Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ո՛չ Սուրիոյ, Ո՛չ Միջերկրական Ծովուն Արեւելքը Կրնաք Խաղալ Առանց Թուրքիոյ» Կ՛ըսէ Քալըն

June 27, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալըն «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» պատկերասփիւռի կայանի եթերէն խօսած է շրջանային հարցերու մէջ Թուրքիոյ դերին մասին եւ վերլուծած շրջանային օրակարգը:

Խօսելով Լիպիոյ իրավիճակի մասին` Քալըն յայտարարած է, որ զօր.Խալիաֆա Հաֆթարն ու անոր կողմնակիցները իրենց գործողութիւններով կը վտանգեն թէ՛ Լիպիոյ, թէ՛ ամբողջ Հիւսիսային Ափրիկէի, թէ՛ Միջերկրական ծովու եւ թէ՛ Եւրոպայի անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ կը հարուածեն ՕԹԱՆ-ի շահերը:

«Մեզի համար իրօք դժուար է հասկնալ, թէ ի՛նչ կ՛ընէ Ֆրանսան: Ռուսիոյ, Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Ֆրանսայի աջակցութիւնը վայելող Հաֆթարը քաոս կը յառաջացնէ եւ շատ վտանգաւոր խաղ կը խաղայ», ըսած է Քալըն:

Էրտողանի բանբերը նշած է, որ Թուրքիոյ նախագահը «ջանք չէ խնայած» Լիպիոյ մէջ զինադադարի հաստատման համար:

«Մենք անընդհատ մեր գործընկերներուն, եւրոպական երկիրներուն, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներուն կ՛ըսենք, որ կողմ ենք հարցի քաղաքական լուծման, սակայն ատոր համար առարկայական պայմաններ պէտք է ստեղծուին: Ատիկա պէտք չէ օգտագործուի Հաֆթարի կողմէ` իբրեւ մարտավարական խուսանաւման միջոց:

«Մենք պէտք է քայլեր առնենք օգնելու Լիպիոյ մէջ մօտ օրէն խաղաղութեան հասնելու: Ռուսիան այսօր կ՛աջակցի Հաֆթարին, մենք բացայայտ կերպով յայտարարած ենք, որ համաձայն չենք ռուսերուն հետ: Հաֆթարին ժամանակին կ՛աջակցէին նաեւ Միացեալ Նահանգները, սակայն Ռուսիոյ հետ մերձեցումէն ետք Միացեալ Նահանգներ ետ քաշուեցան: Ամերիկեան կողմը արդէն կը խուսափի որոշիչ դերէ: Մենք պիտի շարունակենք շրջանային բոլոր հարցերուն մէջ մեր հաղորդակցութիւնները թէ՛ Միացեալ Նահանգներու, թէ՛ Ռուսիոյ հետ: Առհասարակ տարածաշրջանին մէջ` ո՛չ Սուրիոյ մէջ, ո՛չ Միջերկրական ծովու արեւելեան մասին մէջ չէք կրնար խաղ խաղալ առանց Թուրքիոյ: Մենք կրնանք ոեւէ ծրագիր դատապարտել մերժման», ըսած է Թուրքիոյ նախագահի բանբերը:

 

Նախորդը

Մեծ Պայթում` Թեհրանի Արեւելքը Գտնուող Կազի Պահեստանոցի Մը Մէջ

Յաջորդը

«Եգիպտոս Իրաւունք Ունի Ինքզինք Պաշտպանելու» Կ՛ըսէ Ափրիկեան Միութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Իրանն Ու Օմանը Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Ժամանակաւոր Նաւարկման Ուղիի Շուրջ Փոխըմբռնում Գոյացուցին»

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ,  Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Կ՛ուզէ Համաձայնութեան Հասնիլ, Սակայն Չի Գիտեր Ատիկա Ինչպէս Ընել»

October 14, 2026
Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր  Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն
Միջազգային

Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.