Անդրադարձ

Արցախ Կրնա՞յ Ռուսեւամերիկեան Շահերու Բախման Կիզակէտ Ըլլալ

Արցախ Կրնա՞յ Ռուսեւամերիկեան Շահերու Բախման Կիզակէտ Ըլլալ

Ա. Ա. Հարաւային Կովկաս եւ Ռուսիա այցելութիւնը, զոր կատարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն լուսարձակի տակ բերաւ ամերիկեան քաղաքականութիւնը` տարածաշրջանին մէջ, ուր յստակ է, որ ռուսեւամերիկեան շահերու բախում կայ, ինչ կը վերաբերի Վրաստանի հողային ամբողջականութեան, անոր` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան, Իրանի նկատմամբ ամերիկեան կեցուածքներուն եւ, ընդհանրապէս, ամբողջ շրջանին մէջ ազդեցութեան գօտիի ստեղծման հնարաւորութիւններու եւ պատկերացումներու: Ազրպէյճանէն Հայաստան...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Պոլթընի Այցելութիւնները` Կովկասեան Տարածաշրջան

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պոլթընի Այցելութիւնները` Կովկասեան Տարածաշրջան

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճոն Պոլթընի այցելութեան դրդապատճառներն ու թայմինկը բաւական վերլուծումներու եւ եզրակացութիւններու դուռ կրնան բանալ: Առաջին հերթին, քանի մը կարճ տեղեկութիւններ` 22 մարտ 2018-էն ի վեր նախագահ Թրամփի կողմէ նշանակուած  Պոլթընի մասին: Ամերիկայի կարծր անձնաւորութիւններու դասակարգին կը պատկանի Պոլթըն, որ իր երկրի շահերը ամէն բանէ վեր կը գերադասէ, նոյնիսկ` մարդկային ամենադոյզն իրաւունքներէ եւ արդարութենէ: Բրիտանացի հանրածանօթ...

Տիգրանակերտի Մէջ Հինգ Քաղաքացիներէն Երկուքը Կը Խօսին Հայերու Հետ Ազգակցական Կապեր Ունենալու Մասին. Մկրտիչ Մարկոսեան

Տիգրանակերտի Մէջ Հինգ Քաղաքացիներէն Երկուքը Կը Խօսին Հայերու Հետ Ազգակցական Կապեր Ունենալու Մասին. Մկրտիչ Մարկոսեան

Թուրքիոյ ժամանակակից ամենայայտնի հայ գրողներէն Մկրտիչ Մարկոսեանը հարցազրոյց մը ունեցած է Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթին հետ` Տիգրանակերտի մէջ վերջերս տեղի ունեցած գիրքի ցուցահանդէսի մը մասին, որուն` ան հրաւիրուած է իբրեւ պատուոյ հիւր: Թուրքիոյ մէջ մեծ արձագանգ գտած «Կեաւուրի թաղը» գիրքին հեղինակը անդրադարձած է նաեւ  Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին ներկայիս ապրող քաղաքացիներուն` հայերու հանդէպ ունեցած վերաբերումին, անոնց անկեղծութեան, ինչպէս նաեւ` իսլամացուած հայերու հարցերուն:...

Սիմոն Զաւարեան. Հայու Յեղափոխական Ինքնամաքրման Խստաբարոյ Դաշնակցականը

Սիմոն Զաւարեան. Հայու Յեղափոխական Ինքնամաքրման Խստաբարոյ Դաշնակցականը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Հոկտեմբեր 27-ի օրը, ամէն տարի, հայաշխարհի չորս ծագերուն, Հայաստանի ու հայութեան ամբողջական ազատագրութեան տեսլականով տոչորուող գաղափարի ընկերներ իրենց սրտի ու մտքի խորանին առջեւ երկիւղածութեամբ կ՛ոգեկոչեն անմեռ յիշատակը` խօսքն ու գործը, անբասիր վարքն ու անմնացորդ անձնուիրումը մեր ժողովուրդի Աշխարհիկ Սուրբին` Սիմոն Զաւարեանի: 27 հոկտեմբեր 1913-ին Պոլիս հրատարակուող ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»-ի խմբագրատունէն ոտքով տուն երթալու ամէնօրեայ իր ճամբու ընթացքին 47...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունուար Ա. –   2018 Տարին Կը Բացուի Նոր Լարուածութեան Սրումով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.- Տեղքայլը Նահանջ Է

