Գրողի Անկիւն. Սեւ Կատուն Եւ Ուրիշ Բաներ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Կը կարծեմ, որ շատերու համար ծանօթ անուն-բացատրութիւն մըն է այս «սեւ կատու»-ն, ինչպէս նաեւ անոր առնչուած եւ աւանդութիւն դարձած զանազան նախապաշարումները: Դարերէ ի վեր մարդիկ միշտ զգուշացած են, երբ հանդիպած են, կամ իրենց մօտէն եւ կամ ալ դիմացէն սեւ կատու մը անցած է, որովհետեւ անոր ներկայութիւնը մեկնաբանած են հետեւեալ ձեւով` «օրս ծուռ պիտի երթայ», «դժբախտութիւն մը պիտի պատահի»...



















