. ԵՒՐՈՊԱՑԻ բարձրաստիճան դիւանագէտ մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւնները ընդհանուր առմամբ Լիբանանի կողքին կը կանգնին Իսրայէլի հետ շրջագծային բանաձեւի ստորագրումով անոր որդեգրած ուղիին մէջ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Ուաշինկթըն Լիբանանին յայտնեց, որ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու մտադրութիւն չունի, եւ պահանջուածը այն է, որ ոչ միայն Հարաւի մէջ, այլեւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին Հըզպալլայի զինաթափման ձեռնարկման մէջ յստակ քայլեր կատարուին, որպէսզի Իսրայէլ հանգստանայ»:
. ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատէն աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Հռոմի բանակցութիւններուն մէջ կարեւորագոյն յառաջընթացը կը վերաբերէր ստուգման յանձնախումբին եւ երրորդ կողմին` այս հարցին վերաբերեալ միջազգային առաջարկներու քննութեան սկսելու նպատակով»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հռոմի ժողովներու առաջին օրը սկսաւ կեդրոնանալով թեքնիք մանրամասնութիւններու եւ բնորդային շրջաններու յատուկ գործադրութեան մեքանիզմներու մանրամասնութիւններուն վրայ»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԻ եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններուն ծանօթ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը Հռոմի ժողովի առաջին օրը իր բացման խօսքը սկսած է Իսրայէլի շարունակական յարձակումները դադրեցնելու անհրաժեշտութեան շեշտադրումով` ընդգծելով, որ Լիբանանի հիմնական պահանջն է Իսրայէլին ստիպել պահպանել զինադադարը եւ դադրեցնել շարունակական աւերումները, գետնի հաւասարեցումները եւ խախտումները, ինչի նկատմամբ ամերիկացի միջնորդը յստակ հասկացողութիւն ցուցաբերած է` սպասելով իսրայէլեան դիրքորոշման»:
. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.» պատկերասփիւռի կայանին տեղեկութիւններուն համաձայն, լիբանանեան պատուիրակութիւնը պահանջած է, որ փորձնական յաջորդ շրջանը Պընթ Ժպէյլը կամ Խիամը ըլլայ:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Շարք Պլումպըրկ»-ին. «Լիբանան Հռոմի բանակցութիւններուն ընթացքին պահանջեց, որ փորձնական յաջորդ շրջանը Պընթ Ժպէյլը կամ Խիամը ըլլայ»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԻ եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններուն ծանօթ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Լիբանանեան պատուիրակութիւնը ժողովի ընթացքին առաջարկեց, որ Պընթ Ժպէյլ եւ Խիամ քաղաքները ըլլան բնորդական նոր շրջաններ` նկատի ունենալով անոնց ունեցած ազգային խորհրդանշական իմաստը, աշխարհագրական դիրքը եւ տեղահանուած բնակչութեան մեծ թիւը»:
Աղբիւրները աւելցուցած են, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը նաեւ ունի «այլընտրանքային ծրագիր», որ կը ներառէ այլ տարածքներու առաջարկներ, եթէ այս առաջարկը մերժուի, պայմանով, որ բոլոր առաջարկուող տարածքները գտնուին տակաւին իսրայէլեան բռնագրաւումի տակ գտնուող «դեղին գօտիի» սահմաններուն մէջ:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Ասաս»-ին. «Հակառակ ներկայ կարելիութիւններուն, բանակը կարողութիւնը ունի տեղակայուելու որեւէ շրջանի մէջ եւ դիրքի վրայ, սակայն բացարձակապէս չ՛ընդունիր մուտք գործել շրջան մը, ուր իսրայէլացին պիտի «վերահսկէ» բանակին աշխատանքը, նաեւ չ՛ընդունիր ստուգման յանձնախումբ մը, որուն իսրայէլացին մաս կը կազմէ»:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ լրատուամիջոցներ. «Երրորդ երկիր մը պիտի ստուգէ, թէ փորձնական շրջաններուն մէջ Հըզպալլայի ներկայութիւն կա՞յ, թէ՞ ոչ»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԻ եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններուն ծանօթ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթեթին. «Հռոմի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկման առաջին փուլը նուիրուած է Զաութար Ղարպիէի մէջ առաջին փորձնական գօտիի փորձի գնահատման եւ փորձնական գօտիներու ընդլայնման թեքնիք մեքանիզմներու ուսումնասիրութեան, ներառեալ իսրայէլեան զօրքերու դուրսբերման եւ լիբանանեան բանակի տեղակայման իրականացման ստուգման պատասխանատու երրորդ կողմի ճշդման»` նշելով, որ այդ կողմը Միացեալ Նահանգները պիտի չըլլան:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայան. «Իսրայէլ փորձնական շրջաններու մեքանիզմին մէջ ֆրանսական որեւէ դերակատարութեան դէմ է»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ շրջանակներ «Մուտուն»-ին կը յայտնեն, թէ ստուգման աշխատանքին մէջ ֆրանսական եւ սպանական մասնակցութիւնը մերժելուն կողքին, Թել Աւիւ նաեւ քաղաքական վերապահութիւն կը յայտնէ Իտալիոյ մասնակցութեան նկատմամբ, եւ ատոր գլխաւոր պատճառը Իտալիոյ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար, ծայրայեղական Իթամար Պեն Ղաֆիրի դէմ իտալացի քաղաքացիներ չարչարելու եւ ապօրինի կերպով կալանաւորելու յանցագործութիւններու կասկածանքով հետաքննութեան ձեռնարկելն է:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակ. «Հարաւային Լիբանանի Սըրպին շրջանին մէջ Հըզպալլայի տասնեակներով մեթրերու վրայ երկարող փապուղիներ քանդեցինք»:
. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Փապուղիները իսրայէլեան ականահարումներուն չնչին մէկ մասն են, անոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ամբողջ թաղամասերու, տուներու եւ ենթակառոյցներու ականահարումներ են»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութեան մը շրջանակները «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլը շրջագծային համաձայնութեան կռնակ դարձուց, ճիշդ ինչպէս Թրամփը կռնակ դարձուց նախկին փոխըմբռնման յուշագիրին, այդպիսով ամէն ինչի ճակատագիրը ձգելով կախուած կա՛մ Իսրայէլի Քնեսեթի դռներուն մօտ, կա՛մ ալ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի միջանցքներուն մէջ»:
. ՊԵՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան պետութիւնը փորձեց դիւանագիտական եւ ապահովական հաղորդակցութիւններու շարքի մը ճամբով զսպել հարաւային Լիբանանի մէջ լարուածութիւնը, սակայն մէկ կողմէն Հըզպալլայի գործակցութեան բացակայութիւնը եւ միւս կողմէ Իսրայէլի ամէն սպառնալիք հարուածելու պնդումը իրավիճակը կը դնեն մագլցումի հաւանականութեան առջեւ»:
. ԴԱՇՏԱՅԻՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Մագլցումը ցոյց կու տայ յստակ փորձ մը Մաժտալ Զունի դէպքը կապելու հարաւային Լիբանանի մէջ դաշտային իրավիճակին, եւ զայն օգտագործելու յարձակումներու ծիրի ընդլայնումը արդարացնելու կամ նոր զգուշացումներ յղելու ու լիբանանեան բանակի տեղակայման ընդդիմանալու»:
. ՊԵՏԱԿԱՆ պատասխանատու աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանան ամբողջական կերպով կը յարգէ շրջագծային բանաձեւը եւ գոյացած համաձայնութիւնը, եւ որոշած է դիւանագիտական այս ճակատումին մէջ յառաջ ընթանալ մինչեւ իրագործումը իր ճշդած նպատակին` իսրայէլեան բանակի ամբողջական հեռացումին»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ասաս Միտիա»-ին. «Պաապտայի պալատն ու անոր դռները բոլորին դիմաց բաց են, եւ նախապէս համաձայն գտնուեցաւ երկխօսութեան ուղիներ բանալու Հըզպալլայի հետ, որ ետդարձ կատարեց եւ երկխօսութենէն հեռացաւ»:
. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի դիւանը ժողովի հրաւիրեց ուրբաթ կէսօրէ առաջ:
. ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ յարաբերութիւններու մասնագէտներ «Տիար» օրաթերթին. «Հըզպալլան չափազանց լուրջ ու զգուշաւոր վերաբերմունք կը ցուցաբերէ Շարհի ուժերուն Պեքայի շրջան մուտք գործելու Թրամփի սպառնալիքներուն նկատմամբ` նոր իշխանութեան հետ կամուրջներու հաստատումն ու երկխօսութիւնը անոնց նկատմամբ թշնամանքի յայտարարումէն աւելի իմաստուն նկատելով»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին յայտնած են, որ գոյութիւն ունին տեղեկութիւններ անցեալ երկու շաբաթներու ընթացքին մեծաթիւ սուրիացի երիտասարդներու Լիբանան ներթափանցման մասին, ինչ որ ապահովական հարցականներ կը ստեղծէ: Գոյութիւն ունի այն հաւանականութիւնը, թէ այդ քայլը տնտեսական դրդապատճառներէ անդին է եւ կապ ունի գործողութիւններու նախապատրաստութեան հետ:
. ԱՐԴԱՐԱԴԱՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Մեղադրական եզրակացութեան հրապարակման ուշացումին պատճառը այն է, որ Պիթարը կը սպասէ արտաքին կողմերէ ստացած օտարերկրեայ վկաներուն, որոնց շարքին «Ռուսոս» նաւու նաւապետի լսումը դիւրացնելու խոստումներու գործադրութեան»:
. ԸՍՏ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ի տեղեկութեան, կառավարութիւնը կը պատրաստուի «շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան տուրք» անուան տակ պենզինի եւ վառելանիւթերուն վրայ 70 հազար լ.ո.-ի նոր տուրքի հաստատման:


