Սեփական Հաշիւներով
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Նախագահ Օպամայի պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջանը նախանշող երդման արարողութիւնը պատմական իրադարձութեան մը պսակով փառաւորելու ամէն ճիգ թափուած էր: Թէ՛ կազմակերպուած հանդիսութիւնները եւ թէ՛ մանաւանդ նախագահին ճառով արտայայտուած յանդուգն կեցուածքները պէտք էր ապահովէին այդ պսակը: Ինծի համար, սակայն, այս օրուան խորհուրդը այլ ձեւով ընկալուեցաւ: Ահա՛ քաղաքական գործիչ մը, որուն հանդէպ միլիոնաւոր ամերիկացիներ մեծ յոյսեր կապեցին` երկրին մէջ հիմնական փոփոխութիւններ իրականացնելու...
