
«Մէկ չգրուած օրէնք կայ. իրենց երեխաները իրարու հետ կ՛ամուսնացնե՛ն»
Սասունի հայերու միութեան անդամ Եփրեմ Պաղը ոսկերիչ է, «Bag» ոսկերչական ընկերութեան նախագահն է: Ան ծնած է Սասունի Նիճ գիւղը 1957 թուականին: 15 տարի Սասունի մէջ ապրելէ ետք, տեղափոխուած է Պոլիս: Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» կայքէջը ստորեւ ներկայացուած հարցազրոյցը կատարած է Եփրեմ Պաղի հետ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Սասունի մէջ հայեր շա՞տ կան:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Շա՛տ, ամէն գիւղի մէջ 50-60 տուն կայ, որմէ 15-20 տունը հայ են: Սասունի մէջ գիւղեր կան, ուր բոլորը հայ են: Սակայն, յատկապէս վերջին տարիներուն շատերը տեղափոխուեցան Պոլիս, մէկ մասն ալ քրտացաւ:
Հ.- Անոնք հայերէ՞ն կը խօսին:
Պ.- Այո՛, Սասնոյ բարբառով:
Հ.- Ցեղասպանութենէն ետք ինչպէ՞ս մնացած են Սասունի մէջ:
Պ.- Անմատչելի է Սասունը, ամէն տեղ սարեր են, այդ պատճառով հայերը շատ չկոտորուեցան: Եւ իւրաքանչիւրը իր պատմութիւնը ունի, կենդանի մնալու, ապրելու իր ոդիսականը: Բայց մէկ բան բոլորին համար ընդհանուր եղած է` դժուարութիւնները: Ցեղասպանութենէն ետք շատ դժուար էր Սասունի մէջ շարունակել ապրիլ:
Շատերը քիւրտ աղաները փրկած են, պահած, պաշտպանած: Հայերը լաւ արհեստաւորներ են, իսկ անոնց այդպիսի մարդիկ պէտք եղած են, այդ պատճատով ալ օգնած են, որ թաքնուին:
Մեր պապերը երեք օր իրենք իրենց համար կ՛աշխատէի՛ն, չորս օր` գիւղի քիւրտ աղաներուն: Անոնք ուրիշ ճամբայ չունէին, ուրիշ տեղ փախչելու ճար չունէին: Իրենց կեանքի գնով շարունակած են ապրիլ, մէկ մասն ալ կրօնափոխ եղած է:
Հ.- Ըսիք, որ մէկ մասը կրօնափոխ եղած է, միւսները` ոչ: Հետաքրքիր է, ինչո՞ւ:
Պ.- Գործող եկեղեցի չէ եղած, որ կարենար մարդիկը միաւորել: Կրօնափոխ կ՛ըլլային նաեւ, երբ քիւրտերը մեր աղջիկները կը փախցնէին:
Երբ կեանքի ու մահուան ընտրութեան առջեւ կանգնած են, շատերը նախընտրած են կրօնափոխ ըլլալ, բայց` կենդանի մնալ: Ու ոչ մէկը կրնայ զանոնք մեղադրել:
Ու երբ այսօր անոնց կը հարցնես, թէ ձեր պապերը հայ եղած են, քրիստոնեայ, ինչո՞ւ դուք կրօնափոխ եղաք, կ՛ըսեն, որ արդէն վարժուած են այդ ձեւով ապրելու, թէեւ գիտեն, որ հայ են: Մէկ մասը, թէկուզ` կրօնափոխ, բայց կը պահեն իրենց հայկականութիւնը:
Օրինակ` իմ մեծ մօրս եղբօր ընտանիքը քրտացած է եւ այսօր անոր ընտանիքը մօտ 200 անդամ ունի: Անոնց մօտ, սակայն, մէկ չգրուած օրէնք կայ. իրենց երեխաները իրարու հետ կ՛ամուսնացնե՛ն, քիւրտերուն աղջիկ չեն տար, որ «դուրս» չերթան:
Հ.- Իսկ կը շարունակե՞ն Սասունի բարբառով խօսիլ:
Պ.- Միայն մեծերը:
Հ.- 1915 թուականէն առաջ ի՞նչ եղած է ձեր մականունը:
Պ.- Շառոյեան եղած է: Բայց յետոյ դարձած ` Պաղ, որ այգի կը նշանակէ:
Հ.- «Սասուն» միութիւնը, որուն անդամն էք դուք, ե՞րբ ստեղծուած է:
Պ.- Երեք տարի առաջ ստեղծուեցաւ, Համահայկական խաղերու ժամանակ: Միութիւնը տարբեր նպատակներ կը հետապնդէ, բարեգործական նախաձեռնութիւններ կ՛իրականացնէ, հայերէնի ուսուցման դասընթացքներ կը կազմակերպէ: Բայց ամենակարեւորը` մարդիկը կը միաւորէ:
Պոլսոյ մէջ 70 հազար հայ կ՛ապրի, 20 հազարը սասունցի են: Բոլորը կապուած են իրարու, մէկը միւսը կը ճանչնայ, կ՛աջակցի:
Հ.- Ձեր մեծ ծնողներէն ի՞նչ լսած էք:
Պ.- Մեծ մայրս կը պատմէր, որ ընտանիքի 64 անդամներէն երկուքը փրկուած են: Բոլորը սպաննուած են ու շատերուն մահը իր աչքով տեսած է: Շատ դաժան օրեր տեսած է: Այդ մասին ամէն օր կը յիշէր եւ կ՛արտասուէր:
