Հայ Դատ

Եթէ Թուվալու Ճանչնայ Ղարաբաղի Անկախութիւնը… «Թուրքիա Ետ Պիտի Ուզէ՞ Ֆութպոլի Գնդակները»

Թուրքիոյ մէջ քանի՞ հոգի լսած է Թուվալու անուն պետութեան մը անունը, կղզիներու փոքրիկ, շատ փոքրիկ պետութիւն մը, որ կը գտնուի Խաղաղական ովկիանոսին մէջ, Աւստրալիայէ քիչ մը հեռու: Վատիկանի կամ Մոնաքոյի նման, աշխարհի քանի մը շատ փոքրիկ պետութիւններէն մէկն է Թուվալու, որուն անունը, սակայն շաբաթ օր թուրք հանրային կարծիքին համար բարձր հնչեց Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապուած լուրի մը կապակցութեամբ: «Հիւրրիյէթ»-ն էր,...

«Երազանք Չկայ», Կամ` Հայկական Փրիքէրիըթը

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Հակառակ Եւրոպայէն մինչեւ Հիւսիսային Ամերիկա տնտեսական յարաբերաբար դրական վերջին լուրերուն` անգործութեան տոկոսի նուազում Միացեալ Նահանգներու մէջ, Յունաստանի սնանկացման վտանգի հեռացում, ընկերային բեւեռացման եւ անարդարութեան ուրուականները կարծես եկած են մնալու: Թէ նոր ազատական համաշխարհայնացումը պիտի յանգէր այս իրավիճակին` այդ մասին ադէն շատոնց գրուած էր: Աւելի՛ն. հարաւամերիկեան ամենազարգացած տնտեսութիւններու փլուզումը քսանմէկերորդ դարու շեմին, ընկերային լայնածաւալ պայթումներն ու անոնց յաջորդած...

Հարցազրոյց Ջաւախքի Հայկական Հասարակական Կազմակերպութիւններու Խորհուրդի Համակարգող Արտակ Գաբրիէլեանին Հետ. Ջաւախահայութեան Հարցերը Համահայկական Են

Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող, «Ա-Ինֆօ» լրատու գործակալութեան տնօրէն Արտակ Գաբրիէլեան Եւրոպայի մէջ քաղաքական եւ համայնքային հանդիպումներու շարք մը իրագործեց: Ան Աթէնք գտնուեցաւ կարճ ժամանակամիջոցի մը համար, որուն առիթով «Ազատ Օր»-ի խմբագրութիւնը տեսակցութիւն մը ունեցաւ անոր հետ: «ԱԶԱՏ ՕՐ».- Վերջին տասնօրեակին, հանդիպումներու շարք մը կատարեցիք եւրոպական շրջանակներու մօտ: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք նախնական արդիւնքները: ԱՐՏԱԿ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ.- Պրիւքսելի Հայ դատի յանձնախումբի...

Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը. Ահաւասիկ Այդ 100 Հազար Հայէն Մէկը

Քաղաքական խաղաքարտի կարգավիճակով եւ որեւէ պաշտպանութենէ զուրկ, պարզապէս իր օրապահիկին համար աշխատող 100 հազար փախստականներէն մէկն էր Նարինէն, որ չկայ հիմա: Վարչապետ Էրտողան Օպամային ըսեր է. «Խնդրե՛մ, ամէն տարի աս Հայոց ցեղասպանութեան հարցը օրակարգի  բերելէ հրաժարեցէ՛ք եւ ամէն գարնանամուտին մեզ ճնշումի տակ մի՛ պահէք: Իսկ Օպաման իբրեւ պատասխան` ըսեր է. «Անշո՛ւշտ, իրաւունք ունիք, բայց այսինքն քաղաքականութիւնը... ի՞նչ կրնանք ընել, ես...

Ցաւակցելու Եւ Ներողութիւն Խնդրելու Հարց

ԱՐԱ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ Երբ պատանի էի եւ աւելի վերջ նոյնիսկ` համալսարանի ուսանող, որոշ ժամերու հանրակառքով կամ հանրաշարժով ճամբորդութիւնը, բազմութեան պատճառով, կարեւոր հարց էր: Մանաւանդ եթէ պէտք ըլլար կայարան մը իջնել, ատեն առաջ կը պատրաստուէինք, որպէսզի մօտենանք մեր ելքի դրան եւ առանց շարժավարը սպասցնելու` կարենայինք դուրս նետուիլ: Փորերնիս ներս քաշած, շատ անգամ մեր ձեռքի պայուսակը մարդոց գլխէն աւելի բարձր բռնած, միշտ մեր...

