Գաղութային

10841421_582578828552212_67797119_f

Տեղի Ունեցաւ «Ուրֆայի Ասեղնագործութիւն» Գեղատիպ Հատորին Շնորհահանդէսն Ու Գինեձօնը

Հինգշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2014-ին Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուրֆայի ասեղնագործութիւն» Ա. հատորին (Պրունօ Էքարտի հաւաքածոն 300 էջ, երկլեզու հայերէն-անգլերէն) գեղատիպ հատորին գինեձօնը, տպուած Հալէպ, 2014-ին: Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանը: Գիրքին շնորհահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին հալէպահայ երեք համայնքապետները, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանը, հատորի հեղինակ` արուեստաբան, գեղանկարիչ Հրազդան Թոքմաճեանն ու արուեստասէր...

Ամանորի Հանդիսութիւն Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճին Մէջ

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային քոլեճի աւանդութիւն դարձած Ամանորի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 12 դեկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, վարժարանի սրահին մէջ: Տօնական հանդէսը սկսաւ տնօրէն Նելլի Վէքիլեանի ողջոյնի խօսքով, որ Նոր տարուան առիթով շնորհակալական խօսք ուղղեց ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չեն խնայեր վարժարանի յառաջդիմութեան ու զարգացման համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բարերարներուն, որոնք բոլոր առիթներուն նեցուկ կանգնած են...

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի «Աւանդական Տօնավաճառ»-ի Բացում

Երեքշաբթի, 9 դեկտեմբերի  առաւօտեան  ժամը  10:30-ին, «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի Տիկնանց  միութեան կազմակերպած «Աւանդական  տօնավաճառ»-ի բացման պաշտօնական  հանդիսութիւնը` նախագահութեամբ Սալբի Գասպարեանի: Տօնավաճառի բացումէն ետք խօսք առաւ  Տիկնանց  միութեան ատենապետ Նայիրի Ադամեանը: Ան նախ բարի գալուստ մաղթեց  ներկաներուն եւ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ  Տիկնանց միութիւնը, յենելով  դպրոցի  ծնողներուն ու բարեկամներուն բարի կամքին  ու  աջակցութեան,...

1204_CAHL

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտները Այցելեցին ՔԱՀԼ

Լիբանանի մէջ կը նշուին միջազգային գրեթէ բոլոր տօները, բացի` Գոհաբանութեան օրէն (Tհanksgiving Day): Մեկնելով այդ տօնին նպատակէն, որն է` շնորհակալութիւնք յայտնել Աստուծոյ իր տուած բարիքներուն համար, նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, հինգշաբթի, 4 դեկտեմբեր 2014-ին Հայ աւետարանական քոլեճի ԺԱ. դասարանի աշակերտները վարժարանի տնօրէնին արտօնութեամբ եւ ուսուցիչներուն քաջալերանքով, իրենց դաստիարակին ընկերակցութեամբ այցելեցին ՔԱՀԼ եւ քանի մը ժամ անցուցին ծերերուն հետ, որոնց...

1211_Sesobel

«Սեզոպել»-ի Մանուկներուն Նուիրուած Ձեռնարկ` Արաբական Միացեալ Համալսարանին Մէջ

Հովանաւորութեամբ «Արապ օփըն եունիվըրսիթի»-ի (արաբական բաց համալսարան) տնօրէնութեան եւ կազմակերպութեամբ համալսարանի Ուսանողական հարցերու գրասենեակին, Կաղանդի յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, համալսարանի Անթիլիասի մասնաճիւղին մէջ, ներկայութեամբ համալսարանի անձնակազմի կարգ մը դասախօսներուն եւ անդամներուն, ուսանողներու, «ՍԵԶՈՊԵԼ»-ի մանուկներու եւ բարեկամներու: Նշեալ գրասենեակին անունով Ժաք Ապուլիաս ողջունեց ներկաները եւ բացուած յայտարարեց ձեռնարկը` ներկայացնելով  յայտագիրին գլխաւոր կէտերը: Ողջոյնի...