Սուրիահայ համայնքը վերակազմակերպման փուլի սեմին է: Անհրաժեշտ է սակայն, որ համայնքը վերակազմակերպուի ոչ միայն շինարարական աշխատանքներու, կառոյցներու վերականգնումին առումով, այլեւ` միութիւններու, մշակութային, հանրային կեանքի, կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան  որակի բարելաւումով: Համայնքի կրթական, մշակութային, հանրային կեանքէն ներս տեղքայլ արձանագրելը թոյլատրելի չէ այլեւս: Եթէ վերակազմակերպման պիտի նախաձեռնենք, ուրեմն բոլոր մարզերէն ներս էապէս կարեւորութիւն պէտք է տանք որակի բարելաւումին: Այս իմաստով, հանրային գործիչը, կրթական...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Չինաստանի Ռազմավարութիւնը Ծոցին Մէջ` Ուժանիւթային Գործօնէն Անդին

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 2008-ին Համիշ Մքրայ «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթին մէջ գրեց «Կարմիր վիշապը կ՛արթննայ» խորագիրով յօդուած մը, ուր կ՛ըսուի, ըստ յօդուածագիրին, որ տասնամեակ մը ետք Չինաստան իր դերը պիտի ունենայ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ եւ մրցակցի Միացեալ Նահանգներու հետ համաշխարհային տնտեսութեան առաջնութեան համար: 10 տարիներ անցան, եւ Մքրայի գուշակութիւնը ճիշդ դուրս եկաւ: Այս ուսումնասիրութեամբ կ՛ուզեմ անդրադառնալ կարգ մը պատմաբաններու եւ քաղաքագէտներու կարծիքին`...

Պատարագը Համերգ Չէ

Պատարագը Համերգ Չէ

ՏԷՐ ԹՈՐԳՈՄ ՔՀՆՅ. ՉՈՐՊԱՃԵԱՆ Հայց. առաքելական ս. եկեղեցւոյ պատարագը հրաշալիք մըն է: Բառերուն կողքին, անոր երաժշտութիւնը պատարագին մասնակիցը կը փոխադրէ երկնային ոլորտներուն ամէնէն անճանաչելի սահմանները, ուր մարդուն միտքն ու տրամաբանութիւնը չեն կրնար հասնիլ: Պատարագը երկիրը երկինք փոխադրող հոգեւոր տապանն է, որուն մէջ մեր հոգիները անպայման կը բացուին աստուածային լոյսին ու տիրական ներկայութեան: Պատարագով մեր երկրաւոր միտքերը կը փոխակերպուին, մեր մարմնաւոր...

Եթէ Ջոջերը Գրաբար Սորվին, Կ՛ըլլան Համեստ Եւ Իմաստուն

Եթէ Ջոջերը Գրաբար Սորվին, Կ՛ըլլան Համեստ Եւ Իմաստուն

ՄԱԿԱՐ ի Գաղղիա Կեդրոնականցի Արմենակին հետ կը զրուցէինք: Այս Կեդրոնականցի ակումիտին*, ոչ անկուտին, հայկական լրատուամիջոցները, թերթերը, ձայնասփիւռները եւ հեռատեսիլի կայանները ժամ պէտք է տան, որպէսզի հանրային դաստիարակութեամբ զբաղի: Լեղի սուրճէն ետք, եղանակի արեւոտ յետմիջօրէին, Արմենակ գրպանէն թղթիկ մը հանեց եւ ըսաւ. - Ժողովուրդին գրաբար պէտք է սորվեցնել, որպէսզի համեստ եւ իմաստուն դառնայ: Կեդրոնականցիին միտքերը կը յիշեցնեն Պուտտայի ուսուցումը: - Արմենա՛կ,...

