Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ ԵՒ ՔՈՍՈՎՕ. ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

January 6, 2012
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2011-ի ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի գործող արտաքին գործոց նախարար Վասիլի Աթաջանեան ինծի ըսաւ, որ իր «երկիրը» կը ճանչնայ Քոսովոն, եթէ նախկին Եուկոսլաւիոյ նահանգը նոյնը ընէ, փոխադարձէ:

Ես այս պատգամը փոխանցեցի Էնվեր Հոխաժի` Քոսովոյի արտաքին գործոց նախարարին: Ան մերժեց ընդունիլ պաշտօնակիցին առաջարկը, բայց երկար մտածեց առաջարկը քաղաքավարութեամբ մերժելու համար: Այս փոքր դրուագը շատ բան կ՛ըսէ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ առկայ իրական քաղաքականութիւններու մասին, երբ խօսքը կը վերաբերի փոքր պետութիւններու:

Խորհրդային ժամանակաշրջանին Լեռնային Ղարաբաղը մեծամասնութեամբ հայերով բնակուած ինքնավար շրջան էր Ազրպէյճանի կազմին մէջ, իսկ Քոսովոն Եուկոսլաւիոյ պետութեան գոյութեան ժամանակաշրջանին մեծամասնութեամբ ալպանացիներով բնակեցուած ինքնավար նահանգ մըն էր Սերպիոյ մէջ:

Հայերը ազրպէյճանցիներուն դէմ պատերազմ մղեցին 1990-ական թուականներուն սկիզբները, իսկ սերպերուն դէմ Քոսովոյի ալպանացիները պատերազմ մղեցին 1998-1999 թուականներուն: Լեռնային Ղարաբաղ իր անկախութիւնը հռչակեց 1991 թուականին: Իսկ Սերպիոյ վարչակազմն ու անվտանգութեան ուժերը Քոսովոյէն ՕԹԱՆ-ի ուժերուն կողմէ վտարուեցան 1999 թուականին: Շրջանը այնուհետեւ կառավարուեցաւ ՄԱԿ-ի կողմէ: Քոսովօ իր անկախութիւնը հռչակեց 2008-ին:

Առաջին հայեացքով Քոսովոյի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ շարք մը նմանութիւններ կան, սակայն տարբերութիւններ ալ շատ կան: Ոչ մէկ երկիր ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, սակայն աւելի քան 80 երկիր ճանչցած է Քոսովոյի անկախութիւնը: Արեւմտեան երկիրներ կը շեշտեն, որ Քոսովոյի դէպքը չի կրնար նախընթաց ըլլալ միւս երկիրներուն համար:

Ստեփանակերտի (Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք) մէջ այլ ձեւով կը մտածեն: Արդարեւ, ոմանք «ճանաչումի ցանկութեան» աւելի յստակ խնդիր ունին: Մարսել Պետրոսեան` արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատար մը, կ՛ըսէ, որ Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ անկախ պետութիւն ճանչցուելու համար աւելի «ուժեղ փաստարկներ» ունի, քան` Քոսովոն: Պետրոսեան կը նշէ, որ Քոսովոն ճանչցած եւրոպական եւ միւս երկիրները «երկակի, կրկնակի չափանիշներով» կ՛առաջնորդուին: Իսկ Վ. Աթաջանեան այդ հարցին այսպէս կ՛արձագանգէ. «Մենք Քոսովոն իբրեւ նախընթաց կը դիտենք: Ատիկա վառ օրինակ է առ այն, թէ մեր հակամարտութեան նման տագնապները ինչպէ՛ս կրնան լուծուիլ»:

Հայերն ու քոսովոցիները կը շարունակեն պնդել ազգերու ինքնորոշման իրենց իրաւունքը, իսկ Ազրպէյճան եւ Սերպիա կը շարունակեն պաշտպանել պետութեան մը իրաւունքը` պաշտպանելու իր հողային ամբողջականութիւնը:

