Յուշատետր. Մեզմէ Վերջ Մեզմէ Առաջ (Բ.)
Ռ. Հ. Մեծ ճշմարտութեան մը գիւտը ըրած ըլլալ չեմ յաւակնիր, եթէ ըսեմ, որ մինչ «Մեզմէ վերջ»-ուան մասին մտածելը կը խոցէ մեր սիրտը. «Մեզմէ առաջ»-ուան մասին մտածելը ոչինչ կը շարժէ մեր սրտին ու մեր զգացականութեան մէջ: Ի՛նչ տարօրինակ ճակատագիր է, Տէ՛ր Աստուած: Եթէ «Մեզմէ վերջ»-ը պիտի չտեսնենք, ասիկա ահաւոր կորուստ մըն է մեզի համար: Բայց եթէ «Մեզմէ առաջ»-ը չտեսանք, ատիկա երբեք...



















