Գաղութային

Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի Վերամուտ

Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի 2013-2014 կրթական տարեշրջանի վերամուտը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան, երբ շուրջ 260 աշակերտներ մանկապարտէզի Ծիլ դասարանէն մինչեւ աւարտական դասարանը ` վերամուտը խորհրդանշող եռագոյն նշանակները կուրծքերնին իրենց  դաստիարակներուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան Սուրբ Պօղոս եկեղեցի` ստանալու  քրիստոնէական օրհնութիւն,  վերանորոգուելու սուրբ հաղորդութեամբ եւ  սկսելու աշխատանքի բարեբեր եւ խաղաղ տարեշրջան մը: Նախակրթարանի եւ քոլեճի աշակերտները եկեղեցական արարողութենէն ետք...

ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան. Տարեմուտ Եւ Թարգմանչաց Խորհուրդ

            ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանին մէջ խանդավառութեամբ սկսաւ վերամուտը` նոր նուաճումներու յոյսերով լի: Հոկտեմբերին դպրոցին ապակեպատ ցուցափեղկերուն բարի տարեմուտի նկարներն ու գրութիւնները յանկարծ անհետացան եւ փոխարէնը տեղ գրաւեց վառ ու կենդանի գոյներով թռչնագիր այբուբենը... Առաւօտ լուսոյ, Արեգակն արդար, Առ իս լոյս ծագեայ... Բ - Բղխումն ի հօրէ, Բղխեայ ի հոգւոյս, Բան քեզ ի հաճոյս......

Մեսրոպեանականները Ուխտեցին Տէր Կանգնիլ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի Այբուբենին

            14 ապրիլ 2013-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, «Յ. Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնակատարութիւն` ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու` ուսուցիչներու եւ Մեսրոպեան վարժարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն: Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց 8-րդ դասարանի աշակերտուհի Էւա Ղազարեանը, որ նշեց, թէ  Թարգմանչաց տօնը լաւագոյն առիթն է շնորհակալական եւ երախտագիտական մեր զգացումները փոխանցելու հայ գիրերը ստեղծող, հայ գրչութեան...

Վերամուտ` Ազգային Ռուբինեան Ս. Մեսրոպեան Վարժարանի

                24 սեպտեմբեր 2013-ին, Ազգային Ռուբինեան-Ս. Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտները` ժամանեցին դպրոց իրենց ծնողաց ընկերակցութեամբ: Վարժարանի շրջաբակը զարդարուած էր վերամուտը խորհրդանշող գեղեցիկ պատկերներով: Վարժարանի աշակերտները ջերմ մթնոլորտի մէջ, գեղեցիկ հայկական երգերէ եւ պարեղանակներէ խանդավառուելով իրենց դաստիարակներու հետ շուրջպարերով իրենց մասնակցութիւնը բերին տօնական մթնոլորտին: Հնչեց «Միասնութեան շուրջպարը», որմէ ետք աշակերտները հաւաքուեցան եւ շրջանակ կազմեցին` վերամուտի...

Հայկազեանի Հիմնադիրներու Օրը. «Իւրաքանչիւրիս Մէջ Էվէրէսթ Մը Կայ» Կ՛ըսէ Մաքսիմ Շաաիա

Հայ աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ սրահին մէջ Հայկազեան համալսարանը տօնեց իր հիմնադրութիւնը` ներկայութեամբ համալսարանի նախագահ վեր. տոքթ. Փոլ Հայտոսթեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Աւստրիոյ դեսպան Ուրսուլա Ֆահրինկըրի, Պէյրութ Մարաթոն միութեան նախագահ Մէյ Խալիլի, ուսուցչական կազմին, պաշտօնէութեան եւ աշակերտական հոծ բազմութեան: Հանդիսաւոր տողանցքով սկիզբ առաւ 14 հոկտեմբերին կայացած ձեռնարկը, որ նուիրուած էր Հայկազեանի հիմնադիրներուն: Լիբանանի քայլերգին յաջորդեց մաղթանքի աղօթք մը`...

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի Եւ Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Վերամուտ

            Երեքշաբթի, 24 սեպտեմբեր, 2013–ին, Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճը վերանորոգուած ու նոր  փայլ ստացած դասարաններով գրկաբաց  ընդունեց իր մեծ ընտանիքը: Տարեսկիզբի ազդանշանը տուող առաջին  զանգին, աշակերտները սրահին մէջ  հաւաքուեցան, հաւաքաբար «Տէրունական աղօթք»-ը արտասանեցին ու քոլեճին քայլերգը  երգեցին, որմէ ետք բեմ բարձրացաւ քոլեճի  տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան: Ան  բարի վերամուտ մաղթեց ներկաներուն  իրենց հարազատ տան մէջ, շնորհաւորեց ...

