Գիշե՛ր Բարի, Մարիա՛մ… (Ներշնչուած` «Լոսթ պըրտզ» ժապաւէնէն)
ԹԱՄԱՐ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ-ԳՈՒԶՈՒԵԱՆ Արեւը իր հրեղէն շունչը փչեց դէպ՛ երկինք, Ու կարմիր շղարշը նետեց լեռներու ետին: Դաշտերուն մէջ, զեփիւռը քնքուշ` Ցորեանները մեղմ օրօրելով, Թռչնակի չուերթին հետ օրուան հրաժեշտը տուաւ: Գիշե՛ր բարի, Մարիա՛մ. Գոցէ աչքերդ փայլուն. թող մանուկ հոգիդ ճախրէ՜ անկաշկանդ Դէպի երազդ ծաղկաւէտ, ուր իշխան-իշխանուհի, Ձեռք ձեռքի տուած` արեւի պայծառ շողերուն ներքեւ, Թիթեռներուն հետ կ՛երգեն գարունքը մեր աշխարհի: Քուն եղիր, Մարիա՛մ....



















