Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հինէն Մեզի

October 25, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Խաչի ձեւով հիւսուած ձեռագործ մըն է ընդամէնը: Հին սովորութիւն մը` բարի, պապենական. դէպի արմատներ խորասուզող զգացում մըն է նաեւ, դէպի ինքնութիւն, որ ահա այս գեղեցիկ ձեռագործ խաչին մէջ կը կենդանանայ կարծես:

Աշակերտուհիս հիւսած էր զայն ու որպէս յիշատակ` նուիրած ինծի ճամբորդութեանս նախօրէին: Բայց հետաքրքրականը այն է, թէ ի՛նչն էր արդեօք, որ աշակերտուհիս մղած էր այս հին ձեռարուեստը սորվելու եւ հիւսելու: Ծնո՞ղը, որ զաւկին մէջ նախասիրութիւն կ՛որոնէ ու ամէն ինչ կը փորձէ, որպէսզի յայտնուի զաւկին հակումը, բանի մը հանդէպ սէրը, մինչեւ որ յայտնուի շնորհքը անոր մէջ…

Որքա՜ն գեղեցիկ հիւսած է ձագուկը Վանի գործով այս խաչը: Հալէպի Օգնութեան խաչի կեդրոնին մէջ տարիներ շարունակ աւանդուեցաւ Մարաշի, Վանի, Սվազի եւ այլ գաւառներու յատուկ ասեղնագործութիւն: Կեդրոնը որոնեց այս ձեռարուեստներուն ունակ կիներ ու զանոնք պահելու ու փոխանցելու նուիրեալ աշխատանքի մը ձեռնարկեց` դասընթացքներ կազմակերպելով: Ձագուկը յաճախեց այդ կեդրոնը ու ահա գեղեցկութիւն մը յայտնագործած է ան իր մատղաշ մատիկներով:

Կը յիշեմ մեծ մայրս, որ երբ կը սորվեցնէր ինծի ձեռագործին միլը բռնել, հիւսել. նախ ան ալ խաչ մը հիւսել տուած էր: Խաչը կը կրէ մեր նախնիներուն օրհնանքը, աղօթքը, սկիզբ առած այս գործը օրհնեալ շարունակութեամբ մը աւարտելու խորհուրդը:

Պահեր կ’ըլլան, չէ՞, երբ կը թերթենք հինէն մնացած յուշեր, բան մը մեզ կը մղէ վերապրելու նախկինը, կանչ մը խուլ, ձայն մը անլսելի, թաքուն հաղորդակցութիւն մը մեզ կը տանի շա՜տ հեռուն: Ինքնութեան որոնումն է, որ մրափին մէջ գալարուող հին ու խորհրդաւոր ուժի մը նման երբեմն գլուխ ցցելով ու իր պահանջը ներկայացնելով ձեւով մը, պատկերով մը կը սթափի ու կ՛ըսէ` «Ես հոս եմ»:

Ահա այս ձագուկին մատիկներով հիւսուած այս խաչը ներքին կանչին արդիւնքը չէ՞ միթէ, որ կեանք կ՛առնէ տասնամեակներ առաջ հիւսուած ձեռագործներու նմաններուն ընդմէջէն:

Կը թերթեմ համացանցը, կ՛որոնեմ հայկական ձեռագործներու մասին գրութիւններ, պատկերներ: Զարմանալի է` իւրաքանչիւր գաւառին հիւսուածքը միւսին չի նմանիր, իւրաքանչիւր գաւառին տարազը` նոյնպէս: Իւրաքանչիւրը ունի իր ինքնութիւնը, դրոշմը, ամբողջ պաստառին մէջ` յստակ պատկեր մը ինքնուրոյն:

Հայ գաւառական տարազները նոյնպէս ձեռագործներով զարդարուած են: Ո՛չ Սասնոյ հարսանեկան տարազը կը նմանի Մշոյ հարսանեկան տարազին, ո՛չ Արցախինը` Վանի տարազին… եւ այսպէս` շարունակ: Ու դրոշմները կողք կողքի շարուելով, կը հիւսեն միասնութիւն մը` «Հայ» անունը կրող:

Դրոշմներն են, որոնք դարեր շարունակ կ’ապրին, կը վերապրին, կը գոյատեւեն, կը հաստատեն իրենց գոյութիւնը` յայտնուելով յանկարծ մէկու մը յոխորտանքին մէջ` «Ես սասունցի եմ», միւսին` պարին, ուրիշին` տարազին:

Սակայն բոլոր գաւառներու տարազներուն վրայ նկատելի է միաւորող բան մը` խաչի երեւոյթը ձեռագործ հիւսուածքով: Անկախ ամէն ինչէ` գոյնէ, ձեւէ, զարդանախշերու տարբերութիւններէ, բոլորին վրայ անխտիր գոյ է խաչաձեւ հիւսուածք մը: Խաչը ի սկզբանէ ուղեկցած է մեզի, ինչպէս` բոլոր վանքերուն ու սրբավայրերուն մէջ գոյութիւն ունեցող խաչքարերը:

Հարսանեկան տարազները նաեւ չար հոգիներէն պաշտպանող ուլունքներով հարուստ են: Հաւատքի անխօս լեզուն է ասիկա, անգիր փոխանցում մըն է նաեւ` ուլունքներով, հիւսուածքներով: Ինչո՛ւ ոչ` նաե՛ւ հաւատքի հզօրութեան փոխանցում:

Ո՞ր ծնողը չէ ունեցած հզօրութեան զգացումը, երբ իր զաւակը բեմին վրայ հայկական տարազով ու պարով ներկայացած է: Տարազ մը, որ նախնիներու տարազին նմանակն է, հինէն եկած հզօր գոյութիւն մը, որ ունի իր շարունակականութեան ձեւերը:

Մինչ պարը, պարը ունի իր իւրայատուկ լեզուն, անիկա պաշտամունք է, սէր է, յաղթանակ է, աւանդութիւն է, ծէս է եւ մանաւանդ` կենցաղի անբաժան մէկ մասնիկն է, որ իւրաքանչիւր պարի ձեւով խորհուրդ մը կը փոխանցէ:

Աշակերտուհիիս այս յիշատակը ի՜նչ որոնումներու դուռ բացաւ…

«Ժամանակ»

Նախորդը

Կեդրոնականցին Խօսեր Է Դերասանի Հետ

Յաջորդը

22 Եւ 24 Հոկտեմբեր 1975- Հայ Դատի Ուժական Պայքարին Ահաբեկչական Շղթայազերծումը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.