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարան 2013-2014 Ուսումնական Տարեշրջանի Վերամուտի Նշմարներ

            Հոկտեմբերի 1-ի առաւօտեան, վերամուտի առիթով Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը ուրախ, տօնական տրամադրութիւններու եւ ցնծութեան մէջ էր: Վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ  վարժարանի վերանորոգուած պասքեթպոլի մարզադաշտի բացումը մասնակցութեամբ վարժարանի տնօրէնուհիին, վարժարանի բարերար-ծնողի,Պրն. Սարգիս Պուտաքեանին, ծնողական վարչութեան ատենապետին, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայէն հիւրաբար ներկայ Արհիապատիւ Հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանին: Լիբանանի եւ Հայաստանի պետական քայլերգները հնչելէ ետք խօսք առնելով`...

Վերամուտ` Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

              Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճը ողջագուրեց իր զաւակները ուրբաթ, 27 սեպտեմբեր 2013-ին: Առաւօտեան, աշակերտները վերամուտի առիթով ստացան Ս. հաղորդութիւն: Անկէ ետք քոլեճի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր աշակերտներուն: Ան ըսաւ. «Ուրախութեամբ ու ժպիտով դիմաւորեցէ՛ք տարին, դարձէ՛ք լաւ աշակերտներ, պատուաբեր արդիւնքներ ձեռք բերէ՛ք,  եւ կը մաղթեմ, որ բարի ու խաղաղ տարի մը անցընէք»:...

75-ամեայ Մեսրոպեան Վարժարանի Վերամուտի Պաշտօնական Հանդիսութիւն

              Տօնական մթնոլորտի մէջ, 26 սեպտեմբեր 2013-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ 2013-2014 կրթական տարեշրջանի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը: Վերամուտի բացման հանդիսութիւնը սկսաւ «Տէրունական աղօթք»-ով եւ Լիբանանի, Հայաստանի ու Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներով: Ապա վարժարանի Աշակերտական խորհուրդի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեղրի Չարըքեան, որ նշեց, թէ միայն հայ դպրոցով...

Վերամուտը Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Երեքշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան ժամը 8:00-ին հնչեց հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի 2013-2014 կրթական տարեշրջանի առաջին զանգը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութեան ընթացքին աւարտական դասարանի աշակերտներէն մին բարձրացուց երեք դրօշակները, ապա աշակերտները աղօթքով սկսան վերամուտի առաջին օրը` գլխաւորութեամբ Մեսրոպ ծ. վրդ. Սիւլահեանի, որ «Տէրունական աղօթք»-ով, Աստուածամօր նուիրուած ողջոյնով եւ «Պահպանիչ»-ով օրհնութիւն փոխանցեց բոլոր աշակերտներուն: Ապա անոնք...

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Աշակերտները Հայրենիքի Մէջ

ՅԱՒԵՐԺ ՇԽՐՏՄԵԱՆ Երկուշաբթի, 5 օգոստոս, 2013-ին «Արի տուն» ծրագրին մասնակցելու նպատակով Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ, առաջնորդութեամբ վարժարանի ուսուցչուհիներ Յաւերժ Շխրտմեանի եւ Շողիկ Թորոսեանի, մեկնեցան հայրենիք: Հանգրուանելով Հայ աւետարանական աստուածաբանական կեդրոնին մէջ` առաջին օրը աշակերտները ծանօթացան քաղաքամայր Երեւանի տեսարժան վայրերուն, այնուհետեւ այցելեցին` Էջմիածին, Խոր Վիրապ, Գառնի, Գեղարդ, Նորավանք, Սեւան, Արագած, Սարդարապատ եւ այլ վայրեր: Խումբը պատիւ ունեցաւ...

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան. «Արի Տուն 2013» Ծրագրի Մասնակից Խմբակը Այցելեց Դեսպան Քոչարեանին

Օգոստոս ամսուան ընթացքին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն 2013» ծրագիրին մասնակցած Ս. Խաչ¬Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներէն կազմուած «Հայ ենք մենք» թատերախումբը հրաւէր ստացաւ այցելելու Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանին: Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 6 սեպտեմբեր 2013-ի յետմիջօրէին. խմբակին կ՛ընկերակցէր վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը եւ թատրոնին բեմադրիչ Յովիկ Յակոբեանը: Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ շնորհակալական խօսքերու փոխանակում: Դեսպան Քոչարեան նշեց, թէ...

Ցտեսութիւն Եւ Տպաւորութիւններ

«Կազդուրման կայանը ի՞նչ ըրինք...»: Քայլերգի վերածուած եւ մանկական անմեղ շրթունքներէն հնչած երգին բառերով կը փոխադրուիմ Այնճար` ԼՕԽ-ի նորակառոյց «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կեդրոն, որ քանի մը օրեր առաջ կը խայտար եւ կը ցնծար 55 փոքրիկներու եւ պատասխանատուներու ներկայութեան: Մէկ շաբաթէ ի վեր վերադարձած ենք հոնկէ ֆիզիքապէս, որովհետեւ մանուկներ թէ պատասխանատուներ, անքակտելի կապով միաձուլուած` տակաւին հոն ենք... Կը վերապրինք իւրաքանչիւր պահը`...

