Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 31, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթ. «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները դռնփակ նիստի ընթացքին մերժած են Իսրայէլի փորձերը` խաթարելու կամ չեղեալ նկատելու թիւ 1701 որոշումը` Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան լրացուցիչ, թէեւ կարճատեւ, երկարաձգման վերաբերեալ Լիբանանի պահանջներու եւ Միացեալ Նահանգներու, Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ եռակողմ շրջագիծի «ՄԱԿ-եան աջակցող դեր»-ի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի յստակ փափաքի լոյսին տակ»:

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ». «Առնուան 9 պետութիւններ պատրաստակամութիւն յայտնեցին հարաւային Լիբանան խաղաղապահ ուժեր ուղարկելու` Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին Լիբանանի մէջ միջազգային ներկայութեան ապագային վերաբերեալ քննարկման ծիրին մէջ»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին. «Իսրայէլ Ալի Թահեր բլուրի մերձակայ շրջանէն հեռանալու մտադիր չէ»:

. «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Իսրայէլացի թշնամիի Ալի Թահեր բլուր ներխուժելու պատրաստութեան վերաբերեալ շրջանառուող տեղեկութիւններու լոյսին տակ, յառաջիկայ 48 ժամերը վճռորոշ պիտի ըլլան»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ լրատուամիջոցներ. «Նեթանիահու Լիբանանի նկատմամբ զգուշութեամբ կը վարուի` Միացեալ Նահանգներու նախագահը բարկացնելէ խուսափելու համար»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մաարիւ» օրաթերթին. «Իսրայէլեան բանակը ներկայիս Լիբանանի եւ Կազայի մէջ տեղակայուած իր ուժերուն մէկ մասը Այսրյորդանան տեղափոխելու հարցը կը սերտէ»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Ամերիկեան կողմը տակաւին թուականը պաշտօնապէս չճշդեց, եւ հրաւիրուած պատուիրակութիւնները մասնակցութեան հրաւէր չստացան: Ասիկա բանակցութիւններուն մասնակցող կողմերու միջեւ կարծիքներու աճող տարակարծութիւններու եւ չլուծուած հարցերու շուրջ որեւէ յառաջընթաց արձանագրելու անկարողութեան մասին կը վկայէ»:

.ԴԻՒԱՆԱԳԷՏ մը, մէջբերելով ամերիկացի պաշտօնատար մը, «Ժումհուրիա» օրաթերթին ըսաւ. «Շրջագծային բանաձեւը, որուն գոյացման հովանաւորը Թրամփի վարչակազմն էր, ամբողջութեամբ պիտի գործադրուի. այլ խօսքով` այս համաձայնագիրը յառաջիկայ ժամանակաշրջանին պիտի կարգաւորէ Լիթանիէն հարաւ շրջանի կացութիւնը»:

. «ԱՍԱՍ». «Լիբանանեան կողմին դիւանագիտական խողովակներով հասաւ իսրայէլեան նամակ մը, որ կը պարունակէր բանակի եւ անոր հրամանատարի գործունէութեան վերաբերեալ բողոք` հիմնուելով այն բանի վրայ, ինչ որ Իսրայէլ կը նկատէ իր տրամադրած տուեալներուն հիման վրայ գործելու ձախողում եւ առաքելութիւնը իր պահանջած մեքանիզմին համաձայն չկատարել»:

. ՀՌՈՄԻ բանակցութիւններուն մասնակից մը «Ասաս»-ին. «Մինչ Լիբանան կը ցուցաբերէ զինուորական կամ դիւանագիտական ճկունութիւն, Իսրայէլ սկզբունքօրէն դէմ է թէ՛ փորձնական շրջաններուն, թէ՛ բանակցութիւններուն: Անոր նպատակը, սկիզբը լիբանանեան բանակի գործունէութիւնը քննադատելէ ետք, ուշադրութիւնը Պեքայի մէջ փապուղիներու եւ Հըզպալլայի զինուորական ենթակառոյցներու գոյութեան վրայ կեդրոնացնելն է»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Ասաս»-ին. «Իսրայէլ կտրականապէս կը մերժէ փորձնական շրջաններու առաջարկուող որեւէ բանաձեւ, Լիբանանի դիմաց շատ խիստ պայմաններ կը դնէ ստուգման մեքանիզմին վերաբերեալ եւ կը մերժէ ՖԻՆԻՒԼ-ին փոխարինելու համար եւրոպական ուժերու ներկայութիւնը»:

. «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Լիբանան տակաւին իր յոյսը կը կապէ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման բանաձեւ գտնելու համար եւրոպական-միջազգային համաձայնութեան գոյացման վրայ, մանաւանդ որ գոյութիւն ունին շարք մը պետութիւններ, որոնք այդ ուղիին կը զօրակցին»:

. «ԼԻՈՒԱ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Իսրայէլ կը խոչընդոտէ ՖԻՆԻՒԼ-ը փոխարինող այլընտրանքային ուժերու վերաբերեալ որեւէ համաձայնագիրի կնքման եւ կը ձգտի իր ու լիբանանեան բանակին միջեւ գետնի վրայ անմիջական համակարգման, ինչ որ Լիբանանը մերժած է»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Մէկէ աւելի պաշտօնատարներ նախագահ Աունի յայտնեցին, որ Նեթանիահուի կառավարութիւնը չի պատրաստուիր գործակցելու եւ Լիբանանին որեւէ զիջում կատարելու: Վերջերս անոր հետ հանդիպում ունեցած պաշտօնատարներէն ոմանք անոր տեղեկացուցին, որ անհրաժեշտ է քայլեր կատարել ճնշում բանեցնելու ամերիկեան կառավարութեան ու անոր ճամբով Իսրայէլի վրայ` բանակցութիւններու հոլովոյթը չսառեցնելու համար»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Հըզպալլայի կողմէ ժխտականութեան շարունակումն ու պետութեան հետ չգործակցիլը կը նախանշեն Իսրայէլի կողմէ աստիճանական մագլցում մը, որ կրնայ չսահմանափակուիլ Ալի Թահերով, այլ կրնայ տարածուիլ դէպի Ժապալ Ռէյհան եւ Սըժոտ»:

.«ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տուեալներուն համաձայն, «Նեթանիահուն կրնայ Սուրիոյ մէջ լարուածութեան թուլացումը Լիբանանի մէջ ճնշումով փոխանակելու մօտեցումը որդեգրել, մասնաւորաբար Ալի Թահերի բարձունքներուն դէմ գործողութիւն սկսելու կամ Լիբանանի տարածքներու աստիճանական գրաւումը շարունակելու միջոցով»:

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «լիբանանեան բանակին ուղղուած ամերիկեան պատգամի մը վերաբերեալ խօսակցութիւնները հնարածին են, իրականութեան հետ կապ չունին եւ զինուորական հաստատութիւնը հարուածելու ու անոր աշխատանքը կասկածի տակ առնելու շարունակուող փորձերու ծիրին մէջ են»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «նախագահ Աունի ղեկավարած ջանքերը` համակարգուած խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի հետ, որ իր կարգին միջամտեց Ալի Թահերի գործին` Հըզպալլան համոզելու նահանջելու բլուրէն եւ զայն յանձնելու լիբանանեան բանակին, մինչեւ օրս որեւէ արդիւնք չեն տուած»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Պըրրի ըսաւ, թէ Աունէն ու լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Հայքալէն լսած է յստակ խօսք մը, թէ բանակը պատրաստ չէ ընկրկելու որեւէ ճնշումի դիմաց, եւ Հըզպալլայի հետ ճակատումը ոչ ոքի միտքէն կ՛անցնի»:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քասեմ Հաշեմ «Տիար» օրաթերթին. «Մինչեւ հիմա որդեգրուած բանակցութիւններու ուղին իր արդիւնաւէտութիւնը չփաստեց, եւ բանակցութեան ձեւը սկիզբէն ի վեր վէճի նիւթ էր, որովհետեւ յաճախ կը վերածուի անոր բովանդակութեան հիմնական մասին, մինչ արդիւնքները տակաւին սահմանափակ են»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «լայնածաւալ քննարկումներ տեղի կ՛ունենան խորհրդարանական ընտրութիւնները մէկ տարիով յառաջաձգելու եւ մայիս 2028-ին փոխարէն մայիս 2027-ին արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու վերաբերեալ` տարբեր մակարդակներու վրայ դրական ներքին ցնցում ստեղծելու համար»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տուեալներուն համաձայն, «Ուաշինկթըն Իսրայէլի վրայ ճնշում կը բանեցնէ Սուրիոյ մէջ կամ Թուրքիոյ հետ որեւէ բախումէ խուսափելու համար եւ նախանձախնդիր է Սուրիոյ կայունութեան պահպանման ու նպաստելու այն նախագիծերուն իրականացման, որոնց Ռիատի եւ Անգարայի հետ իրականացման կը ձգտի Դամասկոս»:

 

Նախորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ղեկավար Կազմը Եւ Արտերկրի Մէջ Հայաստանի Դիւանագէտները Այցելեցին «Մարգարա» Անցակէտ

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարք. «Զէնքը Պետութեան Մենաշնորհը Դարձնելու Հարցը Պէտք Չէ Լիբանանցիներուն Միջեւ Ճակատումի Վերածուի»

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.