. ԱՂԲԻՒՐ մը «Ասաս Միտիա»-ին. «Աշխուժ աշխատանք կը տարուի պատրաստելու ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի աւարտէն ետք վարչապետ Նաուաֆ Սալամի Անգարա պաշտօնական այցելութիւնը»:
. ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ասաս»-ին յայտնած է, որ Էրտողան Թրամփի պիտի ներկայացնէ Լիբանանի վերաբերեալ թրքական ամբողջական պատկերացում մը, որ հիմնուած է երկու հիմնական սիւներու վրայ. առաջինը` Հըզպալլայի զէնքի հարցին Թաէֆի համաձայնագիրի ծիրին մէջ արմատական ու վերջնական լուծումի որոնումն է, իսկ երկրորդը` Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Փաքիստանը, Եգիպտոսն ու Մալեզիան զէնքի թղթածրարը լուծելու եւ զայն Լիբանանի պետութեան հաստատութիւններուն մէջ համարկելու համար կ՛առաջարկեն շրջանային երաշխիքներ, որոնց դիմաց ալ Թրամփ կը ներկայացնէ ամերիկեան խիստ երաշխիք, որ Իսրայէլին պիտի ստիպէ հարաւային Լիբանանէն, ներառեալ դեղին գիծէն Իսրայէլի ամբողջական ու վերջնական կերպով հեռանալ, ինչպէս նաեւ կ՛երաշխաւորէ, որ իսրայէլեան ուժերը ապահովական դասաւորումներու պատրուակով երկար ժամանակ լիբանանեան հողերու մէջ պիտի չմնան:
. «ԱՍԱՍ». «Թրքական դիւանագիտութիւնը կ’առաջնորդուի աշխարհաքաղաքական այն գիտակցութեամբ, որ հարաւային Լիբանանի եւ Սուրիոյ որոշ շրջաններու Իսրայէլի կողմէ շարունակուող բռնագրաւումը կը դիտարկէ իբրեւ իր հարաւային թեւին համար ուղղակի եւ շրջապատող սպառնալիք: Հետեւաբար, Անգարան կը ձգտի խրախուսել երեք մայրաքաղաքներ` Անգարան, Դամասկոսն ու Պէյրութը իրարու կապող «ռազմավարական առանցք»-ի ստեղծումը, որպէսզի քաղաքական եւ դիւանագիտական պատնէշ ըլլայ Իսրայէլի ծաւալապաշտական նկրտումներուն դէմ:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Լիբանանի եւ Իսրայէլի յայտնեց, որ կը պատրաստէ աշխատանքային ժողով մը, որ 15 եւ 16 յուլիսին Հռոմի մէջ պիտի գումարուի` քննարկելու համար երկու կողմերուն անցեալ ամսուան վերջաւորութեան Ուաշինկթընի մէջ ստորագրած շրջագծային համաձայնութեան գործադրութեան մեքանիզմը»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին. «Կը մերժենք բանակցութիւններու 6-րդ փուլի Հռոմի մէջ գումարումը: «Իսրայէլ կը ջանայ Լիբանանի հետ ամերիկեան նուազագոյն աստիճանի ներկայութեամբ երկկողմանի ձեւաչափ ստեղծել»:
«Իսրայէլ բանակցութիւնները Հռոմ տեղափոխելու գաղափարը որդեգրեց ամերիկեան ճնշումէն ազատելու համար», ըսած է դիւանագիտական աղբիւրը:
. «ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ.» հաղորդեց, որ Լիբանան ընդունած է Հռոմի բանակցութիւններուն ներկայանալ, երբ փարատած են իր մտավախութիւնները, եւ ամերիկեան կողմը երաշխաւորած էր իր ներկայութիւնն ու բանակցութիւններուն հովանաւորութիւնը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անիկա միայն Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ պիտի չըլլայ, այլ ամերիկեան հովանաւորութեամբ եռակողմ:
ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Լիբանան Հռոմի բանակցութիւններուն մասնակցելու համար պայման կը դնէ, որ Իսրայէլ հեռանայ փորձառական երկու շրջաններէ:
. «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Լիբանան շրջագծային համաձայնութենէն բխած զօր. Պրատ Քուփըրի նախագահութեամբ «Էմ.Սի.Ճի.4Էլ.» եռակողմ յանձնախումբի աշխատանքի մեկնարկին կը սպասէ»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Ասաս Միտիա»-ին. «Իսրայէլ 13 օր շարունակ յարգեց համաձայնութեան բովանդակութիւնը, մասնաւորապէս 14 կէտերէն 8-ը, որոնք զինք ազատ կը կացուցեն զինադադարի եւ թշնամական արարքներուն դադրեցման բոլոր սահմանափակող պայմաններէն»:


