Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախաբան. Հրանդ Տինք Հիմնարկի 2013-ի Օրացոյցի

January 15, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌՈՊԵՐ ՔՈՓԹԱՇ

Կարգ մը բառերու ներշնչածը անմիջապէս ժխտական կ՛ըլլայ: Ինչպէս` սահման բառինը… Զայն լսելով մեր ներքին աշխարհը կը մթագնի, մենք մեզ անկիւն մը սեղմուած կը զգանք: Կը գանգատինք անդադար այն պայմաններէն, որոնք կը սահմանափակեն մեր ցանկութիւններուն իրագործումը, եւ յաճախ ալ ամբողջ կեանք մը կ՛անցընենք` ջանալով զանոնք փոխել: Բայց, միւս կողմէն ալ, չենք կրնար մենք մեր` նոր սահմաններ ստեղծելուն արգելք ըլլալ: Մէկ խօսքով, սահմաններուն հետ մեր գործն ալ չի վերջանար, մեր պայքարն ալ:

Մարդ ըլլալու խոհագրին մէջ թաքնուած է սահմանները գլելով յառաջանալու օրէնքը: Այս առումով, մարդկութեան պատմութիւնը կը բաղկանայ գլուած սահմաններու պատմութենէն: Այն սահմանները, զորս չենք կրնար գլել, կը հանդիսանան մեր դատապարտումը: Մեր վախերուն բանտարկեալը կը դառնանք:

Սահմանները միայն պետութիւններու միջեւ չեն, ամէն տեղ են: Մեր առօրեայ կեանքին իւրաքանչիւր պահուն կը բախինք անոնցմէ մէկուն: Մերթ մեր դէմ կը ցցուին փակ դրան մը ետին, մերթ` երկու սրտերու միջեւ: Միայն իշխանութիւնները կամ դրութիւնները չեն, որոնք սահմաններ կ՛արտադրեն: Մարդուն մարդու առջեւ դրած սահմանը ամէնէն ազդուն կ՛ըլլայ, անհատական բնոյթ ունենալուն պատճառով ալ ամէնէն վերջ աչքի կը զարնէ, հետեւաբար ամէնէն դժուար յաղթահարելին կ՛ըլլայ:

Երբեմն կը դիմենք սահմաններուն` մեր ներաշխարհը պաշտպանելու համար: Այս տեսանկիւնէն, սահմանները կրնան ձեւով մը վերածուիլ այն երաշխիքին, որուն կարիքն ունինք մեր մտերմութեան պաշտպանութեան համար: Բայց, եթէ շատ վարժուինք անոնց, կը սկսինք մեր շուրջը հիւսել հաստ պատեր` մեզի հարկ եղածէն շատ աւելի ապահովութեան համար, ուստի կը կանգնինք մեր ու մեր կեանքին միջեւ: Ի վերջոյ, մեզ միւսներէն անջատող իւրաքանչիւր սահման մեր կենսական տարածութիւնը քիչ մը աւելի կը նեղցնէ:

Մեր մտային սահմանները կրնան ֆիզիքականներէն շատ աւելի խափանարար յայտնուիլ: Այն բաները, զորս չենք հասկնար, կամ սխալ կը հասկնանք, մեր վախերը, վեր նախապաշարումները… ասոնք կրնան պատեր քաշել դէպքերուն, միւսներուն եւ մեր միջեւ: Իշխանութիւններն ալ արդէն ամէնէն շատ կը սնանին թաքուն այս սահմաններէն, որոնք կեանքը մղձաւանջի կը վերածեն:

Սակայն վերջը կրկին մէկը կը նետուի պատմութեան բեմ, կը փորձէ գլել պարտադրուած բոլոր սահմանները, կը ներշնչէ մեզ` բոլորս: Սահմանները գետնին հաւասարեցնող պատմութիւնները` այն մարդոց, որոնք  յաջողած են անկարելիութիւններու ընդմէջէն ձեռք ձգել այն, ինչ որ կը տենչային, կամ այն, ինչէն զուրկ ձգուած էին, իրականութեան մէջ մեզի կ՛ապացուցեն, թէ սահմանը հսկայ խաբկանք մըն է: Իսկ ստեղծարարութեան անսահմանութիւնը մեր առջեւ կը բանայ նոփ-նոր աշխարհներ: Հոն, յուզումով յայտնաբերման կ՛ելլենք, մենք մեզ եւ տիեզերքին հետ կը ծանօթանանք:

Մեր ազատութիւնը կաշկանդող սահմանները` քիչ, գլուած սահմանները` շատ, նոփ-նոր տարի մը կը մաղթենք ձեզի:

 

 

Նախորդը

Պակսողը Գաղափարները Չեն. Գաղափարներու Ոգի՛ն Կորսուած Է

Յաջորդը

«Լռութեան Ձայնը. Խօսում Են Տիգրանակերտցի Հայերը»

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.