ԼՕԽ-ի «Արագած» Մասնաճիւղի Ընկերային Հանդիպումը

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութեան հինգշաբթի 12 սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան  Արագածի ժողովրդային տան «Սարգիս Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը, ներկայութեամբ Կիլիկիոյ  կաթողիկոսութեան միաբան Մասիս Ծ. վրդ. Զոպույեանի, մասնաճիւղի  մօտ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչին, քոյր մասնաճիւղերու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն ու հիւրերու: Ձեռնարկին բացման` ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետը բացման խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկին քաջալեր հանդիսացող բոլոր ներկաներուն, հակիրճ...

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Ձեռնարկներու Թղթակցութիւն

1.- Դասախօսութիւն 6 օգոստոս 2013-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ԼՕԽ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ հրամցուեցաւ այժմ կարեւոր նկատուող, առողջութեան նպաստող նիւթ մը` «Կենսանիւթերու եւ հանքային աղերու կարեւորութիւնը», որ ներկայացուց բժշկուհի Սիրուն Վարդապետեանը: 40-է աւելի կիներ եւ օրիորդներ, յատկապէս երիտասարդուհիներ, մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բժշկուհիին լաւապէս խնամուած եւ հրամցուած դասախօսութեան, ուր կը շեշտուէր բնական սնունդով առողջութիւնը պահելու եւ օգտագործելու կենսանիւթերն ու հանքային աղերը:...

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» Մասնաճիւղ. Անդամական Մտերմիկ Հանդիպում

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղին վերջին ընդհանուր ժողովին ներկաներէն ոմանք առաջարկեցին ունենալ պարբերական անդամական հանդիպումներ` աշխուժացնելու համար մասնաճիւղին ընկերային գործունէութիւնը, խանդավառութիւն ստեղծելու շարքերուն մէջ: Այս ծրագրին առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 10 սեպտեմբեր 2013-ին, «Երեւանեան» ժողովրդային տան սրահին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով անդամուհիներու: Օրուան յայտագիրը պիտի ընդգրկէր ընդհանրապէս ՔԱՐԱՕՔԷ երգեցողութիւն`  ներկաներու մասնակցութեամբ: Երգերու պատրաստութիւնը յանձնուած էր Գէորգ Պաղտասարեանին, որ փորձառութիւն ունի այս մարզին...

«Շուշանիկ» Մասնաճիւղի Տարեկան Դաշտահանդէս

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան, 20 օգոստոսին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի տարեկան դաշտագնացութիւնը: Աւելի քան 170 հայուհիներ, ԼՕԽ-ականներ իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն պտոյտին: Այս տարի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի պտոյտը կը ներառէր այցելութիւն դէպի Մար Ապտա ուխտատեղին, Ժէհիթա քարայրը եւ Հարիսա: Ճաշի ընթացքին խօսք առաւ «Շուշանիկ» մասնաճիւղի ատենապետ Պերճուհի Գասպարեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ հրաւիրեալներուն իրենց մասնակցութեան համար...

Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութիւնը Պարգեւատրեց` ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» Պարախումբը

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 10-ին, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի պարգեւատրման արարողութիւնը: Արդարեւ, առ ի գնահատանք պարախումբին գործունէութեան եւ «Արտերկրում հայ ազգագրական մշակոյթը պահպանելու եւ տարածելու, ինչպէս նաեւ սփիւռքի երիտասարդութեան հայեցի դաստիարակութեան գործում ունեցած նշանակալի աւանդի համար», Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արթուր Պօղոսեան պատուոյ գիրը յանձնեց «Արին» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Գայեանէ Մածունեանին: Տեղին է յիշել, թէ այս առիթով...

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակում

              ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղի 2012-2013 տարեշրջանի տարեկան բանակումը կայացաւ 1-8 սեպտեմբերին, Ռաս Մաթնի Տէյր Հարֆ շրջանին մէջ: Կիրակի, 1 սեպտեմբերին արի-արենուշ խումբերը, երէց-պարմանուհի փաղանգները, գայլիկ, արծուիկ, մոկլի խմբապետական կազմերը, ընկերակցութեամբ Սկաուտական խորհուրդին, ուղղուեցան դէպի բանակավայր: Չորեքշաբթի, 4 սեպտեմբերին անոնց միացան  գայլիկ վոհմակը եւ արծուիկ երամը: Շաբաթ առտու բանակավայր հասաւ մոկլի վոհմակը: Ամբողջ շաբթուան...

Փասատինայի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Նախագիծը Վաւերացուեցաւ

Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդը երկուշաբթի, սեպտեմբեր 9-ին միաձայնութեամբ վաւերացուց Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի կառուցման նախագիծը: Յուշարձանը պիտի կանգնեցուի Փասատինայի «Մեմորիըլ» զբօսայգիին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն առաջ: Քուէարկութենէն առաջ այս հարցով ելոյթ ունենալու դիմում կատարած են 36 անձեր, որոնց գերակշռող մեծամասնութիւնը յուշարձանը կառուցելու ի նպաստ արտայայտուած է: Նաեւ 1093 հոգի խնդրագիր-դիմում ստորագրած է` զօրակցելով Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին...

Page 85 of 114 1 … 84 85 86 … 114

Արխիւներ