Ցեղասպանութեան Ականատեսին Գիրքը Թրքերէն Թարգմանուած Է
Երեքշաբթի, փետրուար 18-ին, թրքական «Փենճերէ» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Հայոց ցեղասպանութեան ականատես Արշալոյս (Օրորա) Մարտիկանեանի «Բռնաբարուած Հայաստան» («Ravished Armenia») գիրքին թրքերէն տարբերակը: Թարգմանութիւնը կատարած է Տիրան Լոքմակէօզեանը: Գիրքին մէջ Արշալոյս Մարտիկանեանը` իբրեւ Ցեղասպանութենէն վերապրող մը, կը պատմէ իր կեանքի պատմութիւնը: Յատկանշական է, որ թրքական «Թարաֆ» թերթի փետրուար 18-ի թիւի «Մշակոյթ եւ արուեստ» բաժինին մէջ Էօզլեմ Արթան գրած է Արշալոյս Մարտիկանեանի...
















