Նոր Հրատարակութիւն. «Նեղութիւն Պատճառող Ցեղասպանութիւն Մը. Այսօր Ո՞վ Կը Յիշէ Հայերը»
Ա. Համաշխարհային պատերազմի շուրջ մնացած ամէնէն վիճելի հարցումը` «Հայոց ցեղասպանութիւն տեղի ունեցա՞ծ է» սուր կերպով պիտի հնչէ, երբ 24 ապրիլ 2015-ին հայերը աշխարհի տարածքին նշեն օսմանեան թուրք կառավարութեան ձեռքով 1,5 միլիոն հայերու սպանութեան 100-ամեակը: Թուրքիա կը շարունակէ հերքել, թէ այդպիսի բան տեղի ունեցած է, իսկ եթէ տեղի ունեցած է, ապա անիկա արդարացուած էր: Այս մէկը միջազգային կարեւոր հարցի մը վերածուած...