Յիշենք Ու Յիշեցնենք

Շուրջ ամիս մը առաջ էր, որ Պաքուէն մինչեւ Պոլիս եւ Պոսթըն, թուրք եւ ազերի քարոզչական մեքենան բողոքի ցոյցերով, կեղծ լուսանկարներով, անհիմն պնդումներով աշխարհին կը յիշեցնէր եւ արդարութիւն կը պահանջէր «Խոջալուի ցեղասպանութեան» համար: Մէկ կողմ թողելով Խոջալուի դէպքի հանգամանքներուն մանրամասնութիւններէն զայն «ցեղասպանութիւն» անուանելու անհեթեթութիւնը, անհանդուրժելի է այդ «ելոյթներ»-ուն աջակցած մարդկային ողբերգութեան համար ցաւակցողներուն լկտիութիւնը: «Խոջալու»-ի կողքին ոչ մէկ տեղ կար Պաքուի,...

Պոլիս Ապաստանած Հայաստանցիներու Տխուր Կեանքին Մասին Ժապաւէն Մը. «Ես Հայաստանցիները Կը Նմանցնեմ Գերմանիոյ Մէջ Աշխատող Թուրք Գործաւորներու», Կ՛Ըսէ Բեմադրիչը

Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը հրամցնենք երկու յօդուածներ` քաղուած պոլսահայ մեր պաշտօնակից «Մարմար»-էն: «Ազդակ» նախապէս բազմաթիւ առիթներով անդրադարձած էր օրապահիկ մը ճարելու համար Թուրքիա եւ մանաւանդ Պոլիս «պանդխտութեան» գացած մեր տարաբախտ հայրենակիցներու ստրկացման վիճակին: Այս անգամ այդ վիճակը լուսարձակի տակ կ՛առնուի թուրք լրագրող-բեմադրիչի մը կողմէ: Հետաքրքրական ու հեգնական զուգադիպութեամբ, Թուրքիոյ վարչապետը գրեթէ նոյն օրերուն կը տեսակցէր Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ, ապա...

Հիլալ Գափլան. «Հարիւրամեակէն Առաջ Պէտք Է Լուծել Այս Հարցը»

«Ենի Շաֆաք» թերթի յօդուածագիր Հիլալ Գափլան, հիմնուելով Նեշէ Տիւզելի կողմէ վերջին օրերուն «Թարաֆ»-ի մէջ պատմագէտ Թաներ Աքչամին հետ կատարուած հարցազրոյցին մէջ Աքչամի կողմէ պարզուած տեսակէտներուն վրայ, կ՛ընէ իր անձնական վերլուծումները: Հայկական հարցի լուծման մասին Թաներ Աքչամ հետեւեալ առաջարկները ներկայացուցած էր. Հայկական նիւթին մասին Ամերիկա այս տարի ալ շատ տարբեր դիրքաւորում պիտի չորդեգրէ: Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Թուրքիոյ վրայ կրցածին չափ ճնշում...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հայութեան Եւ Հայերէնի… Ջաւախքը

Իւրայատուկ երկիր է Վրաստանը իր հարիւրաւոր տարբեր տեսակի ժողովուրդներով եւ ցեղախումբերով, այնքան մը լրջօրէն կարելի է հարցադրել, թէ մեծամասնութեամբ փոքրամասնութիւններով բաղկացած հողաշերտ մը ինչպէ՞ս կարելի է ղեկավարել: Տեղւոյն խորհրդարանի մէկ յատուկ նիստին կողմէ ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան շրջանային համաձայնագիրին վաւերացումը յուսադրիչ կը նկատուէր, այն առումով, որ շրջանի զանազան խնդիրները վերջապէս կրնային ստանալ արմատական լուծում: Այս իւրայատուկ կացութեան մէջ կը գտնուի Ջաւախքը,...

Դարպաս. Այց Սահմանամերձ Չինարի Գիւղ

Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանի ամենաթէժ կէտում` մշտական կրակոցների տակ գտնուող Չինարի գիւղի բնակիչները հպարտութեամբ ասում են, որ Հայաստանն սկսւում է հէնց իրենց գիւղից, ու իրենք են հայրենիքի հիւսիսարեւելեան դարպասը: Հրադադարի մասին պայմանագրի կնքումից 18 տարի անց էլ չեն դադարում կրակոցները Երեւանից շուրջ 250 քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող Տաւուշի մարզի Չինարի գիւղում, որի` Ազրպէյճանի հետ ձգուող սահմանի երկարութիւնը 28 քմ. է:...

Սամասթ Կը Խօսի Կարգ Մը Անձերու Մասին, Որոնք Զինք Մղեցին Այս Ոճիրը Գործելու, Բայց Ասիկա Կը Թեթեւցնէ՞ Անոր Մեղքը

Սամասթին Հետ Թրքական Դրօշակին Առջեւ Լուսանկարուած Ոստիկանն Ալ Պաշտօնի Բարձրացում Ունեցաւ «Թարաֆ» թերթը հրատարակեց Հրանդ Տինքի ոճրագործ Օկուն Սամասթի հետ Գանտըրայի բանտին մէջ կատարուած հարցազրոյցներ, նաեւ` անկէ ստացուած նամակէ մը ընտրուած պատճէններ, որոնք կարծես համակրանքի ալիք մը կը ստեղծեն Օկիւն Սամասթի անուան շուրջ: «Թարաֆ» այն թերթը չէ անշուշտ, որ պիտի ուզէր ներելի ու անմեղ ցոյց տալ Օկիւն Սամասթը, բայց հարցազրոյցին...

Պատերազմի Վերսկսման Հաւանականութիւնն Աստիճանաբար Աճում Է

ԱՐԻՍ ՂԱԶԻՆԵԱՆ               Վերջին շրջանում վերլուծաբաններն աւելի յաճախ են խօսում ղարաբաղեան ճակատում աշխուժ ռազմական գործողութիւնների վերսկսման իրական հեռանկարի մասին, ընդ որում` այդ պատերազմի նախաձեռնողը, ըստ բոլոր դատողութիւնների, Ազրպէյճանն է: Մի կողմից հասկանալի է, որ Ազրպէյճանը չի կարող իրականում շահագրգռուած լինել պատերազմով, քանի որ դրա վերսկսումը վտանգի տակ կը դնի նաւթային խողովակաշարերի եւ կազամուղների գործունէութիւնը,...

Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Կը Ջանայ Ինքզինք «Մաքուրի Հանել» Խոջալուի Հանրահաւաքի Ընթացքին Բարձրացուած Պաստառներու Խնդրին Մէջ

Վերջին շաբաթներուն Խոջալուի դէպքերու տարելիցին առիթով կազմակերպուած հանրահաւաքները առիթ հանդիսացան թրքական ազգայնամոլութեան` հրահրելու հայատեացութիւնը: «Ֆաշիստ» թուրքերու ստեղծած մթնոլորտը հակակշռելու փութացին «բարեացակամ» թուրքեր, որոնք Խոջալուի համար ցաւ յայտնելով հանդերձ, մերժեցին ազգայնամոլ ու կոյր հայատեացութիւնը: Անշուշտ, «բարեացակամ» թուրք ցուցարարներէն ու յօդուածագիրներէն ոչ մէկը յանդգնեցաւ մատնանշել Խոջալուի դէպքերու «ցեղասպանական» պիտակի անհեթեթութիւնը, կամ անդրադառնալ այդ դէպքերու իսկական պատասխանատուները բացայայտող տուեալներուն: Այնուհանդերձ, «Ազդակ» պոլսահայ իր...

«Ազատարար Տերսիմցիներ» Ասացուածքը Վե՞րջ Կը Գտնէ

1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին տերսիմցի ալեւի ցեղախումբերու կողմէ հազարաւոր հայեր փրկելու իրողութեան մասին յաճախ գրուած է: «Ակօս» թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ յօդուածագիր Ֆունտա Թոսուն տեղեկութիւններ կը քաղէ 1938-ի Տերսիմի ըմբոստութեան եւ անոր յաջորդող զանգուածային ջարդերուն մասին ուսումնասիրութիւն կատարող Թալին Պահչեւանօղլուէն: Ըստ Պահչեւանօղլուի, Տերսիմի այլազգ բնակչութեան ոչ բոլոր հատուածները ձեռք երկարած են հայերուն: Այս մէկը իրականութեան կը համապատասխանէ,...

Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդը` Թուրքին Խօսքի Ազատութեան Եւ Հայուն… Կեանքի Իրաւունքին Միջեւ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Դժուար չէ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ իշխանութիւններն ու հակահայ թրքամոլութեամբ կատղած զանգուածները մեծագոյն ցնծութեամբ ողջունեցին Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին վերջին` փետրուար 28-ի որոշումը, որ «հակասահմանադրական» հռչակեց Ֆրանսայի օրէնսդիր իշխանութեան զոյգ պալատներուն կողմէ հաստատուած` Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական յանցագործութիւն ու օրէնքով պատժելի իրաւախախտում յայտարարող հանրածանօթ օրինագիծը: Եւ ինչպէ՜ս չցնծար հայասպան Թուրքիան, որ ուղղակի մոլեգնած էր ի լուր եւ ի տես Ցեղասպանութեան...

