ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ԿԸ ՅԻՇԷ. «ՄԷԿ ՎԱՅՐԿԵԱՆԻ ՅԱՊԱՂՈՒՄ, ՈՐ ՓՐԿԵՑ ՍՈՒԼԹԱՆ ԱՊՏԻՒԼ ՀԱՄԻՏԻՆ ԿԵԱՆՔԸ» ԱՅՇԷ ՀԻՒՐ ԿԸ ԲԱՆԱՅ ԵԸԼՏԸԶԻ ԴԷՊՔԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԸ
«Թարաֆ» թերթի աշխատակից Այշէ Հիւր իր կիրակի, 10 յուլիսի էջը տրամադրած է պատմական նշանաւոր դէպքի մը, որուն մասին հիները շատ բան գիտէին, բայց նոր սերունդները մեծ բան չեն գիտեր: Ասիկա Եըլտըզ պալատի եւ Եըլտըզի մզկիթի միջեւ սուլթան Ապտիւլ Համիտի դէմ հայերու (ՀՅԴ-ի - «Ազդակ») կողմէ ռումբի պայթումով կատարուած մահափորձի պատմութիւնն է. մահափորձ, որմէ Ապտիւլ Համիտ փրկուեցաւ բախտի բերումով: Այս պայթումի...
