Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ական Պերճուհի (Շաքէ) Նարկիզեանի Յիշատակին. Ծառայասէր Ու Հոգատար Հայուհին

June 13, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժողովուրդներու գոյատեւման կեանքին մէջ առանցքային դեր ունին հասարակական, ընկերային կառոյցները, միութենական թէ կազմակերպական խմբակները: Կամաւոր այդ անհատ անդամները անշահախնդիր եռանդով կը գործեն ի սպաս իրենց անդամակցած միութեան: Կամաւորական այդ խմբակներու արական թէ իգական դէմքերու ,բանակըե կը կազմեն այն նուիրեալները, որոնք իրենց անհատական ,եսե-ը կը զոհեն ի սպաս ,մենքե-ին` հաւաքականին, ընկերութեան, համայնքին եւ ժողովուրդին: Այդ կամաւորներու ճիգերը կ՛արդիւնաւորուին շնորհիւ իրենց յօժարակամ, պարկեշտ, պարտաճանաչ, գիտակից ու յանձնառու գործունէութեան` ,սեւ աշխատանքինե: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը ճոխ է նման կառոյցներու կազմութեան, գործունէութեան ու իրագործումներու օրինակներով: Այդ կենդանի ,հերոսներուե փաղանգի ջանքերուն արգասիքն են յետցեղասպանութեան շրջանին ոչինչէն աշխուժ ու գործունեայ գաղութներու կազմութիւնը աշխարհի չորս ծագերուն:

,Սեւ աշխատանքե տանող այդ փաղանգին կը պատկանէր Պերճուհի (Շաքէ) Նարկիզեանը (ծնեալ` Գարավարդանեան), որ քառասուն օրեր առաջ հեռացաւ այս աշխարհէն` խոր սուգի մատնելով իր հարազատներն ու բարեկամները: Համեստ ընտանիքի զաւակ` Պերճուհի կամ ինչպէս ծանօթ էր` Շաքէ քոյրիկը, երիտասարդ տարիքին ամուսնացած, մայր էր երկու զաւակներու` մանչ մը եւ աղջիկ մը: Նկարագիրով հեզ ու հանդարտ այս ԼՕԽ-ականը սիրուած ու յարգուած էր շուրջիններէն ու հեռաւորներէն: Ան աշխուժ ու բծախնդիր էր իր ստանձնած պարտականութեան եւ առհասարակ` գործունէութեան մէջ: Ան եղած էր բարեպաշտ կին, հոգածու մայր եւ մեծ մայր, զուարթ հայուհի մը` իր մօտիկ շրջանակներուն մէջ:

Ազգասէր այս հայուհին անդամ էր ԼՕԽ-ի Ռաուտայի շրջանի ,Հեղուշ Փափազեանե մասնաճիւղին, ուր նաեւ վարչական պաշտօն վարած է։  Կամաւորաբար ծառայած է նոյն շրջանի՝ «Էհլան»-ի հովանաւորութեամբ  գործող բժշկական ծառայութեան կեդրոնին մէջ՝ որպէս օգնական հիւանդապահուհի  տոքթոր Սիրվարդ Չոպանեանին մօտ (հանգուցեալ)։

Պերճուհի Նարկիզեան, հազարաւոր ԼՕԽ-ականներու նման, իր ֆիզիքական կարողութեան ներած սահմաններուն մէջ, սիրայօժար մասնակցած էր շրջանի հայ ընտանիքներուն այցելելու կամաւոր աւանդութեան` մերթ ԼՕԽ-ի հանգանակութեան օրուան, թէ ,Պնակ մը կերակուրե-ի եւ այլ առիթներով նպաստի  օժանդակութիւն խնդրելով, հոգալու համար շրջանի կարիքաւորներու տարրական կարիքներու ծախսերը: Ան ալ, բազմաթիւ ԼՕԽ-ականներու նման, ժրաջանօրէն այցելած էր շրջանի հայութեան տուները` ԼՕԽ-ի տարեկան օրացոյցը կամ ընկերային ձեռնարկի մը տոմսերը վաճառելու:

Սակայն, ինչպէս շատերու պարագային, Պերճուհի Նարկիզեանն ալ տարիքի բերումով տկարացաւ, յոգնեցաւ ու հետզհետէ անկողնին ծառայող հիւանդի կացութեան մատնուեցաւ` մնալով իր հարազատներու խնամքին ենթակայ: Անոր  համակ կեանքը օրինակ մըն է հազարաւոր այլ կամաւոր հայուհիներուն նման, որոնք իրենց մտաւոր թէ ֆիզիքական կարելիութիւններու եւ ունակութեան սահմաններուն մէջ ծառայած են իրենց շրջապատին` լուրջ ու պարտաճանաչ գիտակցութեամբ, առանց որեւէ ակնկալութեան,  հեռու` ցուցամոլութենէ եւ սին յաւակնութիւններէ: ,Հրամէ, սուրճ մը խմէե կամ` ,Վարձքդ կատար, ընկերուհիե եւ նման սրտաբուխ  արտայայտութիւններ ինքնին գոհունակութիւն կը պատճառեն Պերճուհիին (Շաքէին) եւ իր նմաններուն:

Կը մնայ, որ Պերճուհի Նարկիզեանն ու անոր գործունէութիւնը արժեւորող հարազատներ թէ բարեկամներ իրագործեն անոր անկատար փափաքները` վառ պահելով անոր յիշատակը:

Փունջ մը ծաղիկ` շիրիմիդ, սիրելի ընկերուհի Պերճուհի (Շաքէ քոյրիկ):

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկերուհի:

ՍԳԱԿԻՐ ՄԸ

Նախորդը

Ի՞Նչ Ընել Առօրեայ Մեր Գործընթացէն Արտադրուած Աւելցուքը

Յաջորդը

Հայ Քաղաքական Խօսոյթը Եւ Համաշխարհային Մարտահրաւէրները

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.