Մուշի Պատմական Հայկական Տուներուն Մէջ Ուսումնասիրութիւն Կը Կատարուի
ԴՈՆԱՐԱ ԹՈՐՈՍԵԱՆ Ներկայիս Արեւմտահայաստանի Մուշ քաղաքին մէջ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան ստեղծած յանձնաժողովը «Քաղաքային փոխակերպում» անունով ուսումնասիրութիւն կը կատարէ հայկական պատմական թաղամասին մէջ, ուր վերջին շրջանին հայկական տուներ աւերուած էին: Յանձնաժողովի անդամները այցելած են Մուշի հայկական թաղամասը, որ հին ատեն կոչուած է «Ամրոց», ուսումնասիրած հայկական տուներու, եկեղեցւոյ, այլ շինութիւններու վիճակը: Աշխատանքներէն ետք յանձնաժողովի անդամները կոչ ուղղած են` պահպանելու այս շրջանի պատմութիւնը,...
















