Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 10, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Բանակցութիւններու 7-րդ փուլի աւարտէն ի վեր նախագահ Աուն կը ձգտի հետագայ հաղորդակցութիւններ ունենալ մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու հետ, որպէսզի հետամուտ ըլլան զինադադարի ամրապնդման ջանքերուն եւ Իսրայէլի վրայ ճնշում գործադրեն` փորձնական հեռացման երկրորդ փուլին նախապատրաստուելու համար»:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Շրջանառուող լուրերուն հակառակ, լիբանանեան կողմը մտադիր չէ պոյքոթի ենթարկել բանակցութիւնները եւ այս հոլովոյթը մինչեւ վերջ շարունակելուն վրայ կը պնդէ, որովհետեւ անոր այլընտրանքը Լիբանանին ու անոր ժողովուրդին համար աղէտալի պիտի ըլլայ, եւ լիբանանեան կողմը կառչած կը մնայ իր դիրքորոշումներուն ու պահանջներուն»:

ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Բանակցութիւններու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ քաղաքական խօսակցութիւն, թէ ամերիկեան վարչակազմը ինքզինք անկարող կը գտնէ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, ինչ որ զայն մղած է լիբանանեան իշխանութեան յայտնելու, թէ աւելի լաւ է զինադադարի երկարաձգման որոշումի ճամբով որեւէ մագլցում կանխարգիլելու շուրջ փոխըմբռնում գոյացնելու»:

ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլի լիբանանցի հրեաներու հարցի թղթածրարը սեղանի վրայ դնելը բանակցութեան ծիրը ընդլայնելու եւ հիմնական խնդիրներու կարգաւորումը յետաձգելու փորձ մըն է, ինչ որ ամերիկեան վարչակազմին կողմէ վճռական միջամտութեան մը ակնկալութիւնը կը ստեղծէ»:

ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նախնական ցուցակներու փոխանակում տեղի ունեցաւ, որովհետեւ լիբանանեան կողմը ներկայացուց կալանաւորուածներու եւ անհետ կորսուածներու տուեալներ, իսկ իսրայէլեան կողմը ներկայացուց 1980-ական թուականներէն անհետ կորսուած կամ սպաննուած հրեաներու անուանացանկ մը` պահանջելով անոնց աճիւնները ստանձնել»:

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան պատուիրակութիւնը բանակցութիւններու ընթացքին քննարկեց կալանաւորուածներու թղթածրարը: Պէյրութ մինչեւ հիմա վերջնական ու պաշտօնական անուանացանկ մը չունի եւ շարք մը պարագաներ անհետ կորսուածներ կը նկատէ»:

ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլ կը փորձէ վերահաստատել ճակատումի կանոնները` փորձելով կանխարգիլել բնակիչներու վերադարձը Դեղին գիծին յարակից գիւղեր` քաղաքայիններու անուան տակ Հըզպալլայի ներթափանցումը պատրուակելով, նկատի ունենալով, որ լիբանանեան բանակը այդ կանոնները մէկէ աւելի կէտի վրայ խախտեց»:

ՊԱԱՊՏԱՅԻ պալատի եւ Հարեթ Հրէյքի աղբիւրները «Տիար» օրաթերթին. «Անոնց միջեւ անուղղակի երկխօսութիւնը բացառուած չէ, եւ լուծումի հասնիլը կարիքը ունի նուրբ երկխօսութեան ու համապարփակ փոխըմբռնման»:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ջանք կը թափէ նախագահ Աունի եւ Հըզպալլայի միջեւ գոյացնելու կարգաւորում մը, որուն մէջ ոչ մէկ կողմ պարտուած կը զգայ: Կը թուի, թէ ան միակ միջնորդն է, որ կրնայ անոնց հետ նստիլ, եւ անոր յաջողութիւնը կախեալ է գտնելէն ձեւաչափ մը, որ զէնքի եւ բանակցութեան թղթածրարները ժամանակաւորապէս իրարմէ կ՛անջատէ»:

«ՊԻՆԱ» օրաթերթ. «Խումբ մը լրագրողներ խորհրդականի մը կողմէ պարտականութիւն ստացան Հռոմի բանակցութիւններուն դրական պատկերը ներկայացնելու, կարելի եղածին չափ ջատագովելու անոնց արդիւնաւէտութիւնը եւ շօշափելի շահերու ապահովման ձախողութեան պարագային պատրուակելու, թէ բանակցութիւնները ժամանակի կը կարօտին»:

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ  աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Շէյխ Քասեմին արտասանած խօսքին նպատակը այնքան բանակցութիւնները տապալելը չէ, որքան նախքան յառաջիկայ որեւէ կարգաւորման մէջ քննարկումը զէնքի յանձնումէն «կուսակցութեան հետ երկխօսութեան» տեղափոխելու ճամբով Հըզպալլայի դիրքը բարելաւելը»:

«ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան մէջ նախարարաց խորհուրդի հաստատած նշանակումներու գործադրութիւնը կը յետաձգուի մինչեւ համապատասխան նախարար Ռիմա Քարամէի կողմէ ստորագրուիլը»:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ կողմեր «Լիուա» օրաթերթին. «Քանի տակաւին պայմաններն ու պահանջները չեն բաւարարուած, եւ պայմանները շրջանին մէջ պատերազմներու եւ հակամարտութիւններու իրողութիւններով կ՛որոշուին, Սուրիոյ ղեկավարութիւնը պիտի չարձագանգէ շուտով հանդիպում ունենալու Հըզպալլայի խնդրանքին»:

 

Նախորդը

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ – Անդրանիկ` 2-0

Յաջորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց Պասպուսն ու Սալեմը

RelatedPosts

Ընկերային Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերը  Առանցքը Կազմեցին  Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հանդիպումներուն
Լիբանանեան

Ընկերային Եւ Ապրուստի Հրատապ Հարցերը Առանցքը Կազմեցին Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Հանդիպումներուն

September 25, 2026
ՄԱԿ-ի Ժողովին Զուգահեռ Վարչապետ  Սալամ Անջատ Հանդիպումներ Ունեցաւ  Տարբեր Ղեկավարներու Հետ
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ժողովին Զուգահեռ Վարչապետ Սալամ Անջատ Հանդիպումներ Ունեցաւ Տարբեր Ղեկավարներու Հետ

September 25, 2026
Ֆատլալլա. «Ի Վերջոյ Իսրայէլ  Պիտի Հեռանայ Մեր Հողերէն»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Ի Վերջոյ Իսրայէլ Պիտի Հեռանայ Մեր Հողերէն»

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.