Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Հայկական Վարժարանները Բազմաթիւ Հարցեր Կը Դիմագրաւեն

February 7, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

armenianschoolԹուրքիոյ մէջ այսօր գոյութիւն ունին միայն 16 հայկական դպրոցներ եւ 3000 հայ աշակերտներ: 16 դպրոցներն ալ կը գտնուին Պոլսոյ մէջ, ուր Թուրքիոյ 60 հազար հայութեան մեծամասնութիւնը կը բնակի: Երեսուն տարի առաջ այդ դպրոցներուն աշակերտութեան թիւը ներկայ թիւին կրկնապատիկն էր: Կացութիւնը ամբողջովին տարբեր էր Օսմանեան ժամանակաշրջանի վերջին հանգրուանին, երբ ամբողջ Անատոլուի տարածքին գոյութիւն ունէին շուրջ 2000 հայկական վարժարաններ եւ աւելի քան 170 հազար աշակերտներ:

Թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին մէջ  Փոլ Պենճամին Օսթըրլանտ կը գրէ, թէ վերջերս յայտնի դարձած է, որ Թուրքիոյ մէջ նախակրթարանէն երկրորդական կրթութեան փոխանցման յատուկ քննութեան ներկայացած ոչ իսլամ աշակերտները կը պատժուին` չպատասխանելով կրօնական, մշակոյթի եւ բարոյական գիտութեան բաժինի յատուկ հարցումներուն: Իրողութեան մէջ, ոչ իսլամները այդ քննութիւնը չեն կատարեր: Գործուած սխալը հետագային կրթութեան նախարարութեան կողմէ սրբագրուեցաւ, երբ փոքրամասնութեանց դպրոցները գանգատ ներկայացուցին: Սակայն նախքան այդ, հայ աշակերտներու շրջանակին մէջ նկատառելի իրարանցում տիրեց: Այսպիսի հարցերը փոքր հարցեր են, որոնք խորքին մէջ հայկական դպրոցներուն ներկայիս դիմագրաւած աւելի մեծ խնդիրները կ՛արտացոլացնեն:

Թուրքիոյ հայկական դպրոցները նիւթական եւ իրաւական մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն: Այլ հիմնական արգելք մըն է նաեւ այս հարցերը մամուլին մէջ բացայայտ կերպով արծարծելուն պատճառով պատժամիջոցներու ենթարկուելու վախը: Հայ կրթական մշակներու կարծիքով, ոչ իսլամական համայնքներուն ու անոնց հաստատութեանց դէմ խտրականութիւնը տակաւին արմատացած կը մնայ պետական համակարգին մէջ: «Զաման» այցելած է երկու դպրոցներ եւ զրուցած շարք մը ուսուցիչներու ու տնօրէններու հետ, որոնց մեծամասնութիւնը խնդրած են իրենց անունները չհրապարակել: Անոնք բացատրած են, որ կը վախնան առանց պաշտօնական արտօնութեան մամուլի հետ կապի մէջ մտած ըլլալու համար կրթութեան նախարարութեան կողմէ հետաքննուելէն:

Միջնակարգ դպրոցի մը տնօրէնը բացատրած է, որ հայկական վարժարանները արտառոց կացութեան մէջ են, որովհետեւ ո՛չ անձնական, ո՛չ ալ պետական դպրոց նկատուած են: Հայերուն, յոյներուն եւ հրեաներուն, որոնք Թուրքիոյ երեք «պաշտօնական» փոքրամասնութիւններն են, արտօնուած է իրենց կրօնական եւ կրթական հաստատութիւնները ունենալ, սակայն մեծ սահմանափակումներով: Հայկական վարժարան կրնան յաճախել միայն այն թուրք քաղաքացիները, որոնց ծնողներէն առնուազն մէկը հայ է: Պետութիւնը կը նշանակէ դպրոցին փոխտնօրէնը, ինչպէս նաեւ թրքական պատմութեան, լեզուի, գրականութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչները: Անոնք իրենց ամսականները կը ստանան պետութենէն, մինչ մնացեալ ծախսերը կը մնան ծնողներուն, անհատ նուիրատուներու եւ ֆոնտերու ուսերուն: Դպրոցներէն պահանջուած է աշակերտները ընդունիլ` անկախ այն իրողութենէն, թէ կրթաթոշակը կրնան վճարել, թէ ոչ, ինչ որ մնայուն լարուածութեան եւ ելեւմտական բեռի աղբիւր մըն է:

