկնալի լեզուով նախ ներկայացուց Աւարայրը կանխող քաղաքական եւ քաղաքակրթական դէպքերը, ապա Վասակ Սիւնիի, Ատոմեանց ու Վարդան Մամիկոնեանի կերպարներուն ընդմէջէն մատնանշեց պարտուողական տրամադրութեան, չդիմադարձող հաւատարմութեան ու արի կեցուածքի դրսեւորումները, որոնք յատուկ չեն միայն Ե. դարուն: Վկայակոչելով 1918-ի Սարդարապատի ու 1992-ի Շուշիի հերոսամարտերը` սրբազան հայրը ցոյց տուաւ Վարդանի ու զինակիցներուն քաջ ու հաստատամիտ կեցուածքին արդարացիութիւնը, երբ մեր հաւատքն ու հայրենիքը դրուած կ՛ըլլան մահուան ու փրկութեան նժարին: Հուսկ Կոմիտաս սրբազան կոչ ուղղեց աշակերտներուն, որ ապագային իրենց դիմագրաւելիք անձնական, ընկերային թէ ազգային տագնապներուն Վարդանանք ունենան իբրեւ տիպար:

Ատենամարզանքը աւարտեցաւ դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի շնորհակալութեան եւ փակման խօսքով:

Նախորդը

«Գրաբարի Անհրաժեշտութիւնը Աշխարհաբարի Տիրապետման Համար» Նիւթով Դասախօսութիւն Դպրեվանքի Մէջ

Յաջորդը

«Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր»-ուան Առիթով Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Աշակերտութեան Ուղղած Իր Պատգամին Մէջ` «Եթէ Արեւմտահայերէնը Չմնայ, Արեւմտահայաստանը Ազատագրող Չի Մնար» Կը Հաստատէ Յակոբ Պալեան

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.