IMG_2685

Գարակէօզեան Ընտանիքի Հոգեհանգիստ

Նախագահութեամբ Լիբանանի թեմի հայոց առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կիրակի, 7 դեկտեմբեր 2014-ին Պուրճ Համուտի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ «Գարակէօզեան» հաստատութեան հիմնադիր եւ ազգային բարերար Միհրան Գարակէօզեանի եւ անոր ընտանիքի անդամներուն` Զապէլի, Լէյլայի եւ Հաուըրտի հոգիներուն: Եկեղեցական արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հանդիպում-հաւաք` «Գարակէօզեան» հաստատութեան կեդրոնական սրահին մէջ: Այս հանդիպումին ներկայ գտնուեցան...

DSC03403

ՀՄԸՄ-ի Միօրեայ Միջմիութենական Սեմինար Եւ Զարգացման Մրցում

Կիրակի, 7 դեկտեմբեր 2014-ին ՀՄԸՄ-ի  Լիբանանի  Շրջանային խմբապետական կազմը եւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդը  մասնակցեցան Լիբանանի Ֆետերասիոնին կազմակերպած Միօրեայ միջմիութենական սեմինարին, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ: Սեմինարը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին` դրօշակի արարողութեամբ, Անթիլիաս մասնաճիւղի սկաուտներու ներկայութեամբ, ապա միութիւններու ներկայացուցիչները խմբակներու բաժնուած` արծարծեցին Լիբանանի սկաուտութիւնը հետաքրքրող եւ մտահոգող նիւթեր: Ժամը 1:00-ի ճաշի դադարէն ետք խմբակները ներկայացուցին իրենց խմբակներուն...

1212_charles1

Արքայազն Չարլզի Այցելութիւնը Բրիտանահայ Համայնքին

Բրիտանահայ համայնքի պատմութեան մէջ 19 նոյեմբեր 2014-ը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի մնայ որպէս ամէնէն յիշարժան թուականներէն մէկը: Համայնքի գոյութեան աւելի քան 150 տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Միացեալ Թագաւորութեան թագաժառանգ, Ուելսի արքայազն Չարլզը այցելեց Լոնտոնի Ս. Եղիշէ եկեղեցի, ուր հանդիպում ունեցաւ բրիտանահայ համայնքի անդամներուն, հոգեւոր առաջնորդին, կրօնական դասուն, ազգային բարերարներուն եւ համայնքային կառոյցներու ղեկավարներուն հետ: Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ աշխատանքային այցելութեամբ Լոնտոն...

IMG_9935-

Մամուլի Հաղորդագրութիւն

Նոյեմբերի 15-ից 21-ը Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարարութեան հրաւէրով եւ Հայաստանի դեսպանութեան  աջակցութեամբ Պէյրութում էր գտնւում զբօսաշրջային ընկերութիւնների ներկայացուցիչներից եւ լրագրողներից բաղկացած Հայաստանի պատուիրակութիւնը: Այցի առաջին օրը տեղի է ունեցել հանդիպում Հայաստանի դեսպանութիւնում, ուր պատուիրակութեանը եւ նրան ուղեկցող «Ուայթ հոլիտէյ» ընկերութեան տնօրէն Ռոպերթ Ապիատին ողջունել է Լիբանանում Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը: Նոյեմբերի 19-ին «Մոնրօ» հիւրանոցում կազմակերպուել է հանդիպում Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Միշել...

1206_Ohannessian-School

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Այցելութիւն Շարժա-Տուպայի Օհաննէսեան Ազգ. Վարժարան Շաբաթ, 6 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն Շարժա-Տուպայի Օհաննէսեան Ազգային վարժարանի աւելի քան 200 աշակերտները դիմաւորեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին վարժարան այցելութիւնը: Կաթողիկոսը` շրջապատուած Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ հայր սուրբով եւ միաբան հայրերով, ներկայ գտնուեցաւ աշակերտութեան կողմէ պատրաստուած հանդիսութեան: Դպրոցին աշակերտները հայկական երգերով, պարերով ու արտասանութիւններով ոգեւորեցին մթնոլորտը: Հանդիսութեան աւարտին յաջորդաբար խօսք առին դպրոցի...