Խմբագրական.  Հայաստանի Եւ Արցախի Ժողովուրդներուն Համաձայնութիւնը. Նաե՛ւ Սփիւռքին

Խմբագրական. Հայաստանի Եւ Արցախի Ժողովուրդներուն Համաձայնութիւնը. Նաե՛ւ Սփիւռքին

Միացեալ Նահանգներու նախագահի անվտանգութեան հարցերու խորհրդականին Երեւան կատարած այցելութեան առիթով հնչած տեսակէտներուն մեկնաբանութիւնները առատ են: Միջազգային անդրադարձը առաւելաբար Իրանի մեկուսացման քաղաքականութեան ընդհանուր շրջածիրին մէջ կը շարունակէ դիտարկել հարցը եւ կարեւորել Պոլթընի Իրանի սահմանակից երկիրներուն մէջ ամերիկեան գործօնի ազդեցիկութեան բարձրացումը: Իրանի մեկուսացման օրակարգը հիմնական առաջադրանքներէն մէկը ըլլալով հանդերձ յայտարարութիւններուն մէջ կային առանցքներ, որոնք կարելի չէ շրջանցել: Արցախեան հակամարտութեան հանգուցալուծման պատկերացումը Պոլթըն...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Հայաստանի Նոր Բարեկամները` Ըստ Ճոն Պոլթընի

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճոն Պոլթընը hայաստանեան իր առաքելութիւնը լրումին հասցուց` առանց յուսախաբ ընելու: Ան չթաքցուց իր կառավարութեան հետապնդած նպատակները տարածաշրջանէն ներս եւ չքողարկեց ամերիկեան ակնկալիքները Հայաստանէն: Պոլթընը նոյնիսկ խոյս չտուաւ Հայաստանի մէջ իշխանութեան փոփոխութիւնը հովանաւորողի տպաւորութիւնը ձգելէ: Ոգեւորուած իր թողած տպաւորութենէն` թելադրական ոճով ան յայտնեց լրագրողներուն. «Եթէ (դեկտեմբերի) ընտրութիւններու արդիւնքներով Փաշինեանը եւ իր քաղաքական խմբակը մեծ...

Ոչ Թէ Ծոյլ, Այլ` Ուսումնական Յատուկ Կարիքներ Ունեցող

Ոչ Թէ Ծոյլ, Այլ` Ուսումնական Յատուկ Կարիքներ Ունեցող

ՇԱՂԻԿ ԿՈԿՈՆԵԱՆ-ՉԱՄԻՉԵԱՆ Կրթական վերամուտը ընթացք առաւ, եւ դպրոցական տարեշրջանը գտաւ իր սովորական ընթացքը: Հանդիպեցանք ժպտուն դէմքերով աշակերտներու եւ ծնողներու գեղեցիկ նկարներու: Լսեցինք դպրոցներու աշակերտութեան թիւին, ուսումնական ծրագիրներուն եւ դպրոցներու վերանորոգման աշխատանքներուն մասին: Բայց շատ քիչ կ՛անդրադառնանք այն ոսկեայ կամքով աշակերտներուն, որոնց համար, ցաւ ի սիրտ, եւ` մեր յանցանքով, վերամուտը այնքան ալ ուրախ առիթ մը չէ: Բաւարար չափով չենք անդրադառնար այն...

Ռեփլիքի Կարգով

ՅԱԿՈԲ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Յօդուածագիրին մտահոգութիւնները տեղին գտնելով հանդերձ, պարզապէս կ՛ուզենք նշել, որ «Ազդակ»-ի 5 հոկտեմբերի մեր թիւով անդրադարձած էինք Արարայի ճակատամարտի 100-ամեակին` յատուկ յօդուածով մը, որ կը կրէր «Հարիւրամեակ Արարայի յաղթանակին . Պաղեստին (14 սեպտեմբեր 1918-1919¬սեպտեմբեր 2018) Արեւելեան Լեգէոնը կը դառնայ հայկական լեգէոն - Légion Arménienne» խորագիրը եւ Լեւոն Ճերմակեանի ստորագրութիւնը (https://www.aztagdaily.com/archives/410900): ԽՄԲ. Այսօր ոչ ոք չի կասկածում` սփիւռքը օր օրի...

