Աստղա-Հնագիտական Վարկածներ Զօրաց Քարերուն Շուրջ
Ա.- Առաջին Սերունդ - Հերունի Եւ Այլք ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Մօտիկ անցեալին լրատուական միջոցներու մէջ կրկին մակերես ելաւ քաշկռտուք մը, որ կարելի չէր կոչել գիտական բանավէճ: Դրդապատճառը հնագէտ դոկտ. Ա. Փիլիպոսեանի զեկոյցն էր Զօրաց քարեր հնավայրի պեղումներուն շուրջ: (1, 2) Յայտնաբերուած հնածոներու մէջ զգայացունց նորութիւններ չկան: Պրոնզէ դարու դամբարաններու նուիրուած բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ հրատարակուած են: (3) Աւանդը.- Կողքի պրոնզեայ թերթիկը գտնուած...



















