Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքերէնով Նոր Գիրք` Հայերու Բռնի Իսլամացման Մասին

December 17, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

akcam--Nor-kirkԹուրքիոյ մէջ հրատարակուած է Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, թուրք փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամի «Հայերու բռնի իսլամացումը. լռութիւն, ժխտում եւ ուծացում» գիրքը («Իլեթիշիմ» հրատարակչութիւն):

Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, հատորը այս նիւթին առնչուող յօդուածներու հաւաքածոյ մըն է: Գիրքին մէջ տեղ գտած առաջին յօդուածին մէջ Աքչամ կը ներկայացնէ, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս սկսած է հետաքրքրուելու Հայոց ցեղասպանութեամբ եւ վերջին 30 տարիներուն ինչպիսի՞ հակազդեցութիւններու հանդիպած է անոր պատճառով:

Երկրորդ յօդուածին մէջ ան կ՛անդրադառնայ Սարգիս Թորոսեանի յուշերու հրապարակման առիթով մեկնարկած եւ տարբեր ճակատներու վրայ շարունակուած բանավէճին, իսկ ժողովածուի վերջին յօդուածին մէջ, որ նաեւ ամենահամապարփակն է երեք յօդուածներէն, Աքչամ կը վերլուծէ հայերու բռնի ուծացման հարցը: Ըստ Աքչամի, հայերը թրքական ընկերութեան մէջ ձուլելու արարքը կատարուած է առնուազն չորս ձեւերով` բռնի իսլամացում, ժամանակաւոր վերաբնակեցում, երեխաներու հաւաքագրում եւ իսլամ ընտանիքներու յանձնում, ապա վերջապէս` մանկամարդ կիներու եւ աղջիկներու բռնի ամուսնութիւն` իսլամներու հետ: Թուրք պատմաբանը կը պնդէ, թէ բռնի ուծացումն ու ձուլումը Հայոց ցեղասպանութեան անքակտելի մէկ մասն են: Ան նաեւ կ՛անդրադառնայ այն հարցին, թէ ինչո՛ւ այդ փաստը մինչ օրս անտեսուած է:

Միւս կողմէ` «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» լրատուականը վերջերս անդրադարձած է Հայաստանի «Կենտրոն» կայանի մէկ նիւթին, ուր կը խօսուի քրտական հարցի լուծման հեռանկարներուն եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ներկայիս ապրող հայերու թիւին մասին: «Թուրքիոյ 4 միլիոն հայերու առկայութեան մասին պնդում» վերնագիրով նիւթին մէջ, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»-ը կը ներկայացնէ Նայիրի Յոխիկեանին պատրաստած վաւերագրականը:

Չորս միլիոն հայերու գոյութեան վարկածէն բացի, թրքական կայքը կը յիշեցնէ «Իսլամացուած հայեր» խորհրդաժողովին մասնակցած Այշէ Կիւլ Ալթընայի այն յայտարարութիւնը, ուր ան հաստատած էր, թէ այժմ Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին իսլամացած հայերու միլիոնաւոր ժառանգորդներ:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Մուշի Պատմական Հայկական Տուներուն Մէջ Ուսումնասիրութիւն Կը Կատարուի

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.