Երկրի Խորհրդանիշերը Հրանդ Մարգարեանի «Քարաձայն Պատարագ» Գրքում

Երկրի Խորհրդանիշերը Հրանդ Մարգարեանի «Քարաձայն Պատարագ» Գրքում

Նուիրւում է Հրանդ եւ Ժանետ Մարգարեանների ծննդեան 80-ամեակին ԿԱՐԻՆԷ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ Բանասիրական գիտութիւնների թեկնածու ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի գիտաշխատակից 2018թ. հոկտեմբերի 6-ին Հրանդ Մարգարեանը բոլորեց երկրային կեանքի 80-րդ տարին: Հայ նորագոյն շրջանի մշակոյթի պատմութեան մէջ նա քաջածանօթ ու սիրուած անուն է: Ծնուել է Իրաքում` Եղեռնից մազապուրծ վանեցիների ընտանիքում, այնուհետեւ բարձրագոյն կրթութիւնը ստացել, ապրել ու գործել է Միացեալ Նահանգներում:...

Կարօտցանք.   Գէորգ Տէմիրճեանի Յիշատակին

Կարօտցանք. Գէորգ Տէմիրճեանի Յիշատակին

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Սիրելի՛ պապ, Պիտի խոստովանիմ, որ այս անգամ գրիչ շարժելը բաւական դժուար եղաւ: Փորձեցի ուժերս հաւաքել, զգացումներուս վրայ մեծ քար մը դնել եւ ճիգ ընել յաւուր պատշաճի մարդկային ու ազնիւ արժանիքներուդ ու ազգային ապրումներուդ, վաստակիդ ու բարի յիշատակներուդ մասին գրել, բայց չյաջողեցայ: Չկրցայ այդ ձեւով մտքերս հաւաքել ու անցեալին մասին խօսիլ, որովհետեւ զգացի, որ տակաւին չեմ կրցած բացակայութեանդ հետ...

Ժիւլիեթ Հինտեան-Կիրակոսեանի Թարմ Յիշատակին.  Անձնազոհ, Բարեսէր Ու Բազմահմուտ Հայուհին

Ժիւլիեթ Հինտեան-Կիրակոսեանի Թարմ Յիշատակին. Անձնազոհ, Բարեսէր Ու Բազմահմուտ Հայուհին

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ «Իսկական հերոսները մեր մայրերն են» ՓՈԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ «Հիանալի արուեստագիտուհի, մեր ընտանիքի իսկական սիւնն ու մեր հօր ստեղծագործական խորհրդածութեան, զօրակցութեան ու  ներշնչման գլխաւոր աղբիւրն էր մեր մայրը: Ան վերջապէս միացաւ մեր հօր, երկինքի մէջ»: Վերոնշեալ այս տողերով կը գուժէին Փոլ Կիրակոսեանի ընտանիքի անդամները իրենց մօր` Ժիւլիեթ Հինտեան-Կիրակոսեանի մահը, որ պատահեցաւ քառասուն օրեր առաջ, 24 սեպտեմբերին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան: Ծնողները`...

Հանրութեան Պառակտում` «Մեծ Սիրոյ» Փաթեթաւորմամբ

Երբ Չես Ընտրւում, Որպէսզի Ընտրուես…

ԱՐՏԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Այսպիսին է մեր իրողութիւնը` կապուած ՀՀ վարչապետի չընտրութեան, ՀՀ ԱԺ արտահերթ ընտրութիւնների եւ, վերջապէս, հին վարչապետի նոր ընտրութեան հարցում: Որ տարօրինակ ժամանակներ ենք ապրում, եւ ոչինչ արդէն զարմանալի չէ, շատերս ենք համոզուել: Որ` փետրուարը 31 օր կարող է ունենալ, դա էլ ամենավտանգաւորը չէ: Նոյնիսկ օրէնքի տառին է համապատասխանում այն, որ կարող ես առաջադրուել վարչապետ ու ամէն ինչ անել,...

