Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Փակ Սահման… Բաց Պատերազմ

October 21, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1021_khempՇաբաթներէ ի վեր աշխարհին կիզակէտն է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահմանին միջեւ գտնուող քրտական գիւղ մը: Անապատային  կրկներեւոյթ մը` միրաժ մը չէ Քոպանին, որ նոյնիսկ մոռցնել տուած է հայորդիին, թէ այդ փոքր հողաշերտը Արաբունարն է, որուն գաղութը յատկապէս Հայոց ցեղասպանութենէն եւ տարագրութենէն ետք ունեցած է բեղուն գործունէութիւն եւ ցայսօր ծագումով քանի մը հայ ընտանիքներ կը բնակին հոն եւ հաւանաբար անցած են Թուրքիոյ սահմանը… անգամ մը եւս գաղթական:

Ահաւասիկ այս կորսուած եւ անկարեւոր նկատուած քաղաքը, որ այսօր ռազմական մեծ կարեւորութիւն ստացած է` դառնալով կռուախնձոր:

Սահմանամերձ քաղաք մը, որ, եթէ վայրկեան մը մէկդի դնենք ՏԱՀԵՇ ընդդէմ արեւմտեան ուժեր ճակատումը, կրնայ արհաւիրքը դառնալ Թուրքիոյ, ուր արդէն իսկ խլրտումները հասած են իրենց գագաթին, այնքան մը որ թրքական օդուժին պատկանող ռմբաձիգներ ռմբակոծած են իրաքեան սահմանի Կորճայքի նահանգին մօտ գտնուող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան պատկանող դիրքեր:

Իւրայատուկ է կացութիւնը շրջանին մէջ: Սահմանը կը մնայ փակ… սակայն պատերազմը` բաց:

Անգարայի մէջ, Միացեալ Նահանգներու առաջնորդութեամբ օդային միջամտութիւններու կողքին, Սպիտակ Տան ներկայացուցիչներ տեսակցեցան թրքական բանակի ներկայացուցիչներուն հետ, քննարկելու համար ՏԱՀԵՇ-ի ուժերուն դէմ պայքարը: Ուաշինկթըն յստակօրէն հաստատեց, որ լաւագոյն օժանդակութիւնը, զոր Թուրքիա կրնայ ամերիկեան օդուժին տրամադրել, մօտակայ Ինճիրլիքի զինուորական օդակայանի գործածութեան արտօնութիւնն է:

Յստակ է, թէ անմիջական քայլերու կարիք կայ, սակայն խոր է տարակարծութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ: Սպիտակ Տան համար յստակ է, թէ առայժմ Պաշշար Ասատի ղեկավարութեան դէմ պայքարը անտեղի է` նկատի ունենալով ՏԱՀԵՇ-ի ստեղծած լուրջ եւ մահազդու վտանգը: Այսպէս, եթէ նախագահ Պարաք Օպամայի համար մին` թոքախտ է, իսկ միւսը` այս օրերուն կեանքեր խլող «էպոլա» համաճարակ, Էրտողանի համար երկու հակամարտութիւններն ալ համահաւասար են` ժանտախտ կամ «քոլերա»:

Մինչ այդ, հետաքրքրական է անդրադառնալ Ասատի ղեկավարութեան որդեգրած դիրքորոշումին: Արտաքին գործոց նախարար` Մոալլեմ, Արեւմտեան ուժերու միջամտութեան նախօրեակին յայտարարած էր, թէ Սուրիա պիտի չարտօնէ որեւէ միջամտութիւն այլ երկիրներու կողմէ: Շաբաթներ ետք, երբ օրական դրութեամբ բազմիցս ռմբակոծումներ կը կատարուին, Դամասկոս պաշտօնական յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, թէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ տրուած որոշում մըն է կատարուածը եւ Սուրիա իբրեւ լիիրաւ անդամ… կ՛ենթարկուի այդ որոշումներուն:

Յստակ է, թէ Արեւմտեան ուժերու կատարածը… այն ինչն է, որ Պաշշար Ասատի ղեկավարութիւնը կը կատարէր:

Այս բարդ կացութեան դիմաց, շատ աւելի ծիծաղելի եւ խակ է մէջբերել Էրտողանի մէկ հաստատումը, թէ Թուրքիա պատրաստ է ամբողջական գործակցութիւն ցուցաբերելու, եթէ Արեւմուտքը միեւնոյն թափով հարուածէ թէ՛ ՏԱՀԵՇ-ը, եւ թէ Ասատի ղեկավարութիւնը:

Մինչ այդ «Ձայն բարբառոյ յանապատի»… Սահմանը փակ է, իսկ պատերազմը` բաց: Նաեւ, սահմանափակ կը մնայ Թուրքիոյ օժանդակութիւնը:

Նախորդը

Հասան Ճեմալ. Էրտողանի Վտանգաւոր Խաղը Շարունակւում Է

Յաջորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Նպաստաբաշխում` Լիբանան Ապաստանած Սուրիահայ Գաղթական Ընտանիքներու

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.