Աֆղանիստանի հետ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գծով համագործակցութեան ծիրին մէջ Չինաստանը աֆղանական Պատախշան նահանգին մէջ սկսած է կառուցելու երկրին մէջ իր առաջին ռազմաուսումնական ռազմակայանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սաութ Չայնա Մոռնինկ Փոսթ» օրաթերթը:
Կը հաղորդուի, որ Փեքին մտադիր է զէնքով ու զինամթերքով առնուազն մէկ գումարտակ ուղարկել Պատախշան` աֆղան մասնագէտները վերապատրաստելու համար:
Կը նշուի, որ Չինաստան առաջին անգամ իր զինուորական ներկայութիւնը կը հաստատէ Աֆղանիստանի մէջ: Ռազմակայանի գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ Սինցզիան նահանգին մէջ անհանգիստ իրավիճակը վերահսկողութեան տակ պահել, որովհետեւ իսլամական ահաբեկիչները յաճախ աշխուժութիւն կը ցուցաբերեն այդ տարածքին մէջ:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը աւելի ուշ հերքեց այդ լուրը` նշելով. «Ատիկա ճիշդ չէ»: