Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ «ԴԷՊԻ ՀԱՅՔ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՏՆՕՐԷՆ ՍԵՒԱՆ ԳԱՊԱԳԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

November 25, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 17 նոյեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին վարժարանս հիւրընկալեց հայրենի «Դէպի Հայք» հիմնադրամի տնօրէն Սեւան Գապագեանը: Վարժարանի տնօրէն  Կրեկուար Գալուստին եւ արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու Կարինէ Թաշճեանին հետ մտերմիկ հանդիպում-զրոյցէն ետք, Սեւան Գապագեան «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտութեան հետ:

Մեր հիւրն է հայրենի «Դէպի Հայք» հիմնադրամի հիմնադիր տնօրէն Սեւան Գապագեանը: «Դէպի Հայք» հիմնադրամը հիմնադրուած է 2004 թուականին: «Դէպի Հայք» կազմակերպութիւնը, ինչպէս որեւէ կազմակերպութիւն, կը հետապնդէ որոշ նպատակներ. այս պարագային «Դէպի Հայք»-ին հիմնական ծրագիրներն ու գործունէութիւնը կը կեդրոնանան հայրենասիրութեան վրայ», այսպէս սկսաւ օրուան հիւրը ներկայացնել ներկաներուն, վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու Կ. Թաշճեան: Ապա շարունակելով` մէջբերեց Սեւան Գապագեանի առիթով մը Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանին հետ հանդիպման մը ընթացքին ըսած հետեւեալ խօսքը, թէ` «Երիտասարդներուն հետ նմանատիպ հանդիպումները շատ կարեւոր են հիմնադրամին համար, քանի որ անոնց նպատակը երիտասարդ սփիւռքահայութեան մէջ հայրենասիրութիւն սերմանելն է»: Այնուհետեւ Կ. Թաշճեան Սեւան Գապագեանի մասին որոշ կենսագրական տուեալներ փոխանցելէ ետք, խօսափողը փոխանցեց հիւրին:

Սեւան Գապագեան խօսեցաւ ոչ աւելի քան 45 վայրկեաններ, սակայն խօսեցաւ հարազատօրէն եւ մտերմիկ ձեւով, ներկայացնելով «Դէպի Հայք» հիմնադրամը ներկաներուն, յատուկ պատրաստուած փաուըր փոյնթ ցուցադրութեան մը շնորհիւ շատ աւելի հաճելի դարձնելով հանդիպումը: Ցուցադրութիւնը առիթը տուաւ ծանօթանալու հիմնադրամի աշխարհատարած երկիրներէ Հայաստան այցելած բոլոր կամաւորներուն հետ, մինչեւ իսկ յիշատակելով անոնց անունները, եւ թէ` ո՛ր երկրէն կու գային անոնք, ինչպէս նաեւ ցուցադրութեան շնորհիւ կարելի եղաւ տեսնել անոնց կատարած աշխատանքները եւ ծառայութիւնները հայրենիքի մէջ, ինչպէս նաեւ զանոնք հիւրընկալած հայրենի ընտանիքներն ու ընդհանրապէս հիմնադրամը եւ իր աշխատանքները` սկսեալ հիմնադրութեան օրէն:

Հանդիպումին աւարտին աշակերտութեան առիթ տրուեցաւ զիրենք հետաքրքրող հարցումներով դիմելու հիմնադրամի տնօրէնին: Սեւան Գապագեան մեծագոյն սիրով պատասխանեց եւ մանրամասն տեղեկութիւնները փոխանցեց աշակերտութեան:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Նախորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԵՐԿՐԴ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.