764924c46e61bd34c4302cf53ec4131f_XL

Տեղի Ունեցաւ «Հայ Դատն Այսօր» 11-րդ Խորհրդաժողովը` Թեհրանի Մէջ

Արդէն 11 տարիներ շարունակ, հայ դատի Թեհրանի յանձնախումբը կը ձեռնարկէ «Հայ դատն այսօր» խորագիրով խորհրդաժողովի, որ, ըստ ժամանակի պահանջեց ամէն տարի կ՛ամփոփէ տարբեր նիւթեր: 11-րդ խորհրդաժողովի խորագիրն էր` «Միացեալ Հայաստան. հնարաւորութիւններ, հեռանկարներ», որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին սեմին իր մէջ յստակ նպատակ կը պարփակէր: Թեհրանի Հայ դատի գրասենեակէն Արամ Շահնազարեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց. «Տարելից, որ մեզի կը յիշեցնէ, որ...

1207_Noraa2

Դամասկոսի Համալսարանի Նախագահը Բացումը Կը Կատարէ Հայկական Մշակութային Օրերուն` Դամասկոսի Համալսարանին Մէջ

Համագործակցութեամբ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հետ, կիրակի, 7 դեկտեմբեր 2014-ին Դամասկոսի Համալսարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայկական մշակութային օրերուն` «Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»-ի կազմակերպած «Լեզուներն ու քաղաքակրթութիւնները» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, որուն մէջ նկատի առնուած են նաեւ Պարսկական եւ Ռուսական մշակութային օրերը: Ներկայ էին Դամասկոսի համալսարանի նախագահ Հասսան Քուրտին, Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան, Բանասիրութեան բաժանմունքի ղեկավար Խալետ Հալպունի, համալսարանի բաժիններու տնօրէններ, Իրանի...

DSC_7548

«Արին» Պարախումբը Բեմականացուց «Սասնայ Ծռեր»-ը

Հովանաւորութեամբ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան, շաբաթավերջին «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի մէջ  ելոյթ ունեցաւ ՀԲԸՄ - ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբը գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ պարուսոյց Գայիանէ Մածունեանի: «Սասնայ ծռեր» թեմայով սոյն բեմականացումը կ՛ընդգրկէ պատմութեան 4 գլուխները` Ծովինար` Սանասար եւ Պաղտասար, Առիւծ Մհեր, Սասունցի Դաւիթ, Փոքր Մհեր: Գ. Մածունեան, որ նաեւ երաժշտական ձեւաւորումը պատրաստած է, պատմութեան մէջէն քաղած է հիմնական այն կէտերը, որոնք կարելի է պարի...

8971_10153003337648714_2860470911008748571_n

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն.

300 Կիներ Այցելեցին Կաթողիկոսարան Երեքշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հաւաքուած աւելի քան 300 կիներուն իր հայրապետական պատգամը ուղղելով` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ մեր ժողովուրդին համար 2015 թուականի եզակի կարեւորութեան: Վեհափառ հայրապետին պատգամը կը բաղկանար երկու բաժիններէ` առաջին բաժինին մէջ ան խօսեցաւ մեր երէցներուն յարգանք ու հոգածութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութեան մասին, իսկ երկրորդ բաժինին մէջ կաթողիկոսը...

1127_yeghishe-(1)

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճը Կը Նշէ Լիբանանի Անկախութիւնը

Երկրորդական Հինգշաբթի, 27 նոյեմբերին, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի Աշակերտական խորհուրդը,  կոկիկ գեղարուեստական յայտագիրի մը ընդմէջէն, նշեց Լիբանանի անկախութեան տարեդարձը: Օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Ֆետի Նաժիպ Աուար: Լիբանանի եւ քոլեճի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Վանայ Արսլանեան արաբերէնով կատարեց բացման խօսքը: Ան շեշտը դրաւ անկախութեան գաղափարին վրայ` որպէս ազատատենչ ժողովուրդներու բնական իրաւունքի: Զուգահեռ մը գծելով լիբանանցի ու հայ ժողովուրդներուն միջեւ` նշեց,...

apkarian-school

Լիբանանի Անկախութիւնը Ազգ. Աբգարեան Վարժարանին Մէջ

Ազգ. Աբգարեան վարժարանին մէջ ուրբաթ, 21 նոյեմբեր 2014-ին, շատ ճոխ մթնոլորտի մէջ տօնուեցաւ Լիբանանի անկախութիւնը` ներկայութեամբ ծնողներու, հիւրերու, աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն: Մանկապարտէզէն մինչեւ Զ. կարգի աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին ատենամարզանքին: Անոնց կողմէ հնչեցին Լիբանանի անկախութեան նուիրուած երգեր եւ արտասանութիւններ` թէ՛ հայերէն, թէ՛ արաբերէն լեզուներով: Բեմին ճակատին հաւաքուած լիբանանեան հսկայ դրօշակը, ազգային քայլերգի կշռոյթին տակ, կամաց-կամաց աշակերտներու ձեռքերուն տակէն բացուեցաւ եւ...

Գոհար Համոյթին Սաները Յատուկ Ելոյթ Կ՛ունենան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Աշակերտներուն Համար

Սփիւռքի մէջ գործող իւրաքանչիւր հայ վարժարան, իր կրթական առաքելութեան կողքին, ունի նաեւ ազգային վեհ առաքելութիւն մը` հայ մշակոյթը պահպանել եւ զայն սերունդէ սերունդ փոխանցել: Այս տեսլականէն մեկնած` Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը, միշտ փայփայած ըլլալով աշակերտներուն եւ հայրենի արուեստագէտներուն միջեւ կամրջում մը ստեղծելու գաղափարը, հրաւիրեց ԳՈՀԱՐ երաժշտանոցի ներկայ եւ  շրջանաւարտ սաները, որոնք Լիբանան կը գտնուէին երաժշտանոցի ընդհանուր տեսուչ եւ...

Կաղանդի Տօնավաճառ Կերթմէնեան Վարժարանին Մէջ

27-28 նոյեմբերին Կերթմէնեան վարժարանին մէջ կը տիրէր տօնական մթնոլորտ: Արդարեւ, յաջորդաբար 11-րդ տարին ըլլալով, վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի տօնավաճառ: Աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ ճիգ չէին խնայեր օգտակար հանդիսանալու իրենց սիրելի վարժարանին`  սատարելով պազարի աշխատանքներուն:  Տօնավաճառին ներկայացուած էին Նոր տարուան յատուկ կողովներ, զարդեղէններ, խաղալիքներ, ուտելիքներ, անուշեղէններ: Զ. դասարանի աշակերտները, ինչպէս ամէն տարի, համախմբուած իրենց դաստիարակին շուրջը, տօնավաճառ այցելողներուն կը հրամցնէին...

Open-doors_garmirian

Բաց Դռներու Օր

Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանին մանկապարտէզի յարկին տակ տեղի ունեցաւ բաց դռներու օր, որուն ընթացքին ծնողները այցելեցին մանկապարտէզ, տեսակցեցան բաժիններու դասատուներուն հետ, ծանօթացան ուսումնական ծրագիրներուն եւ դասաւանդութեան ձեւերուն, փոքրիկներուն հետ մասնակցեցան գործնական դասապահերու: Անկէ ետք երեխաները դպրոցի սրահին մէջ յատուկ ելոյթ ունեցան ծնողներուն համար: Երկու ամսուան ընթացքին անոնք արդէն հասած էին բազմաթիւ երգեր սորվելու: Հայկականէն բացի, անոնք ծնողներուն հրամցուցին արաբերէն ու...

IMG_2513

Մանկավարժական Միօրեայ Սեմինար «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Կեդրոնին Մէջ

Հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտներուն ուսման վիճակը առաւել եւս բարելաւելու եւ կատարեալին հասցնելու միտումով, յատկապէս այն աշակերտներուն պարագային, որոնք ուսումնական կեանքի ընթացքին դժուարութիւններ կ՛ունենան ինքնաբաւ դառնալու եւ քայլ պահելու իրենց տարեկից մանուկներուն հետ, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէնութիւնը կազմակերպեց երկօրեայ սեմինար մը` «Մանուկներ, որոնք ունին ուսումնական դժուարութիւններ եւ վարքագծային մարտահրաւէրներ» խորագիրով, որ տեղի ունեցաւ երկու յաջորդական շաբաթներու վրայ` 15 եւ 29  նոյեմբեր...

Page 69 of 114 1 … 68 69 70 … 114