Մօրս Աչքերը
ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ Մօրս աչքերն յաճախ խոնաւ են եղած, երկինքներու արեւամերձ տարածքն այդ` չարտաբերուած բառի մը ջերմութեամբ` հայեացքիս մէջ պահելու: Տարագրութեան անչափելի տարիներուն, թաշկինակի կարիքն ան կորսնցուցած էր ի սպառ, արտասուքն իր գոգնոցով կը ցամքեցնէր: Կը թուէր, թէ ան իր դէմքը երկու անգամ կը ցօղուէր. իր օրուան մէջ, կարծես երկու առաւօտներ ըլլային: Մէկը` նօսր մեր աչքերուն մէջ կայթող` միւսը` - անցեալ...




