«Ինչպէ՜ս Հայհոյեմ…»

«Ինչպէ՜ս Հայհոյեմ…»

ՌԻԹԱ  ՈՐԲԵՐԵԱՆ Սոյն վրդովմունքը կու գայ ողբացեալ Պօղոս Սնապեանէն եւ վերնագիրն է իր նոյնանուն վէպին, զոր ան հրատարակեց ներգաղթի առաջին օրերուն, երբ մրցանիշ կոտրող աղմկարարութիւն մը տեղի ունեցաւ եւ դատի առնուեցան Օշականի անձը, ինչպէս եւ անոր գրականութիւնը. «Ըսուեցան անմիտ բաներ: Տպուեցան չգրուելիք բաներ», այս էր մեկնակէտը գրոհին: Սնապեանին այս վէպը կու տայ հարազատ պատկերը այդ օրերու Պէյրութի եւ Հալէպի դաժան...

Սպարտակ Սէյրանեան. «Եթէ Պատկերասփիւռային Բանավէճեր Տեղի Պիտի Ունենան Քաղաքական Նորաձեւութեան Տուրք Տալու Համար, Սա Ընդամէնը Ձեւականութիւն Է»

Սպարտակ Սէյրանեան. «Եթէ Պատկերասփիւռային Բանավէճեր Տեղի Պիտի Ունենան Քաղաքական Նորաձեւութեան Տուրք Տալու Համար, Սա Ընդամէնը Ձեւականութիւն Է»

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Սպարտակ Սէյրանեանը մտահոգութիւն ունէր ընտրութիւններուն մասնակից քաղաքական ուժերու պատկերասփիւռային բանավէճերուն առնչութեամբ: Դիմելով արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Արտակ Զէյնալեանին` ան ըսաւ. «Օրէնքի նախագիծին մէջ կան դրոյթներ, որոնք կը միտին ընտրական գործընթացը հանրութեան աւելի հասանելի դարձնել, ուստի կուսակցութիւններու գաղափարներուն, մօտեցումներուն իմաստով կարեւոր է, որ այս գործընթացը մտած է պատկերասփիւռային բանավէճերու ձեւաչափ, բայց այստեղ մտավախութիւն մը ունիմ`...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Սահմանադրական Գործընթացը Պէտք Է Պահպանուի Ամէն Գնով

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Կը փորձեմ մօտէն հետեւիլ երկրի իրադարձութիւններուն` գիտնալով հանդերձ, որ քաղաքական ուժերու փոխհաղորդակցութեանց ներկայի թէժ մթնոլորտին մէջ շարք մը կարեւոր նրբութիւններ անպայման պիտի խուսափին մեր հասողութենէն: Պէտք է յամենայն դէպս ողջունել այն ակնյայտ փաստը, որ այժմ կը գտնուինք քաղաքական փոխյարաբերութիւններու ոլորտին մէջ` ի տարբերութիւն փողոցային առճակատման: Պր. վարչապետն ու իր կուսակցութիւնը ի վերջոյ ընտրեցին խոհեմութեան ճանապարհը եւ տուն ճամբեցին...

Նամականի

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ. Հայաստանը` Ուսուցիչներու Հանրապետութիւն

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչակազմին մասին վերլուծում կատարող մտաւորական, որ ծանօթ է ՀՅ Դաշնակցութեան փիլիսոփայութեան վերլուծական իր հատորով,  փիլիսոփայութեան դոկտոր Ե. (Երուանդ) Ֆրանգեան (1878-1928) հետեւեալ ուշագրաւ ու այժմէական, ուսանելի յօդուածը գրած է «Յառաջ»-ի 30 նոյեմբեր 1919-ի թիւին մէջ (1), արեւմտահայերէնի վերածուած: Երուանդ Ֆրանգեան «Յառաջ» 30-11-1919 «Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛որակեն իբրեւ հայ ուսուցիչներու հանրապետութիւն: «Բնորոշումը ճիշդ է, բայց ասոր մէջ հեգնական կամ...

Page 497 of 806 1 … 496 497 498 … 806

Արխիւներ