Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

November 25, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու բաժինին, երկուշաբթի, 21 նոյեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 11:20-ին վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն` նուիրուած Լիբանանի անկախութեան տօնին:

Ներկայ բոլոր աշակերտութիւնը, ուսուցչական եւ տեսչական կազմերը, վարժարանի ծնողական օժանդակ մարմինի տիկինները, վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստի գլխաւորութեամբ, կատարեցին Լիբանանի պետական քայլերգը, որով մեկնարկեց Լիբանանի անկախութեան նուիրուած հանդիսութիւնը: Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց 12-րդ դասարանի աշակերտուհի Ռիթա Պօղոսեան, որ յատկապէս ըսաւ. «Իւրաքանչիւր տարի կը տօնենք Լիբանանի անկախութեան` անոր կայունութեան, յառաջդիմութեան, զարգացման այս բացառիկ գեղեցիկ տօնը: Այն օրը, որ անցեալը կը կապէ ներկային, ինչպէս նաեւ հաւատք եւ յոյս կը ներշնչէ աւելի փայլուն ու գեղեցիկ ապագայ մը ունենալուն: Այս օրն էր, որ կտրեց բռնութեան շղթաները եւ լիբանանցիներուն սիրտերը լեցուց հպարտութեամբ: Այս օրն էր, որ նուաճուեցաւ մեր բազում նահատակներու կեանքին գնով եւ տրուեցաւ մեզի` ապագայի Լիբանանի կառուցողներուս: Այսօր կը դիմեմ բոլոր հայրենասէր լիբանանցիներուն, որ չանտեսեն այս անկախութիւնը եւ տան անոր լիարժէք նշանակութիւն եւ արժանի նուիրուածութիւն»: Ռ. Պօղոսեանի խօսքին յաջորդեցին վարժարանի երգչախումբին զոյգ կատարումները: Երգչախումբը երգեց Լիբանանին նուիրուած հայերէն եւ արաբերէն երգեր:

Այնուհետեւ Ռիթա  Պօղոսեան հրաւիրեց օրուան պատգամախօսը` վարժարանի ուսուցչապետ Ապտել Մասիհ Ապու Իլիաս` փոխանցելու համար օրուան խորհուրդը: Ապտել Մասիհ Ապու Իլիաս յատկապէս խօսեցաւ Լիբանան պետութեան դժուար ու տառապեալ անցեալին, անկախութեան նուաճումի ճամբուն վրայ տեղի ունեցած հերոսամարտերուն եւ այն հերոս նահատակներուն մասին, որոնց արեան գնով ձեռք բերուեցաւ այս անկախութիւնը: Շարունակելով իր խօսքը` Ապտել Մասիհ Ապու Իլիաս ըսաւ. «Լիբանանը ազատ երկիր է` արժանապատուութեամբ եւ հպարտութեամբ օժտուած: Տակաւին հին ժամանակներէն սկսեալ բազում բարբարոս ցեղեր փորձած են տիրել այս չքնաղ երկրին, սակայն այդ անոնց չէ յաջողուած: Շատ արիւններ հոսած են այս երկրին անկախութեան համար: Որպէս լիբանանցիներ` մենք մարտիրոսութեան ճամբան անցանք, պահելու եւ պահպանելու համար մարդկային արժէքներէն բարձրագոյնը հանդիսացող անկախութիւնը: Մենք գիտենք, որ հայ ժողովուրդը նոյնպէս իր պատմութեան ընթացքին տառապած է, ունեցած է բազում նահատակներ, որպէսզի պահէ իր հաւատքը, պատմութիւնը եւ անկախութիւնը»: Աւարտելով իր խօսքը` օրուան պատգամախօսը ըսաւ. «Անկախութիւնը մեր ամէնօրեայ ապրումն է` արժանավայել կեանք մը ապրելու համար, որպէսզի ժողովրդավարութիւնը գտնէ իր տեղը: Միաժամանակ 68 տարի բոլորս յոյսով ենք, որ այս բոլոր ջանքերը պիտի հասնին անոր, որ բոլորը պիտի համախմբուին լիբանանեան բանակին շուրջ` զօրացնելու համար այն, որպէսզի ան իր առաքելութեան մէջ մնայ կայուն` պահելու եւ պահպանելու համար մեր սուրբ երկիրը միշտ ազատ եւ անկախ»:

Պատգամախօս Ապտել Մասիհ Ապու Իլիասի խօսքին յաջորդեցին նախակրթարանի առաջին, երկրորդ, չորրորդ եւ վեցերորդ դասարաններու աշակերտութեան խմբային արտասանութիւնները յաջորդաբար: Այնուհետեւ երգեց 12-րդ դասարանի աշակերտուհի Սինթիա Արաբկիրլեան` ընկերակցութեամբ վարժարանի երգչախումբին, այսպիսով աւարտելով վարժարանի` Լիբանանի անկախութեան նուիրուած հանդիսութիւնը:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Նախորդը

ԴՊՐԵՎԱՆԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՈՒ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ` ԲԱՆԱԿԻՆ ՀԵՏ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.