Ինչպէ՞Ս Հակազդել Վերաքննիչ Դատարանի` Ապահովագրական Պահանջներուն Դէմ Ուղղուած Որոշումին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Անցած շաբաթ Դաշնակցային վերաքննիչ դատարանը ապշեցուցիչ որոշում մը ընդունեց: Միաձայն որոշումով դատարանը չեղեալ յայտարարեց Քալիֆորնիոյ օրէնքը, որ թոյլ կու տար Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն` դատ բանալ կեանքի ապահովագրական ընկերութիւններու դէմ, վերջիններուս կողմէ դրամական հատուցման պահանջները չկատարուելու պատճառով: Հիմք ընդունելով «հազուադէպօրէն կիրարկուող» կամ «մենաշնորհեալ հարց»-ի սկզբունքը` դատարանը նահանգին օրէնքը ճանչցաւ հակասահմանադրական` պնդելով, որ անիկա կը հակասէ դաշնակցային կառավարութեան մենաշնորհը...

Թաքսիմի Հակահայ Ցոյցը Քննադատող Թրքական Կեցուածքներ

«Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Խոջալուի պատահարներուն 20-ամեակին առիթով անցեալ կիրակի Թաքսիմի մէջ կատարուած հանրահաւաքը բուռն քննադատութիւններու առարկայ դարձած է թրքական զանազան թերթերու մէջ, որոնց աշխատակիցները` դատապարտելով հանդերձ Խոջալուի մէջ կատարուած սպանդը, անընդունելի կը գտնեն այդ ոգեկոչման ընթացքին կատարուած հակահայ գրգռութիւնն ու կարգախօսները: Որոշ աղբիւրներ պնդած են, որ ասիկա պետութեան ցուցմունքով ու քաջալերութեամբ կատարուած ձեռնարկ էր: Օրհան Քեմալ Ճենկիզ «Ռատիքալ»...

«ԽՈՋԱԼՈՒՆ» ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՊԱՔՈՒԻ ՇԱՀԱՐԿՈՒՄՆԵՐԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽՆ Է

Ազրպէյճանում սկսուել է աւանդական  հակահայկական քարոզարշաւը` կապուած Խոջալու բնակավայրի (գիւղ ԼՂՀ տարածքում, 1992 թ դէպքերի հետ, երբ վերջինս 1988-90թթ. Ադր.ԽՍՀ-ի կողմից աշխուժօրէն բնակեցւում էր, մասնաւորապէս` Ուզպեքստանի Ֆերկանայի հովտի թուրք-մեսխեթներով: Ընդսմին,  պաշտօնական քարոզչութիւնը չի խորշում ոչ մի միջոցից` նպատակ ունենալով հայկական կողմին ի ցոյց դնել որպէս ողբերգութեան մեղաւոր եւ համաշխարհային հանրութեան գիտակցութեանը եւ սեփական ժողովրդի կարծիքին ներարկել հայատեացութեան թոյնի մի նոր...

ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՅԼԱՄԵՐԺՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԶԵՐԻԱԿԱՆ ԱՒԱՏԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահը, քանի մը օր առաջ Աթէնք կատարած իր այցելութեան ընթացքին, յունահայութեան հետ հրապարակային հանդիպում մը ունենալով եւ ազատագրեալ Արցախի կտրած ուղին, ներկայ հանգրուանը եւ վաղուան հեռանկարները ներկայացնելով` ի միջի այլոց դիտել տուաւ, թէ Արցախի պայքարին խորքը քաղաքակրթական է, արժէքային ներհակ համակարգերու միջեւ բախում է: Նախագահ Բակօ Սահակեան յայտնապէս գործի՛ մարդ է եւ այնքան ալ խօսքի...

ԲՈՂՈՔ` ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՐԱՑՈՂ ԻՒՂՈՒՐԻ ԴԷՄ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը հինգշաբթի, փետրուար 9-ին բողոքի նամակ մը յղած էր Քալիֆորնիոյ Դեմոկրատ կուսակցութեան` դատապարտելով կուսակցութեան Յառաջդիմական համախմբումը, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող թուրք մը` Չենք Իւղուրը, հրաւիրած էր ելոյթ ունենալու կուսակցութեան համագումարին ընթացքին: Նման բողոքագիր մը յղած էր նաեւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ դեմոկրատներ կազմակերպութիւնը: Համագումարը տեղի ունեցաւ անցած շաբաթավերջին, Սան Տիէկոյի մէջ: Այս բողոքներուն հիման վրայ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին...

Page 47 of 53 1 … 46 47 48 … 53

Արխիւներ