Կիսասարկաւագներու Ձեռնադրութիւն Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ
Կիրակի, 25 մայիս 2014-ին, յընթացս Սուրբ պատարագին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւն` կատարուեցաւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ձեռնադրութիւնը կատարեց Տիրայր արք. Փանոսեան: Արարողութենէն ետք, իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը յիշեցուց նորընծաներուն եկեղեցւոյ ծառայելու հրամայականը: Ան ըսաւ, որ ծառայութեան ձեւերը կրնան տարբեր ըլլալ, սակայն ծառայութիւնը իր էութեամբ ու նպատակով նոյնն է: Կիսասարկաւագ ձեռնադրուեցան...














