Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխանութեան Ներքին Տրամաբանութենէն Կրնա՞յ Դուրս Մնալ Չարաշահումը

Հոկտեմբեր 16, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Մենք շատ կը գրենք եւ կը խօսինք մեր «փոքր ածու»-ին մէջ յայտնուող զանազան չարաշահումներու մասին: Կարծէք` գիւտ կ՛ընենք: «Կոռուպցիա»-ն` չարաշահման, կաշառակերութեան, դիրքի շահագործման եւ կողոպուտի իր տարբեր արտայայտութիւններով դարձած է անշրջանցելի եզրը մամուլի, լրատուութեան եւ քաղաքական ճառերու, հոն, ուր իշխանութիւն կայ: Եթէ երբեմն ինքնաքննադատական մօտեցում ցուցաբերենք, պիտի տեսնենք, որ չարաշահումը պատմական եւ համամարդկային ընթացք է` հակառակ եղած քննադատութիւններու, յեղափոխութիւններու, պատերազմներու, դատարաններու եւ կառափնատներու:

Փտածութիւններ եղած են եւ կան բոլոր երկիրներուն մէջ` տարբեր համեմատութիւններով: Անբուժելի վարակի պէս, հակառակ յայտարարուած պայքարներուն եւ պատիժներուն:

Հայերս, երբ այս երեւոյթին մասին խօսինք, կը կարծենք, որ նոր օրերու մարգարէ ենք: Իշխողը` անհատ կամ խմբաւորում, միշտ տարուած է անտեսելու, արհամարհելու եւ շահագործելու իր հպատակները եւ քաղաքացիները, որոնք յաճախ կը պատշաճին կացութեան, ամէն օր յեղափոխութիւն չեն ըներ: Կարծէք` իշխանութեան մկրտութեան աւազանին մէջ է խաթարումը: Համեստ եւ իրատես կը դառնանք, եթէ յաճախենք «մեծերու» դպրոցը, ինչպէս երբեմն կ՛ըսեմ եւ կը գրեմ: Փտածութիւնը (կոռուպցիա) ընթացիկ եւ սովորական երեւոյթ է ընկերութիւններու մէջ: Ան եղած է պատմութեան մէջ, ոչ մէկ ընկերութիւն անկէ զերծ մնացած է: Ան կայ նաեւ այսօր: Հայկական իւրայատկութիւն չէ: Այս հաստատումը ո՛չ յոռետեսութիւն է եւ ո՛չ ալ յուսահատութեան խոստովանութիւն: Պարզապէս` իրատեսութիւն, որ չի նշանակեր ձեռնածալ մնալ:

ԺԸ. դարու իմաստասէր Մոնթեսքիէօ խօսած եւ գրած է օրէնքներու մասին, իր միտքերը նախապատրաստած են ֆրանսական Մեծ յեղափոխութիւնը: Օրէնքի մասին իր գիրքը` «Օրէնքներու ոգին» (L՛esprit des Lois) դասական է, ըմբռնելու համար օրէնքները եւ կառավարումները, անոնց յարաբերականութիւնը: Մոնթեսքիէօ ունի խիստ դիպուկ արտայայտութիւն մը, որ այսօր ալ այժմէական է. «Ամէն մարդ, որ իշխանութիւն ունի, հակուած է զայն չարաշահելու» (Tout homme qui a du pouvoir est porté à en abuser): Յիսուս ալ ըսած էր. ան, որ երբեք չէ մեղանչած,  թող նետէ առաջին քարը… Քաղաքականութիւնը տոնքիշոթութիւն պէտք չէ խաղայ` հաւատալով եւ հաւատացնելով, որ ամէն տեսակի չարաշահումներուն դէմ պայքարելով` զանոնք արմատախիլ պիտի ընէ:

Մարդուն եւ ընկերութեան ինքնաընծայուած միակ կարելիութիւնը ողջմտութեամբ եւ արդարամտութեամբ չափի եւ սահմանի օրէնքներու որդեգրումն է պետութեան մը բոլոր օղակներուն մէջ, ինչպէս նաեւ բոլոր տեսակի կազմակերպութիւններու` բարեսիրական, ընկերային, քաղաքական, միութենական: Օրէնքը կը նմանի պատշգամի բազրիքին, վար չիյնալու համար, ֆրանսացի կ՛ըսէ` «garde-fous»: Ամէնէն աչքառուն պետական մակարդակով չարաշահումն է, զոր չափաւորելու եւ սահմանափակելու համար անհրաժեշտ են օրէնքներ եւ այդ օրէնքներով գործող համապատասխան կառոյցներ: Այս մտահոգութեամբ եւ գիտակցութեամբ է, որ հետեւելով Անգլիոյ` բազմաթիւ երկիրներ որդեգրած են իշխանութեան եւ կառավարման բաժանումը երեք գլուխներու տակ` օրէնսդրական, արդարադատական եւ գործադիր, որ ընդունուած կարգ է ժողովրդավարական երկիրներու մէջ: Այս համակարգով թագաւորը (կամ իշխանաւորը) չի կրնար ըսել, որ «ես եմ պետութիւնը» (L՛Etat c՛est moi)` հետեւելով ֆրանսայի Լուդովիկոս ԺԴ. թագաւորի խօսքին:

Միամիտ պէտք չէ ըլլալ. իշխանութիւն ձեռք բերելու եւ զայն պահելու համար անխուսափելիօրէն պիտի ըլլան, կ՛ըլլան զանազան բնոյթի չարաշահումներ: Ֆրանսացի մեծ գրող եւ թատերագիր Հանրի տը Մոնթերլան արագ եւ խիտ տարազումով բնորոշած է կացութիւնը: Կ՛ըսէ. «Չկայ իշխանութիւն: Կայ իշխանութեան չարաշահում, ուրիշ ոչինչ» (Il n՛y a pas le pouvoir. Il y a l՛abus de pouvoir, rien d՛autre): Այսինքն իշխանութեան գոյութեան եւ անոր պահպանման պայմանը չարաշահումն է, ծննդոցի եւ շարունակման, ի՛նչ ալ ըլլան թատերական եւ բարոյախօսական ճապկումները` հակառակը ըսելու: Նոյնքան լուսաբանող է անգլիացի քաղաքական դէմքի` Լորտ Աքթընի դիպուկ տարազը, ըստ որուն` «Ամէն իշխանութիւն կ՛եղծանէ: Բացարձակ իշխանութիւնը բացարձակօրէն կ՛եղծանէ»: Յիշել` Ստալինը, Հիթլերը, բոլոր բացարձակ իշխանութիւն հաստատած մենատէրերը, անցեալի եւ ներկայի, մոլորակի այս կամ այն շրջանին մէջ:

Իշխանութեան չարաշահման դրսեւորումները բազմաթիւ են, որոնք ծանօթ են, լրատուամիջոցները լայնօրէն կ՛անդրադառնան անոնց մասին. պաշտօններու իւրացում եւ բաժանում ընտանիքի անդամներու եւ ընկեր-բարեկամներու, պատասխանատուութիւններէ եւ պարտականութիւններէ խարդախութեամբ զերծ կացուցում, օրինակ` տուրքէ, տուգանքէ, դատական հետապնդումէ, զաւակներու համար ազգային-զինուորական ծառայութենէ խուսափում, ազդեցութեան բանեցում` վարձատրութեան փոխարէն եւ անպատժելիութեան հաստատում: Կը խօսուի բացայայտուած պարագաներու մասին միայն, իսկ ուրիշներ կը մնան ծածուկ, յաճախ` մեղսակցութիւններով: Այսինքն հանրային կարծիքը տեղեակ կ՛ըլլայ սառցալերան ծփացող-երեւցող մասին, իսկ մեծ մասը կը մնայ թաքուն, ջուրին տակ:

Օրէնքներով եւ կանոններով կարելի է սահմանափակել բոլոր տեսակի չարաշահումները եւ անոնց տարողութիւնը` գիտնալով, որ անոնք այլ տեղ եւ այլ ձեւերով պիտի շարունակուին: Երբ իշխանափոխութիւն տեղի չ՛ունենար, անգիտակցաբար եւ աստիճանաբար կը հաստատուի զանազան ձեւերով եւ արդարացումներով բացարձակ իշխանութիւն, եւ չարաշահումները հետզհետէ նուազ հակակշռելի կ՛ըլլան:

Որքա՜ն փափաքելի պիտի ըլլար, որ մեր «փոքրիկ ածու»-ն զերծ ըլլար ամէն կարգի բացասականութիւններէ, չարաշահումներէ: Ասիկա բարեմիտի ցանկութիւն է: Այդպէս չէ եւ այդպէս պիտի չըլլայ: Բայց պէտք է տեւաբար ձգտիլ հակակշռի, կանխարգիլման եւ բարոյականացման կառոյցներու ստեղծման, որոնք մշակուած են եւ կան ուրիշ երկիրներու մէջ:

Դժբախտաբար ամէն օր չեն ծնիր անանձնական մարդիկ, ինչպէս` Կանտի մը, եւ մեր «փոքրիկ ածու»-ին մէջ յայտնուած լուսաւոր դէմքեր, ինչպէս` Սիմոն Զաւարեան մը, Նիկոլ Աղբալեան մը, Արամ մը: Անոնց կենցաղի յիշեցումները զանգուածներուն կանխարգիլող օրէնքէ մը աւելի մեծ ազդեցութիւն կրնան ունենալ:

Կանխարգիլման մշակոյթ պէտք է ստեղծել օրէնքներով եւ անձի օրինակով, նոյնիսկ եթէ անձի օրինակը գտնել եւ անոր հետեւիլ քիչ մը երազել համարուի…

Եւ երբեմն ալ` լսել բանաստեղծութիւն եւ բանաստեղծ, նոյնիսկ երբ քաղաքականութիւն կը խաղանք նիւթական աշխարհի սեւ կուպրով պատուած մայրուղիներուն վրայ, կրկնել բանաստեղծին հետ, որպէսզի հոգիները մաքրուին ծինային-գենետիկ ախտէ, ոմանք կ՛ըսեն` յեղափոխութիւն, Պղատոն կ՛ըսէր` catharsis.

Օգնիր ինձ կեանքում ուղիղ ընթանալ,-
Եթէ քնած եմ` քնից արթնանալ,
Թէ դուռը բաց է` ի զուր չբանալ,
Եղածով երբեք չհանգստանալ
Եւ չասել, թէ իմ արածն արեցի:
Բանաստեղծը`  Եղիշէ Չարենց…

29 օգոստոս 2018, Երեւան

 

Նախորդը

Առանց Վերնագրի

Յաջորդը

Անդրադարձ Հայաստանի Հանրապետութիւն` 100-ամեակ Հանրապետութեան Կերտումը Եւ Իրաւական Քարտէսները

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?