Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ալիեւեան Տրամաբանութի՞ւն, Թէ՞ … «Դրամաբանութիւն»

January 18, 2013
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարեվերջին թէ տարեսկիզբին, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, զանազան առիթներով, իր պոռոտախօսութեամբ, խեղաթիւրումներով եւ ցեխարձակումներով գործի լծուեցաւ` շարունակ քննադատելու եւ հարուածելու Արցախն ու Հայաստանը:

Անոր խօսքերը սպասուածէն շատ աւելի կծու եւ յարձակողական էին, այնքան մը, որ նոյնիսկ կարելի չէ տրամաբանական նկատել: Կարմիր գիծ անցնելու հասկացողութիւնն ալ կարելի չէ նկարագրել անձի մը համար, որ Արցախ թէ Հայաստան կը նկատէ ազերի հողատարածք, Շուշիէն ու Ստեփանակերտէն մինչեւ Սիւնիք եւ Երեւան:

Բ. Համաշխարհային պատերազմի հիթլերեան ճառախօսութիւններուն նման, Իլհամ «Ֆիւրըր» Ալիեւ իր ամանորեայ խօսքին մէջ թէ վերջերս, Պաքուի մօտակայքը, գաղթական ընտանիքներու համար նոր թաղամասի մը բացումը կատարելու ընթացքին, յերիւրած էր իր սուտ ու փուտ տեղեկութիւններն ու հաստատումները:

Իր այս արտայայտութիւններով Ազրպէյճանի ղեկավարը ինքզինք կը հակասէ եւ յատկապէս կը գործէ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած քանի մը սկզբունքներուն դէմ, որոնց կարգին` յատկապէս ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը եւ ուժի սպառնալիքի դիմելը:

Փոխարէնը` Ալիեւ տարածքային ամբողջականութեան եւ այս գծով ալ, հակասական ձեւով ներկայացնելով, շեշտադրումներ կը կատարէ, որ ո՛չ թէ կրնայ մտահոգել հայորդին, այլ նոյնիսկ` ոչ ազգայնամոլ ապրումներու տէր տեղացի ազերին:

Միշտ ալ յենած իր նիւթական պաշարին` ան տրամաբանութեան փոխարէն «դրամաբանութիւն» է,  որ կը բանեցնէ:

Տրամաբանական «դրամաբանութի՞ւն», թէ՞ «դրամաբանական» տրամաբանութիւն… Այսպէս Յանցագործութեան եւ փտածութեան տեղեկագրութեան ծրագրին կողմէ տարուան զեղծարար անձնաւորութիւնը ընտրուած Ալիեւ,  կառչած մնալով իր տիտղոսին եւ բնականաբար սկզբունքներուն, առանց նշելու Նախիջեւանի մէջ հետեւողական ձեւով քանդուող խաչքարերուն ճակատագիրը, կը յանդգնի յայտնելու, թէ …«բռնագրաւեալ» հողերուն վրայ ամէն ինչ քանդուած է, եւ իբր թէ պատմական բոլոր յուշարձանները քանդուած են հայ կողոպտիչներու, հայ բարբարոսներու կողմէ:

Դեռ աւելի՛ն. Ազրպէյճանի ղեկավարին խոստումը` իր երկրին դրօշակը Շուշիի ու Ստեփանակերտի վրայ ծածանեցնելու շատ աւելի ծաւալողապաշտ եւ անխոհեմ մօտեցում մըն է, որ կրնայ դժուարացնել առանց զէնքի եւ ուժի գործածութեան, Արցախի հիմնահարցը լուծելու գործընթացը:

Մինչ այդ, հայոց պատմութենէն Ալիեւի անտեղեակ ըլլալը կարելի է նկատել փաստ մը աւելի, որ «Տարուան մարդ»-ի կոչումը կը շնորհուի իր գործունէութեան դաշտը հանդիսացող տարածաշրջանի այն գործիչին, որ ուշադրութիւն կը գրաւէ յանցագործութեան, փտածութեան եւ տգիտութեան առնչուող իր արարքներով:

Նախորդը

«Ուուո՜ւխ, Թուրքիայում Նորից Հայ Են Սպաննել»

Յաջորդը

Ալզասեան Հանդիպումներ. «Չեմ Գիտեր` Ինչպէ՛ս Կ՛ընեն…»

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.