Թուրքիոյ մէջ այսօր գոյութիւն ունին միայն 16 հայկական դպրոցներ եւ 3000 հայ աշակերտներ: 16 դպրոցներն ալ կը գտնուին Պոլսոյ մէջ, ուր Թուրքիոյ 60 հազար հայութեան մեծամասնութիւնը կը բնակի: Երեսուն տարի առաջ այդ դպրոցներուն աշակերտութեան թիւը ներկայ թիւին կրկնապատիկն էր: Կացութիւնը բոլորովին տարբեր էր Օսմանեան ժամանակաշրջանի վերջին հանգրուանին, երբ ամբողջ Անատոլուի տարածքին կային շուրջ 2000 հայկական վարժարաններ եւ աւելի քան 170 հազար աշակերտներ:

Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ Օսմանեան կայսրութեան հայերը գլխաւորաբար կը բնակէին ներկայ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներուն մէջ: Ատկէ նուազ քան տասնամեակ մը ետք, այդ թիւը նուազած էր նուազ քան կէս միլիոնի: 1915-ին հարիւր հազարաւոր օսմանցի հայեր արմատախիլ եղան եւ դէպի Սուրիոյ անապատները բռնի քշուեցան:

1923-ին` Թուրքիոյ Հանրապետութեան հաստատումէն ետք, հայերուն թիւը շարունակեց նուազիլ շարք մը քաղաքականութիւններու եւ ոչ իսլամ համայնքները թիրախ դարձնող դէպքերու պատճառով: 1942-ի հարստութեան տուրքի նպատակը Համաշխարհային Բ. պատերազմի Թուրքիոյ մասնակցութիւնը ֆինանսաւորելն էր, սակայն անհամեմատ կերպով գործադրուեցաւ ոչ իսլամներուն վրայ: Կալուածներ գրաւուեցան ու աճուրդով ծախուեցան, իսկ անոնք, որոնք վճարելու անկարող էին, Էրզրում նահանգին մէջ աշխատանքային ճամբար ուղարկուեցան:

Այլ տնօրէն մը յայտնած է, որ իրենք ելեւմտական եւ կրթական դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, եւ պետութիւնը երբեք չէ աջակցած իրենց: Հայերը ինքնութեան մեծ հարց մը կը դիմագրաւեն: Անոնց չէ արտօնուած հայոց պատմութեան առնչուող որեւէ բան դասաւանդել: Հայերէնով արտօնուած նիւթերը լեզու եւ գրականութիւն են միայն:

Անոնք չեն կրնար թրքական պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչները ընտրել: Այս ուսուցիչները կ՛ուղարկուին կրթութեան նախարարութեան կողմէ: Կացութիւնը ներկայիս մասամբ աւելի լաւ է, որովհետեւ հայկական դպրոցներուն մէջ թուրք ազգայնական ուսուցիչներ այլեւս չկան:

Հայ ընտանիքները իրենց զաւակները անձնական եւ այլ օտար դպրոցներ կ՛ուղարկեն: Ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի նման լեզուները հայերէնէն աւելի կարեւոր կը նկատուին: Ներկայիս Պոլսոյ հայ ուսանողներուն նուազ քան 50 առ հարիւրը հայկական վարժարաններ կը յաճախէ:

«Զաման» կը նշէ, որ իրենց այցելած հայկական երկու դպրոցներուն աշակերտները սահուն հայերէն կը խօսին: 11-րդ դասարանի աշակերտ մը նշած է, որ մինչ ինք եւ եղբայրը հայերէն կը խօսին, իր ծնողքը այդ լեզուն երբեք չէ սորված: Բայց եւ այնպէս, աշակերտները իրարու հետ առաջին հերթին թրքերէն կը խօսին եւ իրենք զիրենք այդ լեզուին մէջ հանգիստ կը զգան:

Նախորդը

Ռումանիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Հանդիպումը Ռումանիոյ Մէջ Զուիցերիոյ Դեսպանին Հետ

Յաջորդը

Յիշողութեան Ճամբորդութիւն

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.