Սննդագիտական Տեղեկութիւններու Փոխանցում
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան, հինգշաբթի, 6 փետրուար 2014-ին` առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին մէջ, տեղի ունեցաւ ընկերային հաւաքոյթ մը: ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք վարչութեանս ատենապետ` Արաքսի Գըլըճեան ձեռնարկին բացումը կատարեց, ողջունելով ներկաները եւ բարի գալուստ մաղթելով բոլորիս: Ապա անդրադառնալով օրուան դասախօսութեան նիւթին` ան ըսաւ, որ արդիականացած մեր կեանքին մէջ, նստակեաց վիճակը, շարժումի պակասը, ինքնաշարժի օգտագործումը ժխտական...










