Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վետաթ Թիւրքալիի Վերջին Գիրքը Եւ Հայերը

December 23, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

1223bitmediՅայտնի գրագէտ Վետաթ Թիւրքալի «Հապեր Թիւրք»-ի աշխատակից Քիւպրա Փարի հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ իր վերջին վէպին մասին, որուն անունն է «Վերջացաւ, վերջացաւ, չվերջացաւ»: Այս վէպը կը պատմէ Տիգրանակերտի բանտին մէջ տանջանքներու ենթարկուած գրագէտի մը ու ընտանիքը 1915-ին սպաննուած հայ կնոջ մը միջեւ ստեղծուած սիրոյ ու անոր յաջորդող դրուագներուն մասին: Գիրքին նիւթը երեւակայական է, բայց հարիւր տոկոս հիմնուած է իրականութիւններու վրայ, կ՛ըսէ Թիւրքալի: «Այս գիրքին մէջ սուտ չկայ, Տիգրանակերտի բանտին մէջ գործադրուած բոլոր անբարոյականութիւնները արդէն արձանագրուած են «78-նոցներու հիմնարկ»-ի մօտ, այս հիմնարկը շատ օգտակար եղաւ ինծի: Հիմնարկը արձանագրած է Տիգրանակերտի բանտին մէջ տանջանքներուն ենթարկուածներուն պատմածները: Ինչ որ այս վէպիս մէջ գրած եմ գործադրուած տանջաքներու մասին, ճշմարտութիւն է», կ՛ըսէ Թիւրքալի:

Թիւրքալի հարցազրոյցի ընթացքին կ՛ըսէ, որ գիրքը գրել սկսաւ քիւրտերուն մասին խօսելու նպատակով, բայց շուտով անդրադարձաւ, որ քիւրտերն ու հայերը նոյն ճակատագիրը բաժնած են: «Ինքնաբերաբար մէջտեղ ելած է տիկին Լիւսիի կերպարը: Լիւսիին մեծ հայրը ապրեր է 1915-ի սպանդը, բայց ան քինախնդիր չէ, բարի մարդ մըն է: Ատենօք իթթիհատականները ի՛նչ ստորնութիւն, անբարոյականութիւն, չարութիւն որ գործած են, Լիւսիին մեծ հայրը բոլորը գիտէ ու զանոնք մէկ առ մէկ ցոյց կու տայ Լիւսիին», կ՛ըսէ Թիւրքալի:

Հարցազրոյցի ընթացքին Թիւրքալի կը պատմէ, որ ինք այս գիրքէն օրինակ մը տուաւ Սըրրը Սիւրէյեա Էօնտերին, որպէսզի Իմրալը տանի, Ապտիւլլա Օճալանին յանձնէ: Օճալան շնորհակալութիւն յայտներ է իրեն:

Հարցազրոյցին ամէնէն ուժեղ մասը կը վերաբերի Թիւրքալիի կողմէ քեմալականներուն մասին ըսուածներուն եւ քիւրտերուն գործած սխալներուն: Քիւրտերը սխալեցան, երբ ոտքի կանգնեցան անկախութիւն ձեռք բերելու համար: Ճիշդ է, որ Թուրքիոյ Համայնավար կուսակցութիւնը 1925-ի իր յայտագրին մէջ խոստացած էր քիւրտերուն ու լազերուն անկախութիւն շնորհել, բայց ատիկա այդ օրերու համար էր, հիմա պայմանները փոխուած էին, եւ քիւրտերը աւելի իրատես ըլլալու էին: Քիւրտերը խաբուեցան, երբ իրականացուցին քիւրտ Սայիտի ապստամբութիւնը: Քեմալականները շատ ստորին խաղեր սարքեցին քիւրտերուն դէմ:

Վետաթ Թիւրքալիի համաձայն, քիւրտերը վերստին կրցան իրարու միջեւ միասնականութիւն հաստատել, երբ պայքարը դրուեցաւ Օճալանի նման մէկու մը առաջնորդութեան ներքեւ:

Նախորդը

1915-ի Մասին Նոր Գիրք Մը Թրքերէնի Թարգմանուած. Հայկական Հարցին Ուրուականը Թուրքիոյ Մէջ

Յաջորդը

Հայերու Մասին Վէպ Մը Եւս Լոյս Տեսած Է Թուրծքիոյ Մէջ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.