Որ կողմն ալ նայիս, հակասութիւն կայ: Սերպիոյ դաշնակից Ռուսիա չէ ճանչցած Քոսովոյի անկախութիւնը, սակայն ի տարբերութիւն արեւմտեան երկիրներու, 2008 թուականին Վրաստանի հետ պատերազմէն ետք ճանչցաւ անջատողական Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ անկախութիւնները: Սերպիա կը ցանկայ հասարակաց դատ ունենալ Վրաստանի հետ, սակայն չ՛ուզեր բարկացնել Ռուսիան: Վրաստանն ալ նոյնպէս Սերպիոյ հետ չ՛աշխատիր,  Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն վնաս չպատճառելու համար:

Նոյն ձեւով ալ հայերը ստիպուած են Քոսովոյի անկախութիւնը չճանչնալու համար խորաթափանց փաստարկներ բերել, որպէսզի Ռուսիոյ հետ չթշնամանան: Իրականութեան մէջ Հայաստան չէ ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, որուն մասին Երեւան կը յիշեցնէ ամերիկացի դիւանագէտներուն, երբ անոնք կու գան եւ Քոսովոյի անկախութիւնը ճանչնալու կոչ կ՛ուղղեն:

Սերպիա եւ Հայաստան կրնան տարբեր կողմերու, դիրքերու վրայ ըլլալ, երբ հարցը հողային ամբողջականութեան կը վերաբերի: Բայց անոնք հասարակաց շատ բաներ նաեւ ունին: Երկուքն ալ ծերացող պետութիւններ են` նուազող բնակչութեամբ: Երկուքն ալ նոյն պայմաններով կը խօսին իրենց թշնամիներուն մասին` նկատի առնելով այն իրողութիւնները, որ ե՛ւ Քոսովոյի ալպանացիները, ե՛ւ ազերիները երիտասարդ իսլամներ են եւ կ՛իշխեն այն հողերուն, տարածքներուն վրայ, որոնք, ըստ Սերպիոյ եւ Հայաստանի, պատմականօրէն իրենց իրաւունքն է:

Հայկ Խանումեան` հայ լրագրող եւ հասարակական գործիչ մը, նոր փաստարկներով կ՛ըսէ. «Քոսովոն Սերպիոյ պատմական շրջանն է, որ ալպանացիները գրաւած են» (աւելորդ է ըսել, որ ալպանացիները համաձայն պիտի չըլլան այս մեկնաբանութեան): Բայց իսկական համեմատութիւնը Քոսովոյի եւ Նախիջեւանի միջեւ է:

Ըստ Խանումեանի, Նախիջեւան անցեալին հայկական տարածք եղած է, որ հետագային ազրպէյճանցիները նուաճած են, ինչպէս որ ալպանացիները` Քոսովոն: Իսկ Լեռնային Ղարաբաղը, ընդհակառակը, չէ գրաւուած եւ պէտք է պաշտպանուի:

Վերադառնանք Է. Հոխաժին: Վ. Աթաջանեանին ուղղուած իր պատգամը հետեւեալն էր. Քոսովօ կրնայ պաշտօնական յարաբերութիւններ ունենալ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան անդամներու հետ, հակառակ անոր որ Քոսովօ չ՛անդամակցիր ՄԱԿ-ին: «Մենք կը հասկնանք այլոց ձգտումները, բայց մենք պէտք է զգուշ ըլլանք: Մենք չենք կրնար միւս ժողովուրդներու ճակատագիրը ձեւաւորել, բայց պէտք է պաշտպանենք այն, ինչ որ ունինք, եւ երբեմն ոչինչ ընելը աւելի լաւ է, քան` սխալ գործելը», ըսաւ ան:

Այլ խօսքով, ինչպէս որ հայերը կը կարեկցին քոսովոցիներուն, բայց չեն ուզեր ռուսերը բարկացնել, այնպէս ալ քոսովոցիները չեն ուզեր ջղայնացնել իրենց արեւմտեան հովանաւորները:

Այսպիսին են դիւանագիտութեան հիմքերը միջազգային յարաբերութիւններու աղօտ գօտիէն ներս, որուն մէջ փոքր պետութիւններն ու ազգերը պէտք է խորամանկ քայլերու դիմեն` իրենց ազգային շահերը լաւագոյնս պաշտպանելու համար:

ԹԻՄ ՃՈՒՏԱ

«Տի Իքոնոմիսթ»

Նախորդը

ՀԱՅ ՆՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԷՋԸ ԵՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»-Ի ԿԱՅՔԷՋԸ` 10 ՏԱՐԵԿԱՆ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.